Ողբ Արցախի կորուստի կամ ալ կամք վերահաստատման

ՄԱԿ-ի դի­տորդնե­րու հա­մաձայն Ար­ցա­խի մէջ մնա­ցած հա­յերու թի­ւը 50-էն 1000-ի մի­ջեւ է։ Ար­դէն յայ­տա­րարո­ւած էր, որ պե­տական պաշ­տօն զբա­ղեց­նողնե­րու մէկ մա­սը պի­տի շա­րու­նա­կեն մնալ մին­չեւ պե­տական հա­մակար­գի ամ­բողջա­կան վե­րացու­մը։

Միւս կող­մէ Ատրպէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը կը շա­րու­նա­կեն ձեր­բա­կալու­թիւննե­րու։ Նա­խորդ շա­բաթ ձեր­բա­կալուած զի­նուո­րական­նե­րէ ետք այս ան­գամ ալ կը հա­ղոր­դո­ւի պե­տական գոր­ծիչնե­րու ձեր­բա­կալու­թեան եւ Պա­քու փո­խադրման մա­սին լու­րեր։

Աշ­խարհի աչ­քե­րուն առ­ջեւ կա­յացած տոհ­միկ զտու­մի հե­­տեւանքնե­­րը տա­­կաւին եր­­կար պի­­տի զբա­­ղեց­­նեն Հա­­յաս­­տա­­­նի ըն­­կե­­­րաքա­­ղաքա­­կան օրա­­կար­­գը։ Աթէն­­քի եւ Պրիւքսէ­­լի մէջ կա­­յացած հան­­րա­­­հաւաք­­նե­­­րը հայ ան­­հատնե­­րու պոռթկու­­մը ցո­­լաց­­նե­­­լէ դուրս նշա­­նակու­­թիւն մը առայժմ չու­­նին։ Ցա­­ւօք կը տես­­նենք թէ սփիւռքեան աւան­­դա­­­կան կու­­սակցու­­թիւններն ալ մատ­­նո­­­ւած են հա­­մազ­­գա­­­յին շո­­ւարու­­մի եւ ան­­ճա­­­րակու­­թեան ճի­­րան­­նե­­­րուն։

Օրո­­ւայ հրա­­մայա­­կանն է գո­­յաց­­նել հա­­մազ­­գա­­­յին կամ­­քի դրսե­­ւոր­­ման լծակ­­նե­­­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ