Հայաստանի Ճարտարապետներու միութեան եւ Թամանեանի անուան ճարտարապետական ինստիտուտի նախկին տնօրէն՝ Աշոտ Գրիգորեան 10 Հոկտեմբերի երեկոյեան մասնակցեցաւ իր վերջին ուսումնասիրութեան, Պալեաններու ձօնուած հատորի թրքերէն թարգմանութեան շնորհանդէսին։
Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահին մէջ կայացած միջոցառման կազմակերպիչն էր պոլսահայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութիւնը ՀայՃար։
Միջոցառման ներկայ էին Սեւ Ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան Իսթանպուլի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ., Հայ Աւետարանչական Եկեղեցւոյ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Արամ Արք. Աթէշեան, Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ հետաքրքիրներու հասարակութիւնը։
ՀայՃարի անունով Նազար Պինաթլը ողջունեց օրուայ մեծարեալն ու ներկաները եւ ապա բարձրախօսը յանձնեց «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագրապետ Արա Գօչուեանի, որ ստանձնած էր ժողովավարի պաշտօնը։
Արա Գօչունեան բովանդակալից կերպով նկարագրեց Պալեան անունի նշանակութիւնը արեւմտականացման շրջանի Թուրքիոյ ճարտարապետութեան ոլորտին մէջ յատկապէս ընդգծելով անոնց անունը անտեսել միտող ժխտողականութեան եւ ուրացման հետզհետէ սովորոյթի վերածուած քաղաքականութիւնը։ «Հայու հետքը վերացնելու համար նախընտրեցին Պալեանի տեղ Պալեանի գրել։ Ձեւացնելով թէ այդ պատկառելի շինութիւններու ճարտարապետը հայ մը չէ, այլ իտալացի։ Աւելի ետք այդ նոյն ուրացումը շարունակեցին ուրիշ Թուրք ակադեմականներ եւս, որոնք այս անգամ ալ հարցականի տակ կը դնէին Պալեաններու ճարտարապետական վաստակը, այդ անուանի հսկաներուն պատշաճեցնելով խալֆա ածականը»։
Արա Գօչունեան երախտագիտութեամբ յիշեց պատմութեան անուանի հետազօտիչ Բարս Թուղլաճըի անունը, որուն «Պալեան ընտանիքը» անուն ուսումնասիրութեան հրատարակումէն ետք է, որ թափ ստացած էր ուրացման վերոնշեալ հոսանքը։
Բաւական ծաւալուն այս հատուածէն ետք Աշոտ Գրիգորեան առիթ ունեցաւ այս ուսումնասիրութեան ոդիսականը պատմելու։
Պալեանները իրենց շինութիւնները կառուցած են ժամանակին տիրող արեւմտականացման հոսանքի պահանջներուն համաձայն։ Այդ է պատճառը, որ անոնք աւելի նուազ կը յիշուին հայ ճարտարապետութեան պատմութեան մէջ։
Միջոցառումը աւարտին հասաւ ներկաներու հարցումներով եւ պարոն Գրիգորեանի հարցումներով եւ պատասխաններով։
Այժմ կը մնայ մեծ հետաքրքրութեամբ սպասել Աշոտ Գրիգորեանի հայկական խորհրդանշաններու մեկնաբանման եւ ուսումնասիրման նուիրուած նոր աշխատութիւնը, որու համար արդէն իսկ գործի լծուած են մշակոյթի զանազան ճիւղերը ներկայացնող բազմաթիւ ակադեմականներ եւ մտաւորականներ։
«Ակօս»ի խմբագրատուն տուած այցելութեան ընթացքին անդրադառնալով այս նոր աշխատութեան նրբերանգներուն, Աշոտ Գրիգորեան յայտնեց թէ սոյն աշխատութիւնը լուրջ հակասութիւններ պիտի ստեղծէ հոգեւորականներու դասուն մօտ, քանի պիտի պարզուի թէ քրիստոնէութեան համաշխարհային խորհրդանշանը համարուող խաչը իբրեւ սիմպոլ Հայկական բարձրավանդակի վրայ ունի 12 հազար տարուայ անցեալ։