Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ 1 Հոկտեմբեր 2023, Կիրակի օր Պոլսոյ Հայ Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ վախճանման տասնամեակին առթիւ հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցաւ երջանկայիշատակ Շահան Արքեպս. Սվաճեան։
Նոյն առթիւ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 28 Սեպտեմբեր , Հինգշաբթի օր, արարողութեան հանդիսապետեց ու Ս. Պատարագ մատուցեց՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Արարողութեան աւարտին քարոզեց Հայր սուրբը եւ ներկայացուց Շահան Արքեպիսկոպոսի ծառայութիւնը։ Ինք ըլլալով հաւատարիմ զաւակ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, իր կալուածներէն մին նուիրած էր Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան։ Պոլսոյ մէջ իր ներդրումը բերած էր ազգային հաստատութիւններուն, որոնց շարքին է Կեդրոնական Վարժարանը։
Հայր սուրբը աշակերտներուն թելադրեց, որ մօտենան անցեալի արժէքներուն, որոնց մէջ թաքնուած է մեր պատմութիւնը։
Այդ ըսելու պահուն Հայր սուրբը կարիք չտեսաւ անդրադառնալու Արցախի մէջ տիրող ողբերգութեան, որուն անդրադառնալու համար Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կոչ ուղղած էր Հայ Առաքելական Եկեղեցու բոլոր թեմերուն այդ նոյն 1 Հոկտեմբերի օրը արցախահայութեան համար համազգային աղօթք բարձրացնելու պահանջով։