ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՔ ՊԵՇԹԸՄԱՐ
bastimar.kurtulus@gmail.com
Այս շաբաթ «Ակօս»ի ընթերցողներու կը ծանօթացնեմ գիրք մը, որ եկած է հեռաւոր արեւելքէն Այս պատումը մեզի կը փոխանցէ փակ դռներուն ետին մնացած երկիրի մը ոդիսականը։ Այդ երկիրը այնքան հեռու է, որ բնակիչները պատկերացում չունին աշխարհի ընդհանուրին մասին։ Անոնք մէկ կողմէն կը տառապին վարչակարգին պարտադրած սովի ու թշուառութեան դէմ, իսկ միւս կողմէ համոզուած են թէ այդ իրավիճակը ի զօրու է ամբողջ աշխարհի վրայ։
Գիրքի հեղինակ Մասայի խիստ պարզունակ ոճով եւ մեծ վարպետութեամբ կը նկարագրէ թշուառ մարդկանց տառապանքները։ Այդ տառապանքի հեղինակները գործող համակարգի հաւատարիմ կուսակցականներու փաղանգ մըն է պարզապէս։ Մասայի Քորէացի հօր եւ Ճոպանացի մօր մը որդի որպէս, պարտադիր գաղթի մը ենթարկուած է իր ընտանիքին հետ։ Իրեն ըսուած էր թէ կը գաղթեն դէպի դրախտավայր։ Ճամբորդութեան աւարտին, երբ կը հասնին Քորէա իրենք սպասողը դժոխքդ պայմաններն են։ Տնազուրկ են եւ կը դժուարանան ապահովել մի թաս պղինձի լափան։ Այդ պայմաններու մէջ կ՚ենթարկուին դաժան ճնշումներու եւ կը հալածուին մօրը օտար այսինքն ճապոնացի ըլլալուն պատճառով։ Մասայի կը փորձէ ջրազուրկ հողը մշակելով իր, կնոջ ու որդւոյն օրապահիկը ապաովել։ Համակարգը իրեն կը խոստանայ աւելի լաւ պայմաններ, փոխան աւելի դաժան աշխատանքի։
Պետութիւնը կը յափշտակէ բերքը եւ մշակին կը տրամադրէ բուռ մը հաց միայն։
Այդ դաժանութեան մէջ ինքնութեան կորուստ մըն ալ կ՚ապրի։ Կը կորսնցնէ պատկանելութեան զգացումը։ Ինչպէս երկրի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, իր յոյսը կը կապէ միայն երկրէն փախչելու վրայ։ Յաջողելը եթէ մէկ հաւանականութիւն է, երկրորդ հաւանականութիւն է սահմանին վրայ սպաննուիլ։ Մահը այդքան վախազդու չէ, որքան իր ետին թողածներուն մատնուելիք չարչարանքը։ Կրնամ ըսել թէ Մասայի Իշիքաուա «Գետը մթութեան մէջ» գիրքը, որ թարգմանուած է Ճեմրէ Նազ Էօզթիւրքի կողմէ, խորապէս ցնցած է զիս հետեւաբար չեմ վարանիր յանձնարարելու «Ակօս»ի ընթերցողներուն։