Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատունը լոյսին բերաւ աննախընթաց հատոր մը, նուիրուած լիբանահայ երգչախումբերու պատմութեան։
Ուշագրաւ է որ լիբանանահայ մշակոյթի կազմակերպուած, հաստատութիւն դարձած առաջին դրսեւորումները եղան երգչախումբերը։ Յիրաւի, Կիլիկիայէն տասնեակ հազարաւոր հայ գաղթականներու Լիբանան հասնելէն կարճ ժամանակ ետ, հայ երաժիշտներ եւ խմբավարներ նախաձեռնեցին երգչախումբերու կազմութեան։ Այս երգչախումբերը տարեկան համերգներ տուին ոչ միայն Պէյրութի, այլեւ Թրիփոլիի ու Զահլէի, Լաթաքիոյ, Դամասկոսի մէջ եւ այլուր։
Այս երգչախումբերուն դերը մեծ եղաւ բարոյազրկուած եւ յուսալքուած հայ գաղթականներուն հոգեբարոյական կազդուրման, վերելքին եւ լիբանահայ ինքնութեան կոփումին մէջ։
576 էջ հաշուող այս մենագրութեամբ, Ռուպինա Արթինեան լուսարձակի տակ կ'առնէ այս երախտաշատ երգչախումբերը, կը խմբաւորէ զանոնք, կ'ընէ պատումը անոնց երաժշտական գործունէութեանց եւ անոնց խմբավարներուն իրագործումներուն։
Հատորը աննախընթաց է նաեւ այն առումով որ կը ներկայացպէ լիբանանահայ մշակութային որոշակի բնագաւառի մը հարիւրամեայ ամբողջական համապատումը։