Բացթողումը կանխելու համար

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Թաւրի­զէ վե­­­րադար­­­ձին բա­­­ւակա­­­նին հա­­­մոզո­­­ւած էի թէ այդ շրջա­­­գայու­­­թեան յի­­­շատա­­­կու­­­մը պի­­­տի հա­­­ւաքեմ թեր­­­թի երեք թի­­­ւերուն մէջ։ «Խո­­­րհուրդ մարդկանց կամք Աս­­­տուծոյ» ըսեր են մեր մե­­­ծերը, հիմ­­­նո­­­­­­­ւելով դա­­­րերու փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թեան վրայ։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս թեր­­­թի ըն­­­թերցո­­­ղը գի­­­տէ թէ պար­­­բե­­­­­­­րական մա­­­մու­­­լի էջե­­­րը չեն ար­­­տօ­­­­­­­ներ, որ գրի­­­չը ազատ մնայ թուղթին վրայ։ Էջե­­­րը սուղ են պար­­­բե­­­­­­­րական մա­­­մու­­­լի։ Այդ է պատ­­­ճա­­­­­­­ռը, որ թեր­­­թի էջե­­­րու տա­­­րողու­­­թիւնը աւար­­­տե­­­­­­­ցաւ, բայց մեր խօս­­­քը ոչ։ Ու­­­րեմն այ­­­սօր կը փոր­­­ձենք այդ բաց­­­թո­­­­­­­ղու­­­մը աւար­­­տին հասցնել խօ­­­սելով մե­­­զի խո­­­րապէս ազ­­­դած դէպ­­­քե­­­­­­­րու կամ եղե­­­լու­­­թիւննե­­­րու շուրջ։ Նա­­­խորդ տպա­­­ւորու­­­թիւննե­­­ր ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րը պի­­­տի յի­­­շեն, որ ինչպի­­­սի դրո­­­ւատի­­­քով ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւած ենք Ատրպա­­­տակա­­­նի հա­­­սարա­­­կու­­­թեան մա­­­սին։

Երբ կրկին ան­­­գամ պա­­­տերազմ ծա­­­գեցաւ Կա­­­զայի մէջ, Թաւ­­­րի­­­­­­­զին կա­­­յացած հա­­­կապա­­­տերազ­­­մա­­­­­­­կան ցոյ­­­ցե­­­­­­­րու գլխա­­­ւոր թի­­­րախ­­­ներն էին, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի նա­­­խագահ­­­նե­­­­­­­րը։ Յի­­­շենք որ Ալիեւ Իս­­­րա­­­­­­­յէլի հան­­­դէպ զօ­­­րակ­­­ցութիւն յայտնող առա­­­ջին­­­նե­­­­­­­րէն եղած էր։ Երե­­­ւոյթ մը՝ որ անըն­­­դունե­­­լի էր թաւ­­­րիզցի­­­ներու հա­­­մար։ Բայց այ­­­սօր կ՚ու­­­զեմ խօ­­­սիլ աւե­­­լի շատ այն պա­­­հերու մա­­­սին, որոնք պէտք էր շեշ­­­տո­­­­­­­ւէին եւ չէին յի­­­շուած։ Անոնցմէ մէկն է Առաջ­­­նորդա­­­րանի շրջա­­­փակին գտնո­­­ւող վար­­­ժա­­­­­­­րանի գրա­­­դարա­­­նը։ Սոց­­­ցանցե­­­րու, հա­­­մացան­­­ցի պար­­­տադրանքներ ինչ որ ալ ըլ­­­լան, գիր­­­քը իր խորհրդան­­­շած իմաստնե­­­րով կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ մնալ այն բար­­­ձունքի վրայ, որն է միտ­­­քը։

Իզուր չէ որ Պա­­­րոյր Սե­­­ւակ «Անլռե­­­լի զան­­­գա­­­­­­­կատուն»ի մէջ միտ­­­քի տա­­­ճար ըլ­­­լա­­­­­­­լով կը բնու­­­թագրէ դպրո­­­ցը։ Եւ այսպէս դպրո­­­ցը իր իմաս­­­տը կը գտնէ գիր­­­քով։ Որ­­­քան հա­­­ճելի է, որ Թաւ­­­րի­­­­­­­զի մէջ դպրո­­­ցի գրա­­­դարա­­­նի պա­­­տերը զար­­­դա­­­­­­­րուած էին հայ մե­­­ծանուն գրիչ­­­նե­­­­­­­րու նկար­­­նե­­­­­­­րով։

Մենք ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թեամբ դի­­­տեցինք Սա­­­յաթ Նո­­­վայէն սկսե­­­լով մին­­­չեւ ժա­­­մանա­­­կակից­­­նե­­­­­­­րուն հաս­­­նող դի­­­ման­­­կարնե­­­րու շար­­­քը։ Այդ պա­­­հուն կը մտա­­­ծէինք թէ, ի՞նչն էր որ պի­­­տի ար­­­գի­­­­­­­լէր Սա­­­յաթ Նո­­­վայի կող­­­քին Կո­­­միտաս Վար­­­դա­­­­­­­պետի, Յով­­­հաննէս Թու­­­մա­­­­­­­նեանի, Րաֆ­­­ֆիի, Եղի­­­շէ Չա­­­րեն­­­ցի, Աւե­­­տիք Իսա­­­հակեանի, Պա­­­րոյր Սե­­­ւակի, Վիկ­­­տոր Համ­­­բարձու­­­մեանի կամ Արամ Խա­­­չատու­­­րեանի նման հսկա­­­ներու դի­­­ման­­­կարնե­­­րու բա­­­ցակա­­­յու­­­մը մեր պոլսահայ դպրոց­­­նե­­­­­­­րէն ներս։

Որ­­­պէս ընկճո­­­ւած փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւն, շա­­­տերուս հա­­­մար պարզ է այդ բա­­­ցակա­­­յու­­­թեան պատ­­­ճառնե­­­րը։ Բո­­­լորս գի­­­տենք թէ մին­­­չեւ մօտ ան­­­ցեալ մեր վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րէ ներս նշա­­­նակո­­­ւած փոխ տնօ­­­րէն­­­նե­­­­­­­րը ի՞նչ եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րով ահա­­­բեկած են վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու տնօ­­­րէնու­­­թիւննե­­­րը կամ խնա­­­մակա­­­լու­­­թիւննե­­­րը։ Այդ մէ­­­կը պարզ ու հասկնա­­­լի է։ Բայց ար­­­դեօք, ո՞ր տնօ­­­րէնը յա­­­ջողե­­­ցաւ անոնց այդ անօ­­­րէն ճնշումնե­­­րուն դէմ իրա­­­ւունք պա­­­հան­­­ջել։ Մե­­­զի հա­­­մար այս հար­­­ցումն է, որ էական է։ Տա­­­րինե­­­րու հո­­­լովոյ­­­թով ձե­­­ւաւո­­­րուած է այնպի­­­սի հա­­­մակարգ մը, որ պի­­­տի վա­­­րանի իր սե­­­փական իրա­­­ւունքը պաշտպա­­­նելու հա­­­մար իսկ, որ­­­պէսզի յան­­­կարծ չգրգռէ չա­­­րամիտ­­­նե­­­­­­­րու բար­­­կութիւ­­­նը։

Տա­­­րիներ առաջ էր, երբ սի­­­րելի բա­­­րեկամ­­­ներ տոքթ. Հեր­­­մոն եւ Ռի­­­թա Արաք­­­սի տան մէջ սե­­­ղանա­­­կից եղանք անոնց Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէն ժա­­­մանած զար­­­մի­­­­­­­կին հետ։ Ան ալ չէր կրցած ըն­­­կա­­­­­­­լել թէ ինչպի­­­սի՞ միտք մը կրնայ դա­­­հիճը կա­­­շառել, որ­­­պէսզի խնա­­­յէ զինք։ Ակ­­­նարկե­­­լով մեզ թրքա­­­հայե­­­րուս կը հարցնէր թէ ար­­­դեօք կա­­­րելի է լսած չըլ­­­լա­­­­­­­յինք դի­­­մադ­­­րութիւն կո­­­չուած բա­­­ռը եւ անոր նշա­­­նակու­­­թիւնը։

Մտո­­­րումներ էին, որոնք կը տո­­­ղան­­­ցէին մեր միտ­­­քե­­­­­­­րուն մէջ դի­­­տելով Առաջ­­­նորդա­­­րանի վար­­­ժա­­­­­­­րանի դի­­­ման­­­կարնե­­­րը։

Եւս յի­­­շատակ­­­ման ար­­­ժա­­­­­­­նի պա­­­տահա­­­կանու­­­թիւն մըն էր Առաջ­­­նորդա­­­րանի շրջա­­­փակին մէջ հանդիպիլ Չիֆթճեան սրբա­­­զանի եղ­­­բօր ծա­­­նօթ ակա­­­դեմա­­­կան Իշ­­­խան Չիֆթճեանին, որ Գեր­­­մա­­­­­­­նիայէն այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թեան եկած էր իր ըն­­­տա­­­­­­­նիքը։ Իր հետ եւս ու­­­նե­­­­­­­ցանք հա­­­ճելի զրոյց, յայտնի է որ տա­­­կաւին եր­­­կար ժա­­­մանակ մերթ ընդ մերթ զա­­­նազան պատ­­­կերներ կամ պա­­­հեր պի­­­տի վեր­­­յի­­­­­­­շենք, որոնք ան­­­մո­­­­­­­ռանա­­­լի պի­­­տի դարձնեն այն օրե­­­րը, որոնք ապ­­­րե­­­­­­­ցանք Ատրպա­­տակա­նի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ