«Ակօս»ի վաստակաւոր լուսանկարիչ Պերճ Արապեանի հետ որոշեցինք այցելել Հայաստան եւ ուղղակի զրոյցներով լսել արցախահայութեան ներկան եւ ապագայի հանդէպ ընկալումները եւ սպասումները
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Հայոց պատմութեան ցաւալի դէպքերու օրացուցակին, իր տեղը ունեցաւ նաեւ 19 Սեպտեմբեր 2023 թուականը, իբրեւ խորհրդանշան Արցախի հայաթափման։ Այդ օր սկսաւ պատմական աղբիւրներու նշումով աւելի քան 3 հազար տարիներու անցեալ ունեցող հայրենի երկրի Արցախի հատուածի կորուստին տանող տխուր գործընթացը։ Հայաթափումը տեւեց երեք օրեր, որու աւարտին աւելի քան 100 հազար արցախահայեր անցնելով Հակարիի կամուրջէն, ապաստանեցան Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր շրջաններ։
Եղելութիւնը բնականաբար շատ ծանր ցնցում յառաջացուց ամբողջ հայաշխարհի, Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան մօտ։ Արցախի հայաթափումով կոտրուեցան նաեւ բազմաթիւ կարծրատիպեր, որոնք բոյն դրած էին մեր մտածողութեան, հայկական համընդհանուր համոզումներուն առանցքը կազմելով։ Նախորդ դարասկիզբին դառն փորձով տեսանք որ անհիմն է Քրիստոնեայ գերտէրութիւններու խնամքին ապաւինելու յոյսը։ Այս անգամ ալ տեսանք թէ միջպետական յարաբերութիւններու ուղին ու ընթացքը ճշդողը տուեալ պահի շահն է, այդ շահի թելադրանքները, այլ ոչ պատմական դաշինքները կամ խոստումները։
Աւելի քան 100 հազար արցախահայերու Հայաստան ապաստանելէն ետք մեր ընթերցողները յուզող խնդիրներու կարեւորագոյնն էր իմանալ իր բեկորներու հոգեվիճակը եւ ապագայի մասին տեսլականը։ Այդ նաեւ առնչուած էր Հայաստանի անսասանութեան խնդրին հետ։
Այսպէս «Ակօս»ի վաստակաւոր լուսանկարիչ Պերճ Արապեանի հետ որոշեցինք այցելել Հայաստան եւ ուղղակի զրոյցներով լսել արցախահայութեան ներկան եւ ապագայի հանդէպ ընկալումները եւ սպասումները։ Այդ հանգրուանին «Ֆրիտրիխ Էպէրթ» հիմնարկի հետ ապահովեցինք թէ այս աշխատանքի ենթահողը եւ թէ աշխատանքային շաբաթի պահանջած զանազան մանրամասնութիւններ։ Ամենակարեւորը՝ ապահովեց մեր տեսակցութիւններու որոշ մէկ մասը արդէն, որու հիման վրայ տարինք մեր աշխատանքը։
16 Հոկտեմբեր Երկուշաբթի իրիկուն ինքնաթիռը 45 վայրկեանի ուշացումով մը չուեց, պարզապէս Սապիհա Կէօքչէն օդակայանի վազքուղիի ծանրաբեռնուածութեան պատճառաւ։ Երբ դուրս կու գայինք Զուարթնոց օդակայանէն, ելքի պահուն ձեռին «Ակօս» գրած թուղթով մեզ դիմաւորեց ապահովուած յատուկ ինքնաշարժի վարորդը պարոն Սուրէն, որ աշխատանքային բոլոր օրերուն լաւագոյն կերպով ապահովեցին մեր ուղեւորութիւնը։
Ի տարբերութիւն օդային ճամբով կատարած մեր նախորդ ուղեւորութիւններէ, ուշագրաւ էր ճամբորդներու կերպարանքի բազմազանութիւնը։ Նախապէս դէպի Հայաստան թռիչքներու ճամբորդները կ՛ըլլան մեծաւ մասամբ հայաստանցի առեւտրականներ, աւելի փոքր թիւով ալ իսթանպուլահայեր։ Այս անգամ կեդրոնական ասիացիներ, եւրոպացիներ, ռուսեր կամ ուկրաինացիներ բաւական մեծ թիւ կը կազմէին ինքնաթիռի մէջ։ Անշուշտ հաճելի անակնկալ մըն էր նաեւ Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի հետ ճամբորդել, քանի անոնք Մոնթենեկրոյէն տուն կը վերադառնային նուաճելով Եւրոպայի բաժակի պատուաւոր երրորդութեան պրոնզ մետալը։
Նախատեսուած առաջին հանդիպումը կայացաւ մեր Երեւան հասնելէն քէնի մը ժամ յետոյ, Հայաստանի հանրածանօթ հասարակական կազմակերպութիւններէն մէկուն գրասենեակը։
Այստեղ նախ բովանդակալից տեղեկութիւններ ստացանք իրենց ծաւալած գործունութեան մասին։ Պատմեցին թէ հայ- թրքական յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացի մէջ անցեալին ինչպիսի աշխատութիւններ կատարած են, թուրքիացի ՀԿ-ներու հետ գործակցելով։ Այդ աշխատանքները ներկայ թեժ պայմաններու բերմամբ համարեա դադրած են, մտնելով սպասման, անորոշութիւնները ուսումնասիրելու ու պարզելու շրջանի մը։ Բնական էր այս երեւոյթը, քանի որ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըճ, իբրեւ հակադրուած ու անհաղորդ երկու պետութիւններու լիազօրած բանագնացներ, եւս կը բոլորեն սպասման ու անորոշութեան նման շրջան մը։
Պերճ Արապեան այս հանդիպման ընթացքին ապրեցաւ առաջին հիասթափութիւնը, քանի մեր խօսակիցները կը խրտչէին լուսանկարուելէ, թէ որպէս անհատ եւ թէ իրենց ղեկավարած կազմակերպութեան անուններուն յիշատակումէն։ Երկրորդը համեմատաբար հեշտ էր, քանի ես կրնայի առանց անուններ նշելու փոխանցել կատարուածը կամ պատմուածը, բայց Պերճը նման վերապահութեան դիմաց ճարահատ էր իր գործի բերմամբ։ Եթէ խօսակիցներս խուսափին նկարուելէ, ան ինչպէ՞ս պիտի արդարացնէր իր աշխատանքը։
Բարեբախտաբար այդ գրասենեակին մէջ ծանօթացանք Արցախէն եկած երիտասարդ լրագրողի հետ, որ կը յօժարէր նկարուելու, եւ թէ անպատեհութիւն չէր տեսներ իր անունը հրապարակելէ։ «Չեմ գիտեր թէ ի՞նչ դրդումով, գացի քաղաքի գերեզմանոցը։ Այդտեղ տեսայ անհամար փոսեր, թաղման սպասող անշունչ մարմիններ եւ որոշեցի քաղաքէն հեռանալ»։ Այս տողերով նկարագրեց իր ապրումները արցախահայ ազատ լրագրող Մարուտ Վանեան։ Ան աշխատակցած է տարբեր երկիրներու լրատուական միջոցներուն, ականատեսի վկայութիւններով փոխանցած Արցախի իրողութիւնները։ Այժմ չէ կրցած յստակացնել իր կեանքի յաջորդ հանգրուանները։ Հազիւ որոշ ժամանակէ ետք է որ պիտի կարենայ դուրս գալ քաօսային իրավիճակէն եւ ապա ճշդէ իր ուղին։ «Ինչպէս բոլորին, լրագրողներուն ալ հիմնական խնդիրը բնակարանն է։ Մարդիկ նստեր են մեքենայ ու ճամբայ ելեր, հասեր են Հայաստան։ Չեն գիտեր թէ ուր պիտի մնան։ Ես ալ այդ անյայտութիւններով ճամբայ ելայ։ Գրեցի դիմատետրին որ երթալ կ՚ուզեմ։ Մի ընկեր զանգահարեց ու ըսաւ որ մի հոգիանոց տեղ կայ մեքենայի մէջ, այդպէս եկած եմ»։ Այսպէս էր Մարուտ Վանեանի յիշատակումը հասարակական կազմակերպութեան Երեւանի գրասենեակին մէջ։
Յաջորդ օրուայ ուղղութիւնն էր Կորիս, բռնի տեղահանուածներու առաջին հանգրուանը Հայաստանի հողին վրայ։ Առաւօտուայ կանուխ ժամերուն ճամբայ ելանք, շուրջ չորս ժամ տեւողութեամբ ճամբան կտրելու համար։ Այստեղ մեր առաջին կայարանը հանդիսացաւ «Կորիսի մամուլի ակումբ»ը։ Ակումբի տնօրէն տիկին Սուզաննա Շահնազարեան նախ բացատրութիւններ տուաւ 23 տարուայ անցեալ ունեցող ակումբին հիմնական ծառայութեան եւ ապա բռնի տեղահանուած մարդկանց խնդիրներու լուծման համար կատարուած աշխատութիւններուն մասին։ Լսեցինք 1934 թուականէն հրատարակուող «Զանգեզուր» թերթի թուայնացման աշխատանքները։ Աւելի քան 70 հազար էջանոց այդ արխիւը ինքնին հսկայ պաշար մըն է տարածաշրջանի պատմութեան ծանօթանալու առումով։ Թուայնացման գործողութիւնով թերթի մօտ 80 տարիներու հաւաքածոն հասանելի պիտի դառնայ բոլոր հետազօտողներուն կամ պրպտողներուն։
Կորիսի մամուլի ակումբը կը գործէ 12 հոգիներէ բաղկացած աշխատակազմով։ Համացանցի վրայ ունի mediapoint.am կայքէջը, որուն համակարգողն է տիկին Աննա։ Իր ուղեկցութեամբ այցելեցինք մօտակայ «Մինա» հիւրանոցը, ուր ապաստանած են խումբ մը գաղթականներ։ Հոն եւս յայտնուեցաւ լուսանկարուելէ խուսափելու խնդիրը։ Հայաստան հասած ըլլալով հանդերձ մարդիկ կը շարունակէին խրտչիլ Հակարիի անցակէտի ստուգման գործողութենէն։ Հազիւ թէ սկսած էինք խօսելու, յանկարծակի իրարանցում մը գոյացաւ։ Պատճառը պարզուեցաւ շուտով, երեխաներ պիտի երթային նկարչութեան դասընթացի։ 7 կամ 8 երախաներ տեղաւորուեցան երկու ինքնաշարժներու մէջ եւ մեկնեցան դէպի նկարչութեան դասընթացք։ Իմաստալից է այս ջանքը, քանի որ մեր այդ կարճ հանդիպման ընթացքին ծանօթացած էինք եօթնամեայ պատանիի մը հետ, որ Արցախէն դուրս գալու ճանապարհին, երբ ինքնաշարժները խցանումի հետեւանքով կանգ կ՚առնէին, ան վար իջնելով հանդիպած քարին վրայ խնամքով կը գրէր. «Ես հոս ապրած եմ»։
Այն ինչ որ տեսանք հոս, նոյնը նկատեցինք նաեւ մեր յաջորդ հանդիպման վայրերուն։ Յատուկ ուշադրութիւն կ՚ընծայուէր մանուկներու դաստիարակութեան խնդրին։ Դպրոցականներու ուսման անխափան յարատեւութիւնը գլխաւոր նախադրեալներէն մէկը համարուած ու մեծ մասամբ ալ լուծուած էր։ Ինչ ալ ըլլար տիրող զրկանքները, ոչ ոք անօթեւան, անսնունդ չէր մնացած։ Չկար դպրոցազուրկ երեխայ եւ հոգեբոյժներ, մանկավարժներ գործի լծուած էին իրենց մասնագիտութեամբ առկայ խնդիրները յաղթահարելու համար։
Արցախահայ գաղթականներ, իւրաքանչիւրը թէեւ իրեն յատուկ խնդիրներով կը տառապէր, բայց հիմնականին կը բաժնէին երկու հասարակ յայտարար, բնակարանի խնդիր եւ պետութեան կազմակերպեալ խնամքին հանդէպ երախտիք։ Դժուարութիւնները տեսանելի էին ամենուրէք։ Հայրենիքի կորուստը համատարած հոգսերու գլխաւորն էր։ Արցախը հայաթափ եղած էր եւ ետդարձի յոյս մըն ալ գոյութիւն չունէր։ Արցախահայոց հազարումէկ ջանքերով կառուցուած տուները լքուած էին։ Ոմանք տան բանալին գրպանը դնելով հեռացած էր տունէն, ոմանք ալ դուռը բաց թողնելով։ «Գոնէ կղպանքը չկոտրեն, գոնէ տան դուռը չի ջարդեն» ըսողներու հանդիպեցանք մեր զրոյցներու ընթացքին։ «Տան մէջ ինչ որ կար դրան առջեւ կրակի տուի» կը պատմէր մէկը, ես այդ պահուն կը մտաբերէի Հրանդ Տինքի պատմածներէն դրուագ մը, որ կը փոխանցուէր 108 տարուայ անցեալէ մը։ 1915 թիւն է եւ աքսորի կարաւաններէն մէկը եւս կը պատրաստուի իր բնօրրանը լքելով տարագրութեան ցուպը վերցնելու։ Հրանդ պատմած էր ընտանիքի երէցին մինչեւ վերջին պահը մաճը նորոգելու ջանքը։ Երբ որդին կը շտապէր եւ հայրը համոզել կը ջանար ըսելով թէ այդ մաճը հետերնին պիտի չտանին, ուստի անիմաստ է զայն նորոգել, ծերունին կը պատասխանէր հայու յատուկ մտածելակերպով։ «Մենք արտը ցանեցինք, բայց մէկը պիտի գայ զայն հնձելու, թող մաճը կոտրուած չգտնէ»։ Մաճը ի՞նչ է որ, եթէ յիշենք հայու ձեռքով, ձիրքով ու ճակտի քրտինքով կառուցած ու ապա լքելու հարկադրուած քաղաքները...
Վերադարձի ճանապարհի աւարտին արդէն 2 ժամով գերազանցած էինք օրական 12 ժամերու աշխատանքային ծրագիրը։
Յաջորդ որ պիտի այցելէինք Արտաշատ, որ համեմատաբար շատ աւելի կարճ ճամբորդութիւն պիտի պահանջեր, հետեւաբար համաձայնեցանք գոնէ մէկ ժամ աւելի ուշ ճամբայ ելլել։
Անկախ ստանձնած պարտականութենէ, պարտաւոր ենք նաեւ որոշ ժամանակ տրամադրել բարեկամներու այցելութեան։ Հետեւաբար գոյացած իւրաքանչիւր ազատ պահ, առիթ մըն է նաեւ այդ պարտականութիւններն ալ կատարելու համար։
Առաջին երկու օրերուն, Արցախէն բռնի տեղահանուածներու հետ շփումները կայացան հասարակական կազմակերպութիւններու միջնորդութեամբ, երրորդին համար օգնութեան կը հասներ պետական կառոյց մը՝ Արտաշատի համայնքապետարանը։
(Շարունակելի)