«ՀՄԸՄ Պարտէզ»ին ճամբաներով

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ21)

Մարզա­­­կան «ամե­­­­նաթի­­­­թիզ» ֆութպո­­­­լի տա­­­­րազով կե­­­­ցած եմ շէն­­­­քիս առ­­­­ջեւ։ Ըսեմ, որ այդ տա­­­­րուայ իմ մտայ­­­­նութեամբս «թի­­­­թիզ տա­­­­րազ» կը նշա­­­­նակէր ՀՄԸՄ-ի նարնջա­­­­գոյն քա­­­­զակը, կա­­­­պոյտ շոր­­­­թը, մին­­­­չեւ ծունկ կար­­­­միր գուլպան. եռա­­­­գոյն դրօշն էր։ Բայց միշտ կը մտա­­­­ծէի՝ ին­­­­չո՞ւ հա­­­­կառակ ընտրած են գոյ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, ու ման­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան տրա­­­­մաբա­­­­նու­­­­թեամբ պա­­­­տաս­­­­խանս կ’ըլ­­­­լար՝ կ’երե­­­­ւի` նարնջա­­­­գոյն գուլպայ ճա­­­­րելը դժո­­­­ւար էր այդ ժա­­­­մանակ։ Լաւ, ֆան­­­­ֆա­­­­­­­­­­­­­­­րին ձայ­­­­նը ար­­­­դէն ամ­­­­բողջ Ազի­­­­զիէով լե­­­­ցուած է, ու սա կը նշա­­­­նակէ՝ ֆան­­­­ֆա­­­­­­­­­­­­­­­րի խումբը փորձ ու­­­­նի։ Ու աս ալ կը նշա­­­­նակէ, որ մեր տու­­­­նին մօտ՝ «ՀՄԸՄ պար­­­­տէզ»ին ետե­­­­ւի մեծ սեւ դու­­­­ռը բաց կրնայ ըլ­­­­լալ։ Եր­­­­կու քայ­­­­լով ար­­­­դէն հա­­­­սեր եմ Մաղ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­լէթ Հաֆ­­­­ֆա­­­­­­­­­­­­­­­րին քով, եւս եր­­­­կու քայլ՝ Մաֆ­­­­րուշաթ Թո­­­­րոս, ու դի­­­­մացս է ար­­­­դէն մեծ սեւ դուռ մը։ Այս դու­­­­ռը շատ քիչ բաց տե­­­­սած եմ. քա­­­­նի մը ան­­­­գամ երե­­­­ւի, երբ մեր աւա­­­­զի ֆութպո­­­­լի դաշ­­­­տին վրայ սիր­­­­քը կու գար, կամ երբ քա­­­­նի մը ան­­­­գամ առեւ­­­­տուրի մեծ պե­­­­տական ցու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­հան­­­­դէս եղաւ։ Դռան վե­­­­րը եր­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­թէ շի­­­­նուած չորս մեծ տա­­­­ռեր կան՝ ՀՄԸՄ։ «Հ»ին ճիշդ տա­­­­կը պզտիկ դուռ մը կար, ու հի­­­­մա կար­­­­ծես թէ բաց է։ Դու­­­­ռը կը բա­­­­նամ ու հպարտ-հպարտ ներս կը յայտնո­­­­ւիմ։ Ձախ կող­­­­մին վրայ ֆան­­­­ֆա­­­­­­­­­­­­­­­րի խումբը կե­­­­ցած է լռիւ կազ­­­­մով։ Ետեւ­­­­նին մեր ֆութպո­­­­լի աշ­­­­պալ՝ «կո­­­­րիւններ»ու խումբին սե­­­­նեակն է։ Եղ­­­­բայր Տիգ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­նը չափ կու տայ ու հա­­­­զիւ սխալ նոթ մը կը հնչէ՝ ձեռ­­­­քի արագ նշա­­­­նով մը կը դադ­­­­րեցնէ նո­­­­ւագը։ Այս պա­­­­հէն է, որ ես կ’օգ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւիմ ու ձախ կող­­­­մէն կը վա­­­­զեմ դէ­­­­պի մեր սե­­­­նեակը։ Ի մի­­­­ջի այ­­­­լոց ըսեմ՝ մեր սե­­­­նեակին ճիշդ կող­­­­քը ֆան­­­­ֆա­­­­­­­­­­­­­­­րի վար­­­­չութեան սե­­­­նեակն էր։

Դէ­­­­պի աջ կողմ՝ պզտիկ զա­­­­ռիվա­­­­րէ մը յե­­­­տոյ կը սկսի մեր աւա­­­­զէ ֆութպո­­­­լի դաշ­­­­տը։ Կար­­­­ծեմ աշ­­­­խարհի ամէ­­­­նատա­­­­րօրի­­­­նակ ֆութպո­­­­լի դաշտն է անի­­­­կա։ Դեռ առիթ կ’ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նամ պատ­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­լու այս դաշ­­­­տին մա­­­­սին։ Նախ­­­­քան դաշ­­­­տին առա­­­­ջին կո­­­­լը՝ դար­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­սը հաս­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­լը, հոն՝ ետե­­­­ւը, ինչ որ ան­­­­կիւն մը շատ մեծ եր­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­թէ կաթ­­­­սայ մը կայ։ Այս կաթ­­­­սան եթէ լե­­­­զու ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նար՝ շատ բա­­­­ներ կը խօ­­­­սէր։ Շատ յա­­­­ճախ մէ­­­­ջը կը պա­­­­հուը­­­­տէինք փիփ խա­­­­ղալու ժա­­­­մանակ, աւազ կը լեց­­­­նէինք, քեր­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­սի ժա­­­­մանակ կ’օգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­ւէր որ­­­­պէս կա­­­­զոզի մեծ սառ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­րան։ Նոյ­­­­նիսկ տա­­­­րի մը, կը յի­­­­շեմ, լաւ մը մաք­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­լէն վերջ, պար­­­­տէ­­­­­­­­­­­­­­­զին տի­­­­կին­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը իրենց ճա­­­­շերը պատ­­­­րաստե­­­­լու հա­­­­մար օգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­ցին։ Հի­­­­մա տխուր-տխուր ան­­­­կիւնը նե­­­­տուած է։

Առա­­­­ջին կո­­­­լին՝ դար­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­սին քովն եմ. երե­­­­ւի գաղտնիք մը չէ եթէ ըսեմ, որ ֆութպո­­­­լի դաշ­­­­տը ուղղան­­­­կիւն պէտք է ըլ­­­­լայ, սա­­­­կայն մեր դաշ­­­­տը այդպէս չէ. աւե­­­­լի ճիշդ՝ մէկ կող­­­­մը ուղղան­­­­կիւն է, իսկ միւս կող­­­­մը՝ սե­­­­նեակ­­­­ներ, դռներ, պա­­­­տու­­­­հաններ, ջու­­­­րի ծո­­­­րակ, է՛հ, եւայլն... Ու հի­­­­մա քա­­­­լելով ձե­­­­զի հա­­­­տիկ-հա­­­­տիկ կը ծա­­­­նօթաց­­­­նեմ այս վայ­­­­րը։ Կո­­­­լէն ան­­­­ցայ քա­­­­նի մը քայլ, ձախ կողմս սե­­­­նեակի մը դու­­­­ռը կար, որուն մուտքը պար­­­­տէ­­­­­­­­­­­­­­­զին մէ­­­­ջէն էր։ Առաջ այս սե­­­­նեակը ֆութպո­­­­լիստնե­­­­րուն կը պատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­նէր, յե­­­­տոյ ան­­­­ցաւ իրենց գլխա­­­­ւոր մրցա­­­­կից­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն՝ պաս­­­­քեթպո­­­­լիստնե­­­­րուն։ Աս դու­­­­ռը յե­­­­տոյ ծե­­­­փեցին, փա­­­­կեցին։ Քա­­­­նի մը քայլ յե­­­­տոյ կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նական դուռ մը կայ՝ բան­­­­տի դռան նման՝ եր­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­թէ ձո­­­­ղերով պատ­­­­րաստո­­­­ւած։ Շատ յա­­­­ճախ այս դու­­­­ռը կ’օգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծէինք երկրորդ յարկ մագլցե­­­­լու հա­­­­մար։ Այս դու­­­­ռէն կ’եր­­­­թանք դէ­­­­պի «ՀՄԸՄ պար­­­­տէզ»ի ներ­­­­քին բա­­­­կը։ Բայց ես ձե­­­­զի խոս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ցայ, որ ֆութպո­­­­լի դաշ­­­­տին մա­­­­սին պի­­­­տի պատ­­­­մեմ։ Դռան կող­­­­քը՝ ծուռ պատ մը, պա­­­­տին մէջ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­ղը՝ պա­­­­տու­­­­հան մը, դար­­­­ձեալ բան­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յին հո­­­­գեբա­­­­նու­­­­թեամբ՝ եր­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­թէ ձո­­­­ղերով։ Ասոր ետե­­­­ւը ֆութպո­­­­լի շա­­­­պապի՝ երի­­­­տասար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կան խումբին սե­­­­նեակն էր։ Տա­­­­րիներ յե­­­­տոյ հոս ալ պի­­­­տի հա­­­­ւաքո­­­­ւէինք, ժո­­­­ղով ընէինք ու պատ­­­­րաստո­­­­ւէինք մեր մրցումնե­­­­րուն։ Այս պա­­­­տին ան­­­­կիւնը երեք հո­­­­գի նստե­­­­լու սթրա­­­­թեժիք տեղ մը կար. միայն երեք հո­­­­գիի տեղ։ Ան որ կը յա­­­­ջողէր հոս նստիլ ֆութպո­­­­լի խա­­­­ղը դի­­­­տելու հա­­­­մար շատ բախ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր կը հա­­­­մարո­­­­ւէր։ Այս պա­­­­տին հետ եթէ շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կեմ քա­­­­լել, ար­­­­դէն դաշ­­­­տը ֆութպո­­­­լի դաշտ կո­­­­չելը անի­­­­մաստ կը դառ­­­­նայ, որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ լռիւ ու­­­­րիշ ան­­­­կիւն մը կ’եր­­­­թանք։ Այդ ան­­­­կիւնն ալ ու­­­­նէր եր­­­­կու պա­­­­տու­­­­հան։ Մէ­­­­կը՝ դէ­­­­պի հայ­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­կին սե­­­­նեակը, միւ­­­­սը՝ դէ­­­­պի հայ­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­կին խո­­­­հանո­­­­ցը։ Նոյն ան­­­­կիւնին վրայ՝ ջու­­­­րի ծո­­­­րակ և գե­­­­տինը՝ եր­­­­կար խոր­­­­թում՝ խո­­­­ղովակ, որ յա­­­­ճախ ամա­­­­ռը կ’օգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­ւէր աւա­­­­զի դաշ­­­­տը ջրե­­­­լու հա­­­­մար։ Այնտեղ, պա­­­­տին վրայ կը մնա­­­­յին երեք սե­­­­նեակ­­­­ներ. եր­­­­կուքը՝ ՀՄԸՄ-ի գայ­­­­լիկնե­­­­րուն, իսկ ամէ­­­­նածայ­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­նը՝ ֆութպո­­­­լի նա­­­­շիին՝ պա­­­­տանե­­­­կան խումբին հա­­­­մար: Հոս ալ մէկ տա­­­­րիի չափ վա­­­­յելեր եմ։ Այս սե­­­­նեակէն վերջ նոր­­­­մալ պատ մը կու գայ, որ շատ յա­­­­ճախ ֆութպո­­­­լի դաշ­­­­տի թրի­­­­պու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­յին դե­­­­րը կը խա­­­­ղար։ Ծայ­­­­րը՝ քոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րի՝ ան­­­­կիւնին տեղն է, կող­­­­քը՝ երկրորդ կո­­­­լը, կող­­­­քը՝ միւս քոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րի ան­­­­կիւնը, ուր կար այս դաշ­­­­տին ամէ­­­­նահռչա­­­­կաւոր աս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­ճանը։ Ին­­­­չո՛ւ կ’ըսեմ` հռչա­­­­կաւոր, որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ երե­­­­ւի ֆութպո­­­­լիստ մը չկայ, որ այս աւա­­­­զի դաշ­­­­տին վրայ փորձ ըրած ատէն չէ բարձրա­­­­ցած այս աս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­ճանին վրայ ու փո­­­­ղոցին նա­­­­յելով չէ կան­­­­չած. «թա­­­­պէ, թա­­­­պէ, մաալ­­­­լեմ, շու­­­­թա՛, շու­­­­թա՛, լա հոն» («գնդա՛կը, գնդա՛կը, վար­­­­պետ, զարկ՝ նե­­­­տէ դէ­­­­պի հոս») ։ Այս էր իմ ժա­­­­մանա­­­­կուայ ՀՄԸՄ-ի ֆութպո­­­­լի դաշ­­­­տին պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քան­­­­չիւր աւա­­­­զի հա­­­­տիկ եթէ կա­­­­րենար խօ­­­­սիլ՝ ան­­­­պայման յուշ մը կը պատ­­­­մէր հա­­­­զարա­­­­ւոր երի­­­­տասարդնե­­­­րու մա­­­­սին, որոնք ժա­­­­մեր ան­­­­ցուցած են այս դաշ­­­­տին վրայ։ Եւ ոչ թէ միայն ֆութպոլ խա­­­­ղալով, այ­­­­լեւ հա­­­­զարու­­­­մէկ խենթ-խենթ խա­­­­ղեր` սկսած փի­­­­փէն, վեր­­­ջա­­­­­­­ցու­­­ցած «ու­­­զուն էշակ»ով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ