Մարդկութիւնը պատերազմի ճիրաններուն

17Հոկտեմ­բեր երեք­­շաբթի երե­­կոյ հրթի­­ռակո­­ծուե­­ցաւ «Մկրտչա­­կան» հի­­ւան­­դա­­­նոցի հո­­ղատա­­րած­­քը։ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի հո­­ղատա­­րած­­քը կը պատ­­կա­­­նի Երու­­սա­­­ղէմի Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քութեան եւ այն վար­­ձա­­­կալո­­ւած է 99 տա­­րուան հա­­մար։

Զո­­հերու թի­­ւը սար­­սա­­­փելի է եւ կարգ մը աղ­­բիւրներ կը հա­­ղոր­­դեն, որ զո­­հերու թի­­ւը կրնայ հաս­­նիլ 1000-ի։

Կա­­զայի հա­­տուա­­ծին մէջ գտնո­­ւող հի­­ւան­­դա­­­նոցին իս­­րա­­­յէլեան հա­­րուած­­նե­­­րէն ետք Թուրքիոյ նա­­խագահ Ռե­­ճէպ Թա­­յէպ Էր­­տո­­­ղանը կոչ ըրած է դադ­­րեցնե­­լու այդ «ան­­նա­­­խադէպ վայ­­րա­­­գու­­թիւնը»։

Իս­­րա­­­յէլեան բա­­նակը Կա­­զայի հա­­տուա­­ծին մէջ ՀԱ­­ՄԱՍ-ի աւե­­լի քան 200 ռազ­­մա­­­կան կա­­ռոյց թի­­րախա­­ւորած է։ Զի­­նուած ու­­ժե­­­րու մա­­մու­­լի ծա­­ռայու­­թեան տո­­ւեալով՝ հա­­րուած­­ներ հաս­­ցուած են զի­­նամ­­թերքի պա­­հեստնե­­րու եւ դրա­­մատան, որ կ'օգ­­տա­­­գոր­­ծո­­­ւէր ահա­­բեկ­­չա­­­կան գոր­­ծունէու­­թեան ֆի­­նան­­սա­­­ւոր­­ման հա­­մար:

Նշո­­ւած է, որ Իս­­րա­­­յէլի բա­­նակը ոչնչա­­ցու­­ցած է նաեւ չորս զի­­նեալ, որոնք փոր­­ձած են երկրի տա­­րածք ներ­­խուժել Լի­­բանա­­նէն։ Կը շա­­րու­­նա­­­կուին օդա­­յին հա­­րուած­­նե­­­րը Լի­­բանա­­նի մէջ գտնո­­ւող «Հըզ­­պալլա»ի կա­­ռոյցնե­­րուն:

Հա­­կամար­­տութեան սրման պատ­­ճա­­­ռով զո­­հերու թի­­ւը ժա­­մ առ­­ժամ կ'աճի: Կա­­զայի հա­­տուա­­ծին մէջ իս­­րա­­­յէլեան հա­­րուած­­նե­­­րու հե­­տեւան­­քով զո­­հուած է աւե­­լի քան 3500, վի­­րաւո­­րուած է 10 հա­­զարէն աւե­­լի մարդ, այդ շար­­քին՝ հա­­րիւ­­րա­­­ւոր երե­­խաներ։ Իս­­րա­­­յէլը յայտնած է 1500-է աւե­­լի զո­­հի մա­­սին։

ՀԱ­­ՄԱՍ-ի «Քաս­­սամ» խմբա­­ւորու­­մը յայ­­տա­­­րարած է, որ գե­­րինե­­րու թի­­ւը կը հաս­­նի 250-ի, սա­­կայն իս­­րա­­­յէլեան հա­­րուած­­նե­­­րու պատ­­ճա­­­ռով 22 գե­­րի զո­հուած է: Խմբա­­ւորու­­մը խոս­­տա­­­ցած է ազա­­տել օտա­­րերկրեայ քա­­ղաքա­­ցինե­­րը, երբ հան­­գա­­­մանքնե­­րը թոյլ տան։

ՀԱ­­ՄԱՍ շար­­ժումն ալ յայտնած է, որ մտա­­դիր է Իս­­րա­­­յէլի հա­­րաւէն գե­­րեվա­­րուած պա­­տանդնե­­րը փո­­խանա­­կել իս­­րա­­­յէլեան բան­­տե­­­րու մէջ պա­­հուող 6 հա­­զար պա­­ղես­­տինցիի հետ։

Իսկ Հա­­յաս­­տա­­­նի կա­­ռավա­­րու­­թեան կող­­մէ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած Թել Աւիւ-Երե­­ւան յա­­տուկ թռիչ­­քով, Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­ցիներ եւ անոնց ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամնե­­րը 16 Հոկ­­տեմբեր եր­­կուշաբ­­թի օր հա­­սան Հա­­յաս­­տան:

Հա­­յաս­­տա­­­նի ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թիւնը կը տե­­ղեկաց­­նէ, որ Իս­­րա­­­յէլէն Հա­­յաս­­տան տե­­ղափո­­խուած են «149 Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­ցիներ եւ ազ­­գութեամբ հա­­յեր»:

Իս­­րա­­­յէլի Հայ­­ֆա քա­­ղաքի եւ հիւ­­սի­­­սային շրջան­­նե­­­րու հո­­գեւոր հո­­վիւ Տի­­րայր քա­­հանայ Յո­­վակի­­մեան կը յայտնէ, որ իր ըն­­տա­­­նիքը բե­­րած է հայ­­րե­­­նիք եւ մտա­­դիր է վե­­րադառ­­նալ Իս­­րա­­­յէլ՝ հո­­գեւոր իր ծա­­ռայու­­թիւնը շա­­րու­­նա­­­կելու հա­­մար:

«Ըն­­տա­­­նիքիս եմ բե­­րել: Նրանք կը մնան որոշ ժա­­մանակ, մին­­չեւ հան­­դարտո­­ւի, բայց ես ծա­­ռայու­­թեան մէջ եմ: Կարճ ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծում պի­­տի վե­­րադառ­­նամ, որ­­պէսզի հա­­մայնքում լի­­նեմ», ըսաւ հո­­գեւո­­րակա­­նը:

Հայ­­ֆա քա­­ղաքէն դստեր եւ նո­­րածին թոռ­­նի­­­կին հետ հայ­­րե­­­նիք ժա­­մանած Նա­­յիրա Առա­­քելեան նշեց, որ զա­­ւակ­­նե­­­րուն եւ թոռ­­նիկնե­­րուն կեան­­քին ապա­­հովու­­թեամբ մտա­­հոգ կ՛ապ­­րէր Իս­­րա­­­յէլի մէջ: «Շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն եմ ու­­զում յայտնել Հա­­յաս­­տա­­­նի կա­­ռավա­­րու­­թեանը աջակ­­ցութիւն ցու­­ցա­­­բերե­­լու եւ Իս­­րա­­­յէլից յա­­տուկ թռիչ­­քը կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու հա­­մար», աւել­­ցուց ան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ