Թուրքիոյ հասարակական ընկալումներուն մէջ քաղաքապետարանը մինչեւ երկու կամ երեք տասնեակ տարիներ առաջ կառավարական կառոյցի մը բնոյթը ունէր։ Աշխարհի նոր դրուածքին մէջ, երբ համատարած տիրող փառքը դարձաւ ամբոխավարութիւնը, իսկոյն փոխուեցաւ նաեւ քաղաքապետարանի ընկալումը։ Ընտրուած քաղաքապետներ նախապատուութիւն տուին ընտրողներու զանգուածին ուղղուած ծառայութիւններու։
Այդ շրջանին էր, որ փոքրամասնութիւնները եւս վայելեցին քաղաքապետարաններու ընձեռած դիւրութիւնները։ Կը յիշեմ Աւագ հինգշաբթին, որուն խորհուրդն է այցելել եօթ եկեղեցիներ, քաղաքապետարանները հանրաշարժներ կը տրամադրէին հաւատացեալներու սպասարկման։
Նման ծառայութիւններու մէջ յատկապէս փայլեցաւ Շիշլիի երբեմնի քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ։ Ան նոյնիսկ գործը հասցուց այնքան ցած մակարդակի, որ հետզհետէ հեգնական ծիծաղ դարձած էր անոր տեղի-անտեղի «քոյրիկներ, աղբարիկներ ես ձեզ շատ կը սիրեմ» կաղապար նախադասութիւնը։
Այսօր Շիշլիի քաղաքապետարանի աթոռին վրայ կայ լուրջ ու գիտակից անձնաւորութիւն՝ յանձին Մուամմէր Կիւլէրի։ Ան կը խուսափի շռնդալից արտայայտութիւններէ, բայց մեծ ջանք կը վատնէ քաղաքապետարանի պաշտօններուն զուգահեռ իր ներկայացուցած աւանի պատմամշակութային արժանիքները վեր առնելու համար։
10 Հոկտեմբեր երեքշաբթի, ցերեկուայ ժամերուն Քուրթուլուշի յունաց նախակրթարանի պարտէզին մէջ կայացաւ յատուկ շնորհանդէս մը, քաղաքապետարանի ջանքերով գրուած ու հրատարակուած 14 գիրքերու։
12 հեղինակներ իրենց նիւթ ընտրած են Շիշլիի զանազան թաղամասերը, անոնց ոչ ակադեմական եղանակով ներկայացուած պատմութիւնով ու վկայութիւններով։ Կարելի է ըսել թէ հեղինակները ընդհանրապէս օգտուած են նախապէս կատարուած զանազան աշխատութիւններէ, անոնց կարգին նաեւ անհատական վկայութիւններէ։
Քաղաքապետ Մուամմէր Կիւլէր այս առթիւ կատարած ելոյթին մէջ նշեց նաեւ իրենց կողմէ ծրագրուած բանաւոր պատմութիւններու նախագիծը։ Ան ընդգծեց թէ նկարահանուած տեսակցութիւնները հասանելի են քաղաքապետարանի կայքէջին վրայ։ Կիւլէն աւելցուց որ թաղամասերու շարքը պիտի շարունակէ ընդլայնիլ ներառելով այսօր բացակայ թաղամասերը։
Շնորհանդէսը ծրագիրը համակարգողներու, գիրքերու հեղինակներու եւ վերջապէս Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Կիւլէրի ելոյթով հասաւ իր աւարտին։ Մասնակիցները ժողովավայրէն հեռացան իրենց հետ ունենալով 14 գիրքերէ բաղկացող ծրարներ։