ՍԵՍԻԼ ԱՐԹՈՒՉ, ԹԱՄԱՐ ԿԻՒՐՃԵԱՆ, ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Պարող եւ պարադրող Միհրան Թովմասեանի եւ երաժիշտ Սարօ Ուստայի «ՍԱՐ» ներկայացումը, որ առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 2015-ին, «Չըփլաք Այաքլար Քումբանիասը»-ի արտադրութեամբ, վերջերս յատուկ ներկայացում մը ունեցաւ։ Մեզի համար ներկայացումը եւ անոր յաջորդած քննարկման նիստը շատ բան կը բացայայտէ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալու փորձառութեան առնչութեամբ, եւ անոր մասին կ՚ուզենք բաժնեկցիլ «Ակօս»-ի ընթերցողներուն հետ։
Ս՝ «ՍԱՐ»-ը առաջին անգամ 2015-ին դիտեցի եւ հիացած էի Միհրանին ու Սարոյին, որուն մանկութենէս կը ճանչնամ, իրենց փորձառութիւնները պատմելու միջոց գտած ըլլալնուն վրայ, եւ ատիկա ի գործ դրած էին միասնաբար։ Ներկայացումը պտուղն էր ամիսներու վրայ երկարող երկուքին ունեցած զանազան նիւթերու մասին զրոյցներու՝ մանկութենէն սկսեալ մինչեւ քաղաքականութիւն։ Վերջապէս, մէջտեղ եկած էր լերան մը պատմութիւնը։ Բեմին վրայ Միհրանը կը տեսնենք՝ մերթ լերան հետ վիթխարի վիճակի մէջ, մերթ անոր տակը ճզմուած, մերթ կտոր-կտոր ըրած լեռը եւ մերթ այդ կտորներով ինքզինքին համար այլ աշխարհ մը կառուցելու գործին վրայ։ Նկատի ունենալով, որ կու գանք տուներէ, ուրկէ անպակաս կը մնայ Արարատին շուքը, դժուար չէր հասկնալ խնդրոյ առարկայ լերան ո՛րն ըլլալը եւ պարողին ինչպիսի՛ մարտահրաւէրներու դիմաց գտնուիլը։
Թ՝ Հողն ու գետինը խորհրդանշող թուղթերը, որոնք ծածկած էին սրահը, ներկայացման պատումին հիմքը կազմեցին։ Սկիզբը, մարմինը չէինք տեսներ թուղթերուն տակ։ Իւրաքանչիւր շարժումին հետ թուղթը ստացաւ անվերաշրջելի վիճակ, ունեցաւ ձեւ, թրթռաց եւ պատմութեան գագաթնակէտին դարձաւ փառահեղ Արարատը։ Ապա տեսանք թուղթերուն ճմռթկուիլն ու պատռտուիլը եւ մարմինին գետնէն բաժնուիլը։ Մարմինին եւ գետնին յարաբերութիւնը փախումի վերածուեցաւ՝ մինչ տարտղնուած թուղթերուն ետեւէն ինկաւ եւ զանոնք հաւաքեց սեւ տոպրակի մը մէջ։ Մարմինը այլեւս ամբողջովին անջատուած էր հող/թուղթէն Այս սեւ տոպրակը կ՚ընդգրկէ այսօր մեզի անծանօթ ժամանակի մը տարածքին բեկորները։ Յետոյ, մարմինը, փորձելով պատռել տոպրակը, խանդավառուեցաւ տոպրակէն առած թուղթէ կտորով։ Թէեւ գիտակցեցաւ, որ իր յարաբերութիւնը հողին հետ այլեւս չի հակաշրջուիր, մարմինը, տոպրակէն ելած թուղթէ պզտիկ կտորին յոյսով, հալայ պարեց այն կէտին շուրջ, ուր նախապէս լեռը կը գտնուէր։ Ինծի համար պարողին խանդավառութիւնը այն խանդավառութեան արտացոլացումն է, որ մենք հայերս կ՚ունենանք ամէն անգամ, որ մեծ ջանքերով կը յաջողինք ձեռք բերել մեր հողերէն հեռանալէն առաջ մեր ունեցած կեանքին մասին որեւէ տեղեկութիւն։ Այս իմաստով, ներկայացումը յաջող կերպով բեմականացուց հայերուս հողին հետ յարաբերութիւնը այսօր, օտարացումը, որ կը ծնի այս յարաբերութեան խզումէն եւ մեր պայքարը պատմութեան ծանր շուքին հետ, որ մեզի ներս կը քաշէ։
Ս՝ Կը կարծեմ, որ երեքս կրնանք նոյն գաղափարին շուրջ համաձայնիլ, թէկուզ ներկայացումը ընկալելու մէջ մեր տարբերութիւնները ունինք։ Ասով հանդերձ, քննարկման նիստին ընթացքին հնչեցին նկատողութիւններ, որոնք անսպասելի էին ինծի։ Ոմանք էգոլոկիական տեսանկիւնէ ըմբռնած էին ներկայացումը, ուրիշներ ալ իրենց անձնական հոգեխոցները տեսած էին մէջը։ Այն իրողութիւնը, որ Արարատ լեռը բնաւ չէին մտաբերած մէջս բան մը խոցեց։ Այնուամենայնիւ, այն պահը, երբ քննարկուեցաւ այս ներկայացումէն Սարոյին բացակայութեան ազդեցութիւնը, նկատեցի, որ մեր դիտանկիւններու տարբերութիւնները դատապարտուած էին կտրական անհաշտութեան։ Մինչ այս բացակայութեան պատճառը Սարոյին ստիպողաբար Թուրքիայէն հեռանալն էր, ինչպէս շատ մը հայեր հեռացած են, կարգ մը ներկաներ ըսին, որ գեղագիտական առումով բնաւ չէին նկատած երաժշտութեան բացակայութիւնը։ Մեզի համար, միւս կողմէ, Սարոյին բացակայութիւնը մեր առջեւ պարզուած պատմութեան մէջ կորուստի զգացումին շարունակականութիւնը կը մատնանշէր։
Ա՝ Լուռ սթուտիոյին մէջ, Միհրանին սեւեռած հայեացքը առաջին հարկի վրայ գտնուող պատուհանին վրայ, հոնկէ թափանցած մէյ մը աղօտ, մէյ մը զօրաւոր լոյսը եւ իր պայքարը թուղթերը ժողվելու եւ մեծ գունդի մը վերածելու, զիս տարաւ լեռ մագլցելու նմանող կեանքի իմ փորձառութիւններուս։ Ամենօրեայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու «լեռը» բարձրանալու ճամբուն վրայ ատեն.-ատեն ինքզինքս կը գտնեմ անոր լանջին, — կարծես Սուրբ Յակոբին՝ Նոյան տապանէն կտոր մը ունենալու համար Արարատ լեռ բարձրանալուն պատմութեան նման։ Պատմութիւնը կ՚ըսէ, որ Ս. Յակոբ լերան գագաթ չի հասնիր, քանի որ հակառակ լեռն ի վեր իր կտրած ճամբային, առաւօտները ինքզինք կը գտնէր անոր լանջին։ Անտեսելով այս իրողութիւնը եւ համաձայն իր անկոտրում կամքին, սուրբը կը շարունակէ նուաճել փորձել լեռը՝ իր մագլցումը դարձնելով յաւերժ տառապանքի անվերջ շրջանակի։ Այս շրջանակը կը կոտրի միայն երբ հրեշտակը օր մը կողքին կը դնէ տապանէն մասունք մը եւ կ՚իրականացնէ անոր երազը։ Մտածելով զուգահեռներու մասին, կը խորհիմ, որ արդեօք ինքնութեան համար յաւերժ տառապանքի մատնուածներս, երբ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ իր բոլոր բռնարարքներով, վերջինը ըլլալով Արցախցիին ենթարկուած ցեղային զտումը, բնաւ պիտի կոտրե՞նք յաւերժ տառապանքի անվերջ շրջանակը։