Վայլելով Առաջնորդարանի ջերմութիւնը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Նկատի ու­­նե­­­նալով Շա­­բաթ եւ Կի­­րակի օրե­­րու խճո­­ղեալ ու ծան­­րա­­­բեռ­­նո­­­ւած շրջա­­գայու­­թեան ծրա­­գիր­­նե­­­րը, որո­­շեցինք 18 Սեպ­­տեմբեր Եր­­կուշաբ­­թի օրը անցնել Թաւ­­րիզ։ Այսպէ­­սով կը խու­­սա­­­փէինք եր­­կար ճամ­­բորդու­­թիւննե­­րէ եւ օրը կ՛անցնէինք այս մեծ քա­­ղաքի տե­­սար­­ժան վայ­­րե­­­րը շրջե­­լով։Նախ ու­­նէինք կա­­րեւոր խնդիր մը, որն էր որոշ գու­­մար մը տե­­ղական դրամ ապա­­հովել, մանր գնումնե­­րու հա­­մար։

Հե­­տաքրքրա­­կան էր այն պա­­հը, երբ երի­­տասարդ սրճե­­փը, որ կ՛օգ­­ներ նաեւ դրա­­մի փո­­խանակ­­ման խնդրին, մեծ ոգե­­ւորու­­թիւն ապ­­րե­­­ցաւ երբ լսեց որ հա­­յեր ենք, եկած Թուրքիայէն։ Իս­­կոյն զան­­գա­­­հարեց իր հայ ըն­­կե­­­րոջ, մեր ներ­­կա­­­յու­­թիւնը աւե­­տելու հա­­մար։ Ապա այ­­ցե­­­լեցինք քա­­ղաքի նշա­­նաւոր «Կա­­պոյտ մզկիթ»ը։ Իս­­լամ ճար­­տա­­­րապե­­տու­­թեան յա­­տուկ զար­­դա­­­նախ­­շե­­­րով ու ճար­­տա­­­րապե­­տական ոճով իս­­կա­­­պէս ալ ան ար­­ժա­­­նի էր քա­­ղաքի ամե­­նայայտնի տե­­սար­­ժան վայ­­րե­­­րու շար­­քին դա­­սուե­­լու։

Յա­­ջորդ այ­­ցե­­­լավայրն էր զօր­­քե­­­րու թան­­գա­­­րանը, որ իր հա­­րուստ պա­­շարով հիացում պատ­­ճա­­­ռեց բո­­լորիս։ Մեր ու­­ղե­­­ցոյց Վար­­դան ընդգծեց թէ այս թան­­գա­­­րանն ալ հայ ճար­­տա­­­րապե­­տի ձեռ­­քով կեր­­տո­­­ւած է։ Այ­­սօր որ­­քան ալ նօս­­րա­­­ցած ըլ­­լայ, ան­­ցեալին հա­­յահոծ քա­­ղաք մը եղած է Թաւ­­րի­­­զը եւ հա­­յու ներդրու­­մը այս քա­­ղաքին, նկա­­տելի է ամե­­նու­­րէք։

Հե­­տաքրքրա­­կան էր նաեւ շու­­կա­­­յի շրջա­­գայու­­թիւնը, ուր ամէն ինչ, յատ­­կա­­­պէս ան­­կարգու­­թիւնը, խառ­­նի­­­ճաղան­­ջը, ժխո­­րը եւ աղ­­մուկը իրա­­րու մէջ միաձու­­լո­­­ւած, կը պար­­զէին ընդհա­­նուր պատ­­կեր մը, որուն կա­­րելի է կո­­չել «արե­­ւելք»։

Հա­­կառակ որ խու­­սա­­­փած էինք ճամ­­բորդու­­թիւննե­­րէ միջ­­քա­­­ղաքա­­յին պտոյ­­տով ան­­ցած այդ օրն ալ բա­­ւակա­­նին յոգ­­նե­­­ցու­­ցիչ դար­­ձած էր, երբ հա­­սաւ իր աւար­­տին։

Երեք­­շաբթի եւ ահա այն մեծ օրը, ուր առա­­ւօտո­­ւայ ժա­­մերով բռնած ենք Ճուլֆա­­յի ճա­­նապար­­հը։ Այս ան­­գամ ուղղո­­ւած ենք դէ­­պի Թա­­դէի վան­­քը։ Յու­­լիս ամ­­սուն էր, Սուրբ Սան­­դուխտի յի­­շատակ­­ման օրը, երբ վան­­քը դար­­ձեալ ապ­­րած էր բազ­­մա­­­թիւ ուխտա­­ւոր­­նե­­­րու այ­­ցե­­­լու­­թիւնը եւ խրախ­­ճանքի մթնո­­լոր­­տի մէջ ան­­ցուցած երեք օրեր։ Մեր ու­­ղե­­­ցոյ­­ցը պա­­րոն Վար­­դան Թա­­դէի ուխտագ­­նա­­­ցու­­թեան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու կազ­­մա­­­կեր­­պիչնե­­րէն էր եւ մեծ յու­­զումով կը պատ­­մէր այդ երեք օրե­­րու ապ­­րումնե­­րը։

Երբ մեր ինքնա­­շար­­ժի ճամ­­բու աւար­­տին կը պար­­զո­­­ւէր վա­­նական հա­­մալի­­րի ընդհա­­նուր պատ­­կե­­­րը, կրնա­­յինք են­­թադրել թէ բազ­­մութեան ներ­­կա­­­յու­­թիւնով ի՞նչ տրա­­մադ­­րութիւն կրնայ գո­­յանալ այդ տա­­րած­­քի վրայ։ Պատ­­մա­­­կան վանք մը՝ որ պատ­­մա­­­կան յու­­շարձան­­նե­­­րու յա­­տուկ բծախնդրու­­թեամբ նո­­րոգու­­թեան ար­­ժա­­­նացած է շնոր­­հիւ Իրա­­նի Իս­­լա­­­մական Հան­­րա­­­պետու­­թեան Ժա­­ռան­­գութեան նա­­խարա­­րու­­թեան։ Ան­­մի­­­ջապէս աչ­­քի կը զառ­­նէ եկե­­ղեց­­ւոյ փլած հա­­տուած­­նե­­­րու սպի­­տակ քա­­րերով վե­­րաշի­­նու­­թիւնը, քա­­նի որ վան­­քի նա­­խորդ շի­­նու­­թիւնը եղած էր սեւ պա­­զալթ քա­­րերու օգ­­տա­­­գործմամբ, նո­­րոգու­­թեան պա­­հուն նա­­խընտրո­­ւած է սպի­­տակ քա­­րեր, որ­­պէսզի աւե­­լի տե­­սանե­­լի ըլ­­լայ հին ու նո­­րի տար­­բե­­­րու­­թիւնը։ Վե­­րաշի­­նու­­թեան բծախնդրու­­թիւն մը՝ որուն ծա­­նօթ էինք անո­­ւանի ճար­­տա­­­րապետ ու հնա­­գէտ Վա­­րազ­­դատ Յա­­րու­­թիւնեանի Կեդ­­րո­­­նական Սա­­նուց Միու­­թեան մէջ սար­­քած բա­­նախօ­­սու­­թե­­­նէն։ Հիացու­­մով դի­­տեցինք վան­­քի մայր տա­­ճարը եւ յա­­րակից բա­­ժին­­նե­­­րը։ Այդ պա­­հուն չէինք գի­­տեր թէ նոյնքան զգլխե­­ցու­­ցիչ յայտնու­­թիւն մը պի­­տի դառ­­նար Սուրբ Ստե­­փանո­­սի վան­­քի այ­­ցե­­­լու­­թիւնը։

Սա­­կայն Թա­­դէէն դէ­­պի Սուրբ Ստե­­փանոս տա­­նող ճա­­նապար­­հը եւս յայտնու­­թիւն մըն էր բո­­լորիս հա­­մար։ Ճամ­­բու տե­­ւողու­­թեամբ մե­­զի կ՚ըն­­կե­­­րակ­­ցէր Ախու­­րեանը, որու հան­­դի­­­պակած ափը ար­­դէն Նա­­խիջե­­ւանի հո­­ղերն էին։ Այդ տա­­րած­­քի վրայ էր, որ ատրպէյ­­ճա­­­նի բա­­նակա­­յին­­նե­­­րը պուլտո­­զէր­­նե­­­րով ճզմած էին բազ­­մա­­­հարիւր պատ­­մա­­­կան խաչ­­քա­­­րեր, իրենց ներ­­կայ ոխը ան­­ցեալը խոր­­տա­­­կելով գո­­հաց­­նե­­­լու բար­­բա­­­րոսա­­կան ախոր­­ժա­­­կով։

Մեր ըն­­թա­­­ցած ճամ­­բու եզ­­րին յայտնուեցաւ փոք­­րիկ մի մա­­տուռ, որ տե­­ղացի վա­­րորդնե­­րը կը կո­­չէին «Նա­­խիրի եկե­­ղեցի»։ Ապա Վար­­դան Ենով­­քեանց պար­­զեց թէ գե­­տի հան­­դի­­­պակած ափին այս նոյն եկե­­ղեց­­ւոյ կրկնօ­­րինա­­կը եղած է, որ­­մէ այ­­սօր հետք իսկ չէ մնա­­ցած։ «Առաս­­պե­­­լի հա­­մաձայն եր­­կու հո­­վիւ եղ­­բայրնե­­րու կտակն է այս եկե­­ղեցի­­ները, որոնցմէ Պարսկաս­­տա­­­նի բաժ­­նին մնա­­ցածը վե­­րանո­­րոգո­­ւած է Իրա­­նի կա­­ռավա­­րու­­թեան ջան­­քե­­­րով»։

Սուրբ Ստե­­փանո­­սի վան­­քը գոր­­ծող եկե­­ղեցի մը չէ այ­­լեւս, հե­­տեւա­­բար թան­­գա­­­րանի բնոյ­­թով, մուտքին տոմ­­սակ վերցնե­­լով է, որ այ­­ցե­­­լեցինք այդ կա­­ռոյ­­ցը։ Շրջա­­գայու­­թեան իւ­­րա­­­քան­­չիւր օրո­­ւայ աւար­­տին ամե­­նայա­­ճախ լսո­­ւածը «Այս օրը ար­­ժեց» հաս­­տա­­­տու­­մը կ՚ըլ­­լար։

Բայց տա­­կաւին, այդ հաս­­տա­­­տու­­մը գե­­րազան­­ցող ապ­­րումներ կը սպա­­սէին մեզ։ Առա­­ջին օրէն իսկ ան­­համբեր էինք Ատրպա­­տակա­­նի թե­­մի առաջ­­նորդ Տ.Գրի­­գոր Արք. Չիֆթճեանի այ­­ցե­­­լու­­թեան հա­­մար։ Այս մա­­սին մեր 20 անուննե­­րէ բաղ­­կա­­­ցող խումբի մէջ ամե­­նաան­­համբերն ալ Եդո­­ւարդ Թով­­մա­­­սեանն էր։ Ան տա­­կաւին Պո­­լիսէն խոս­­տո­­­վանած էր, թէ այս պտոյ­­տին մաս­­նակցե­­լու ամե­­նակա­­րեւոր ազ­­դա­­­կը Չիֆթճեան սրբա­­զանը տես­­նելն է։

Այս էջե­­րու ըն­­թերցո­­ղին հա­­մար շատ դժո­­ւար չէ պատ­­կե­­­րաց­­նել թէ Առաջ­­նորդա­­րանը ինք եւս թան­­գա­­­րանի մը հա­­մազօր հարստու­­թեամբ օժ­­տո­­­ւած պի­­տի ըլ­­լար։ Եւ ճիշդ ալ այդպէս։ Տա­­կաւին պար­­տէ­­­զէն իսկ աչ­­քա­­­ռու էր տա­­րած­­քի խնա­­մուա­­ծու­­թիւնը։ Հիացու­­մով կը դի­­տէինք եր­­բեմնի դպրո­­ցի շէն­­քը, որ եր­­բեմնի հա­­զարէ աւե­­լի ու­­սա­­­նող­­նե­­­րու փո­­խարէն այ­­սօր ու­­սում կը ջամ­­բէր երեք տաս­­նեակի հաս­­նող աշա­­կեր­­տութեան։ Տա­­կաւին Ռը­­զա Բեհ­­լե­­­ւի թա­­գաւո­­րի օրով սկսած էր աշա­­կեր­­տութեան թի­­ւի նո­­ւազու­­մը, որու հե­­տեւան­­քով կա­­ռավա­­րու­­թիւնը փոր­­ձած էր դպրո­­ցը պե­­տակա­­նաց­­նել։ Այդ ժա­­մանա­­կուայ առաջ­­նորդի իր նստա­­վայ­­րը դպրոց փո­­խադ­­րե­­­լով է, որ կան­­խո­­­ւեցաւ նման նպա­­տակը։ Առաջ­­նորդ սրբա­­զանը մտե­­րիմ ոգե­­ւորու­­թեամբ դի­­մաւո­­րեց խումբը, փո­­խան­­ցե­­­լով պատ­­շաճ տե­­ղեկու­­թիւններ թե­­մի ընդհա­­նուր դի­­մագի­­ծին մա­սին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ