Հայաստանի Խորհրդարանը ընդունեց Հռոմի կանոնադրութիւնը

Ազգա­յին ժո­ղովը 60 թեր, 22 դէմ քո­ւէնե­րով վա­ւերա­ցուց Հռո­մի կա­նոնադ­րութեան օրէն­քի նա­խագի­ծը։ 7 օրեայ ժամ­կէ­տի մը ըն­թացքին, Ազ­գա­յին ժո­ղովը նա­խագի­ծը պի­տի ու­ղարկէ նա­խագա­հին. ստո­րագ­րութեան հա­մար։

Նախ­քան քո­ւէար­կութիւ­նը, ընդդի­մադիր «Հա­յաս­տան» եւ «Պա­տիւ Ու­նեմ» խմբակ­ցութիւննե­րը յայ­տա­րարե­ցին, որ դէմ պի­տի քո­ւէար­կեն նա­խագի­ծին։

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղովին կող­մէ Հռո­մի սահ­մա­նադ­րութեան վա­ւերա­ցու­մէն ժա­մեր ետք, Քրեմ­լի­նը յայ­տա­րարեց, որ ասի­կա ճիշդ քայլ չէ երկկողմ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու դի­տան­կիւնէն։

Նա­խոր­դող օրե­րուն, Ռու­սիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը յայտնած էր, որ տե­ղեակ պա­հած է Երե­ւանը, թէ հայ­կա­կան կող­մի այս քայ­լը անըն­դունե­լի է, մա­նաւանդ երբ մի­ջազ­գա­յին դա­տարա­նը Ռու­սիոյ բարձրա­գոյն ղե­կավա­րու­թեան «ձեր­բա­կալ­ման հրա­ման» տո­ւած է։ Հա­կառակ մաս­նա­գէտ­նե­րու պնդու­մին, որ Հա­յաս­տան պէտք է ձեր­բա­կալէ Փու­թի­նը՝ Երե­ւան այ­ցե­լելու պա­րագա­յին, Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը բազ­միցս վստա­հեցու­ցին, որ Երե­ւան այդպի­սի մտադ­րութիւն չու­նի։

Երեք­շաբթի, 3 Հոկ­տեմբե­րին, խորհրդա­րանի քո­ւէար­կութեան ար­ձա­գան­գեց նաեւ Ռու­սիոյ Տու­մա­յի նա­խագահ Վեաչես­լաւ Վո­լոտին։ «Թե­լեկ­րամ»ի իր ալի­քին մէջ գրե­լով, թէ այս որո­շու­մը հար­ցեր պի­տի ստեղ­ծէ առա­ջին հեր­թին Հա­յաս­տա­նի եւ անոր քա­ղաքա­ցինե­րուն հա­մար։ Ան յա­ւելեալ ման­րա­մաս­նութիւն չտո­ւաւ։ «Ասի­կա չմտա­ծուած, ռազ­մա­վարա­կան առու­մով ոչ-ճիշդ որո­շում է։ Որե­ւէ որո­շում եւ ամէն ինչ կա­րելի է բա­ցատ­րել, բայց անոնք, որոնք տո­ւին այս որո­շու­մը, պէտք է պա­տաս­խա­նեն, թէ ին­չո՛ւ», գրեց ան։

«Ազա­տու­թիւն»ը կը տե­ղեկաց­նէ, թէ տա­կաւին յստակ չէ, որ ի՞նչ պա­տաս­խան քայ­լե­րու պի­տի դի­մէ Մոս­կո­ւա, սա­կայն աւե­լի կա­նուխ Քրեմ­լի­նի բան­բե­րը ակ­նարկեց, թէ Հա­յաս­տան տնտե­սական առու­մով մե­ծապէս կա­խեալ է Ռու­սիայէն՝ յի­շեց­նե­լով, որ այ­սօր Մոս­կո­ւան է, որ Երե­ւանին կազ կը վա­ճառէ շու­կա­յէն ցած գի­նով։

Այս բո­լորին լոյ­սին տակ, հա­յաս­տանցի գոր­ծա­րար­նե­րը ար­դէն կ՛ահա­զան­գեն, թէ դժո­ւարու­թիւններ ու­նին։ Վե­րին Լար­սի մէջ, ուր հայ­կա­կան քո­նեաքով բեռ­ցո­ւած շուրջ 60 բեռ­նա­տար­ներ կանգնած՝ կը սպա­սեն ռու­սա­կան կող­մի ստու­գումնե­րու աւար­տին.

Ամէն պա­րագա­յի, Մոս­կո­ւա թէ՛ 3 Հոկ­տեմբե­րին եւ թէ նա­խորդ օրե­րուն, անդրա­դառ­նա­լով «Ռու­սիոյ նկատ­մամբ ոչ-բա­րեկա­մական քայ­լե­րուն»՝ շեշ­տեց, թէ յոյս ու­նի, որ Հա­յաս­տան պի­տի շա­րու­նա­կէ մնալ Ռու­սիոյ դաշ­նա­կիցը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ