Նկատի ունենալով 19 Սեպտեմբերէն սկսեալ Ատրպէյճանի ռազմական արարքները եւ Արցախի հայաթափումը, «Աստուածային Շնորհաց Հայոց Առաքեալ» Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները, որոնք Հռոմէական կաթոլիկ եւ Հայ եկեղեցիներու կազմակերպութեամբ եւ Ֆրանսիս պապի, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեան ԻԱ. պատրիարքի օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ տեղի պիտի ունենային Հռոմի մէջ, 30 Նոյեմբերէն 2 Դեկտեմբեր, անորոշ ժամանակով յետաձգուած են։
Կ՚աղօթենք, որ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի բարեխօսութեամբ Աստուած զօրացնէ մեր ազգի բոլոր զաւակները յաղթահարելու մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ որպէսզի Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելը վերածենք համահայկական զօրաշարժի եւ Արցախի վերատիրացման հրամայականով թիկունք կանգնինք մեր հայրենիքին։