ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Լսելով սիրելի ընկերոջ մը, լուսանկարիչ Մանուէլ Չըթաքի յանկարծական մահի բօթը, նոյն պահուն յիշեցի վաղեմի բարեկամս Եդուարդ Թովմասեանը։ Տարիներ առաջ իր միջոցաւ ծանօթացած էի Մանուէլի հետ։ Զանգահարեցի ցաւը կիսելու համար։ Թոմոն եւս ծանրօրէն ցնցուած էր Մանուէլի մահով։ Ձայնէն կը զգայի թէ աչքերը լցուած էին արցունքով։ Խօսեցանք մեր սիրելի բարեկամին յատկութիւններու մասին։ Այդ խօսակցութիւնով այս անգամ Թոմոն էր, որ կը պատմէր Մանուէլ Չըթաքի հետ ծանօթանալու ոդիսականը։ «Արտաշէս Մարկոսեան իր մէկ ընկերոջ հետ միասին ձեռնարկած էր հրատարակչատուն մը հիմնելու գործին։ Այդ հրատարակչատան մէջ հանդիպեցանք իրարու։ Անգամ մը, երբ Մեսրոպ պատրիարքի մօտ կը գտնուէի, յայտնեց թէ մամուլի պահանջներուն դիմաց անհրաժեշտութիւն դարձած է գահակալի կերպարով նոր նկարներ ունենալ։ Յայտնի է որ աճապարուած էր։ Անմիջապէս զանգահարեցի Մանուէլին, որ իր սարքերը հաւաքելով շուտով փութաց Պատրիարքարան։ Այդ օր պատրիարքի աթոռին վրայ նստած ձեւով բազմաթիւ անգամ նկարեց Մեսրոպ սրբազանը։ Աշխատանքի աւարտին զրոյցը ընթացաւ ծանօթանալու բնոյթով։ Սրբազանը անընդհատ կը հարցնէր, -ո՞վ ես, ուրտեղացի՞ ես, ամուսնացա՞ծ ես, կինդ ո՞վ է, զաւակ ունի՞ս, անունը ի՞նչ է։ Երբ Մանուէլ պատասխանեց Թամար, յաջորդեց աւելի յանկարծակի հարցում մը՝-մկրտուա՞ծ է։
Մանուէլ վարանումով յիշեցուց, որ չէ մկրտուած, որովհետեւ մայրը հայ չէ։ Վաղը երախան եկեղեցի բեր որ մկրտենք- ըսաւ Պատրիարքը խիստ վճռակամ շեշտով։ Մանուէլ ըսաւ որ այս գիշեր կ՚երթայ ու ծնողներուն հետ կը խորհրդակցի այս մասին։ Մեսրոպ պատրիարք չարտօնեց՝ ըսելով որ, եթէ այս դռնէն դուրս ելլէ իր առաջարկը չեղեալ կը համարուի։ -Գալով կնքահայրին, ահա կնքահայրդ հոս է- ըսաւ ինձ մատնացոյց ընելով։ Յաջորդ օր Գումգեբու, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ կատարեցինք Թամարի մկրտութիւնը»։
Այս զրոյցէն ետք Թոմոյէն խնդրեցի, որ գրի առնէ պատմածները, որպէս հետաքրքրական յիշատակ երկու սիրելի մարդկանց մասին, որոնք այլեւս մեզի հետ չեն։
Ինչպէս որ վերեւ նշեցի, իմ սիրելի ընկերոջ տրամադրութիւնը խանգարուած էր։ «Դուն գրէ» ըսաւ ու պարտականութիւնը թողեց ուսերուս։ Ես ալ ահա կը գրեմ՝ որպէս նոր օղակ մը, իրենց երանելի յիշատակին։