Համեմունքներ՝ Տա՚այի ճամբան

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ21)

Շո­­ւէտ եմ, պճլիկ տունս, պզտիկ աթո­­ռիս վրայ նստած կը զրու­­ցեմ Siri-ին հետ եղա­­նակի տե­­սու­­թեան մա­­սին։ Ռաճ­­նին խո­­հանոցն է, հե­­տաքրքրա­­կան աղ­­մուկ մը կայ։

«Ռաճ­­նի՛, ի՞նչ կ՚ընես»։

Ռաճ­­նին ժպի­­տով կը պա­­տաս­­խա­­­նէ. «Փոք­­րիկ շի­­շերս կը դա­­սաւո­­րեմ, հա­­մեմունքնե­­րու շի­­շերս»։

«Մմմմ»

Ըսեմ, որ Ռաճ­­նիին եւ հա­­մեմունքնե­­րուն մի­­ջեւ հրա­­շալի սի­­րոյ պատ­­մութիւն մը կայ եւ յա­­տուկ վա­­րուե­­լակերպ մը։

Յան­­կարծ մտքէս հար­­ցում մը ան­­ցաւ, ու եր­­կինքէն ին­­կա­­­ծի պէս ըսի. «Ռաճ­­նի՛, սումմախ ու­­նի՞ս մը»։

Զգա­­ցի, որ Ռաճ­­նին զար­­մա­­­ցաւ ու նոյն զար­­մանքով ըսաւ. «Այո, ու­­նիմ։ Ին­­չո՞ւ կը հարցնես»։

Երե­­ւակա­­յու­­թիւնս կա­­մաց-կա­­մաց սկսաւ յի­­շողու­­թիւնս պզպզել. «Լաւ, իսկ նա՛նա՛ (անա­­նուխ) եւ քիչ մը կծու պի­­պա՞ռ։»

«Այո, այո, ու­­նիմ Սա­­ղօ։ Ի՞նչ կը մտա­­ծես կոր։»

Երե­­ւակա­­յու­­թիւնս աւե­­լի գրգռո­­ւեցաւ. «Ռա­­ճօ՛, աջաբ լե­­մուն տու­­զու (լի­­մոնաղ) ալ ու­­նի՞ս։»

«Ու­­նիմ ,Սա­­ղօ, ու­­նիմ։ Գա­­րամ մա­­սալա ալ ու­­նիմ, քա­­րի ալ ու­­նիմ ու քըզ­­պա­­­րա...»

Սա­­կայն ես իրա­­կանու­­թեան մէջ լե­­մուն տու­­զույէն վերջ բան մը չլսե­­ցի։ Երե­­ւակա­­յու­­թիւնս ար­­դէն ու­­շա­­­ցած երե­­խայի մը նման քու­­նէն արթնցաւ ու վա­­զելով հա­­սաւ Հա­­լէպ, երբ հին­­գե­­­րորդ դա­­սարան էի ու ծա­­նօթա­­ցած էի տա՚այի գիւ­­տին։

Հա­­լէպ եմ, ժա­­մը վեցն է, մա­­ման, պա­­պան տու­­նը չեն, Յա­­րու­­թը եւ Սու­­զին զբա­­ղած են։

Պզտիկ փլաս­­թի­­­քէ աթո­­ռը պալ­­քո­­­նէն կա­­մաց-կա­­մաց կը քա­­շեմ դէ­­պի մա­­մային սի­­րած բարձր պա­­հարա­­նը։ Աթո­­ռը կը դնեմ, կը բարձրա­­նամ, պա­­հարա­­նին դու­­ռը կը բա­­նամ, ու դէմ­­քիս կը փչէ հա­­մեմունքնե­­րու բուրմունքը։

«Ասի նա՛նան է, աս ալ քիչ մը կծու կար­­միր պի­­պառը, հոս ալ լե­­մուն տու­­զուն է, աս ալ գի­­տեմ։ Դէ՛ աղն ալ մա­­ման ար­­դէն ասոնց հետ չի դներ, յստակ է՝ ուր է։ Աս սումմախ կո­­չուա­­ծը տես­­նես ո՞ւր է։ Հա­­մը գի­­տեմ, բայց ոչ՝ գոյ­­նը, ոչ՝ ձե­­ւը։ Հինգ վայրկեան մը պճլիկ մատս մտցնե­­լով զա­­նազան տու­­փե­­­րու մէջ, վերջ ի վեր­­ջոյ հա­­սայ սումմա­­խին։ Աչ­­քերս կը փայ­­լին ու ժպիտս ար­­դէն յստակ է։ Պա­­հարա­­նը կը գո­­ցեմ ու կը սկսիմ տա՚ան պատ­­րաստել։ Բծախնդիր խո­­հարա­­րի մը նման ամէն ին­­չը, ըստ տղոց առա­­ջար­­կի, կը հա­­ւաքեմ, կը խառ­­նեմ, թա­­փան­­ցիկ նոր փլաս­­թի­­­քէ տոպ­­րակ մը կ՚առ­­նեմ, մէ­­ջը կը լեց­­նեմ, կը կա­­պեմ տոպ­­րա­­­կը չքա­­կուե­­լու աս­­տի­­­ճան ու սու­­սիկ փու­­սիկ կ՚եր­­թամ սե­­նեակս, պա­­յու­­սակս կը բա­­նամ։

«Ո՞ւր պա­­հեմ, որ մէ­­կը չտես­­նէ։ Երե­­ւի գրչա­­տու­­փին մէջ»։

Ու իս­­կա­­­պէս ու­­շա­­­դիր կը տե­­ղադ­­րեմ, ու ամէն ինչ պատ­­րաստ է։

Երե­­ւակա­­յու­­թիւնս էջը կը դարձնէ դէ­­պի յա­­ջորդ օր։ Առա­­ջին զբօ­­սանքն է, հինգ ըն­­կերնե­­րով դա­­սի ժա­­մանակ ար­­դէն հա­­մաձայ­­ներ ենք, որ զբօ­­սան­­քին կը հա­­ւաքո­­ւինք կոր տղոց թո­­ւալէ­­թին քով։ Հա, ըսեմ, որ Մխի­­թարեան դպրոցն է, Աշ­­րա­­­ֆիէի շրջա­­նին մէջ, օրի­­նակե­­լի մեծ բակն է, տղոց թո­­ւալէթն ալ ամե­­նահե­­ռու կէտն է պա­­րոն Ժի­­րայ­­րին եւ հեր­­թա­­­պահ օրիոր­­դին աչ­­քե­­­րէն։

Հինգ հո­­գիով ար­­դէն կե­­ցած ենք, ու­­շադրու­­թեամբ տոպ­­րակս կը հա­­նեմ ու բո­­լոր տղա­­քը ու­­րախ-ու­­րախ կը հարցնեն։

«Ըրի՞ր մը»։

«Հա­­մով չըլ­­լա­­­յա…»։

«Հա­­մով է, հա­­մով է, հի­­մա կը տես­­նէք» , ու ըստ աւան­­դութեան բեր­­նով տոպ­­րա­­­կը վա­­րէն կը ծա­­կեմ, ու տղա­­քը ամէն մէ­­կը ափը կը բա­­նայ, ու ես կը սկսիմ քիչ-քիչ լեց­­նել։ Ամէն մարդ շատ զգոյշ ափը կը մօ­­տեց­­նէ բեր­­նին ու լե­­զուով կը համ­­տե­­­սէ։ Լռու­­թիւն. հա­­մեմունքնե­­րը ար­­դէն իրենց խա­­ղը կը խա­­ղան տղոց գլուխնե­­րուն մէջ։

«Հա­­մով է», «Շատ հա­­մով է»։

«Լան, կծուն շատ քիչ է, լան։ Նոր­­մալ կծու պի­­պառ չու­­նի՞ք կ՚երե­­ւի։ Ուրֆա­­ցի չէի՞ր դուն։ Աս ի՞նչ կծու է»։

Հան­­գիստ եւ ու­­րախ կը պա­­տաս­­խա­­­նեմ, քա­­նի ար­­դէն մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը «շատ հա­­մով է» ըսաւ։

«Ծօ չէ, եաու։ Շատ կծու ըլ­­լայ նէ, չու­­տո­­­ւիր»։

Բո­­լորս կը խնդանք եւ ու­­շա­­­դիր կը հե­­տեւինք շրջա­­պատին՝ յան­­կարծ մէ­­կը չմօ­­տենայ կամ «մատ­­նիչ Յու­­դա» մը չնկա­­տէ։ Տոպ­­րակս կը վեր­­ջա­­­նայ, բո­­լորս կ՚ուղղո­­ւինք դէ­­պի տղոց թո­­ւալէթ­­նե­­­րէն քիչ մը հե­­ռու՝ դէ­­պի ջու­­րի խո­­ղովակ­­նե­­­րը, ձեռ­­քերնիս, բե­­րան­­նիս կը լո­­ւանք ու կը շա­­րու­­նա­­­կենք մեր խեն­­թութիւննե­­րը այդ հրա­­շալի բա­­կին մէջ։

«Սա­­ղօ՛, Սա­­ղօ՛»։

«Հա, ՌաՃ»։

«Ո՞ւր գա­­ցիր նո­­րէն»։

«Հոս եմ, հոս եմ։ Ըսիր սումմախ ու­­նիս, չէ՞»։

Համ­­բե­­­րու­­թեամբ Ռաճ­­նին կը պա­­տաս­­խա­­­նէ. «Ծօ հա, ու­­նիմ։ Ի՞նչ կ՚ու­­զես կոր սումմա­­խէն»։

Ու միասին, քիչ չա­­փերով, փակ աչ­­քե­­­րով, Ռաճ­­նիին հա­­մար կը պատ­­րաստեմ կա­­խար­­դա­­­կան տա՚ան, տոպ­­րա­­­կին մէջ կը լեց­­նեմ նոյն ձե­­ւերով. այս ան­­գամ Շո­­ւէտի մէջ, պաղ եղա­­նակին, տղոց թո­­ւալէ­­թէն հե­­ռու, հե­­ռու՝ «մատ­­նիչ Յու­­դա­­­ներէն», հե­­ռու՝ ըն­­կերնե­­րէն, հե­­ռու՝ մարդկա­­յին հրա­­շալի աղ­­մուկէն։ Քիչ մը Ռաճ­­նիին ափին մէջ կը լեց­­նեմ ու կ’ըսեմ, «Փոր­­ձէ՛, հա­­մով է։ Ասոր հա­­մին մէջ կեանք կայ ու երազ­­ներ։ Հա­­մով է, հա­­մով է...»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ