Հայաստան եւ Ֆրանսա 23 Հոկտեմբերին ստորագրեցին ռազմական ոլորտի մէջ համագործակցութեան համաձայնագիրներ։ Այս համաձայնութեամբ ֆրանսա օդային եւ ցամաքային ռազմական սարքեր պիտի տրամադրէ Հայաստանին։ Պիտի մատակարարէ 3 GM200 ռատարներ եւ Mistral հրթիռներ, ինչպէս նաեւ պիտի օգնէ ուսումնասիրելու եւ հասկնալու` թէ որո՛նք են Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան խոցելի կէտերը։
Այս համաձայնագիրը առաջինն էր, զոր Հայաստան կնքեց ՆԱԹՕ-ի անդամ արեւմտեան երկրի մը հետ։
Պաքու խստօրէն քննադատեց Հայաստան-Ֆրանսա այս գործարքը եւ պնդեց, թէ այդպիսով Փարիզ կը խախտէ տարածաշրջանի ռազմական հաւասարակշռութիւնը։
Ծիծաղելի է Պաքուի ռազմական հաւասարակշռութեան մասին արտասանած խօսքերը, քանի որ աւելի քան երեք տասնամեակներ ինքն է, որ նաւթատոլարներով մեծաքանակ զէնք գնած է եւ խափանած այդ հաւասարակշռութիւնը։ Մինչ այդ յիշենք նաեւ թէ Ռուսիա մերժած է դիմագրաւել Հայաստանի զէնքի պահանջը, պատճառաբանելով թէ ինք պատերազմի դրութեան մէջ է Ուկրանիոյ հետ։