ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԻՄԱՐ
kurtulus@gmail.com
«... Հետզհետէ ծանօթանալով այլ հոգեւորականներու հետ, համոզուեցայ թէ անոնցմէ շատերու հայրախնամ, խղճամիտ ժպիտի ետին թաքնուած է իր լիազօրութիւններէ օգտուելով ծանր յանցանքներ գործելու կարող կամք մը։Տգէտ, խայտառակ, հնազանդող, խափեփայ ու անտաշ ըլլալնուն Տէր Քուեսատա իր արժանապատուութիւնը կը խորտակէր զիրենք սիրաշահելու համար»։
Նախորդ շաբաթ երբ կը շրջէի Էսքիշեհիրի գրախանութներէն մէկուն մէջ, պատահականօրէն նկատեցի սուրիացի գաղթական մը ըլլալով Արկենդինա ծնած եւ ամբողջ Հարաւային Ամերիկայի տարածքին համբաւի տիրացած գրողի մը՝ Յուան Յոսէ Սաէր-ի «Անտէր» անուն գիրքը։
Փոքրածաւալ գիրքը ունի շատ հաղորդական պատմելաոճ, որու շնորհիւ կարելի է կարդալ մէկ շունչով իսկ։ Սակայն խոստովանիմ թէ ընթերցելէ ետք Անտէր-ը կը պարտադրէ կրկին ու կրկին թղթատել եւ որոշ նիւթերը իւրացնել։
Վէպի մուտքին հեղինակը կը բնութագրէ նաւու մը դէպի Հնդկական կղզիներ նաւարկելը։ Անծայրածիր ծովեր անցնելէ ետք սակայն, նաւուն հասած ծովափը բաւականին հեռու է հնդկական կղզիներէ։ Այդ երկար նաւարկութեան ընթացքին նաւաստիները եւ ուղեւորներ կը հարկադրուին կեանքի ու արժանապատուութեան միջեւ ընտրութիւն ընելու։ Վերջապէս պատիւը կը զոհուի կեանքը շարունակելու համար։
Երբ նաւը կը մօտենայ ցամաք, նաւաստիներ ու ճամբորդներ իսկոյն կը շրջափակուին վայրենիներու կողմէ։ Երկարահասակ ու սեւամորթ վայրենիներու խօսած լեզուն օտար է բոլորին համար։ Վայրենիները բացի նաւու սպասարկողէն, կը սպաննեն բոլորը։ Դիերը կը փոխադրուին ծովափէն հեռու անտարածածկ տարածք մը ու կը դիզուին իրարու վրայ։
Բարոյական ոչ մէկ կարգ գոյութիւն ունի իրենց մօտ։ Համատարած երեւոյթ է ընտանիքէ ներս սեռային յարաբերութիւնը։ Տեսածներով մոլորած երիտասարդ սպասարկուն յանկարծակի կը մատնուի նոր փորձութեան մը։ Յատուկ արարողակարգ մը կը տիրէ եւ զինք շալակելով, համաչափ քայլերով կ՛սկսին երկար ճամբորդութեան։ Ժամեր կ՛անցնի եւ յոգնութեան ոչ մէկ նշան...Սպասարկուն թէ վախ ու թողի մատնուած է, եւ թէ զուարճալի է պատկերը։ Անպատասխան հարցումներ կան մտքին մէջ։ «Տասնեակներով մարդ սպաննելէ ետք ինչո՞ւ զիս ողջ պահեցին»։
Ուսամբարձ ճամբորդութեան աւարտին երիտասարդ սպասարկողը փակեցին խրճիթի մը մէջ։ Սկսած է արարողակարգիէ պատրաստութիւնը։ Երկու ճիւղեր իրար շփելով կը ծագի նախ փոքր կրակ մը, որով կը բռնկեցնեն խարոյկները։ Սպանուածներուն դիերը կը դրուին կրակին վրայ։ Նախ կը բարձրանայ անտանելի, քարշելի հոտ մը, որ հետզհետէ մարդկային ճերպի կրակին վրայ հասնելով կը վերածուի ախորժաբեր բուրմունքի։
Վէպի հերոսը զարհուրանքով կը դիտէ իր շուրջ կատարուածները։ Վայրենիներ մեծ ախորժակով կ՛ուտեն մարդկանց խորոուած մարմինները։ Քանի կը յագենան, այնքան կը կատաղին ու մարդկային բարոյական բոլոր սկզբունքները ոտնակոխող յարաբերութիւններ կ՛սկսին իրենց միջեւ։
Ի վերջոյ ան կը յաջողի մակոյկով մը փախչիլ կղզիէն, բայց տառապանքը կը շարունակուի։ Զինք գտած են մարդիկ, որոնք կը խօսին նախապէս իրեն ալ ծանօթ լեզուով, բայց ինք ապրածներուն բերումով մոռացած է իր գիտցած լեզուն ալ։