Ֆրանսայի ԱԳՆ-ի շփումները Հայաստանի մէջ

Պաշտօ­­նական այ­­ցե­­­լու­­թեամբ Հա­­յաս­­տան գտնո­­ւող Ֆրան­­սա­­­յի Եւ­­րո­­­պայի եւ ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարար Քաթ­­րին Քո­­լոնա ար­­ձա­­­գան­­գեց Հա­­յաս­­տա­­­նի Խորհրդա­­րանի Հռո­­մի կա­­նոնադ­­րութիւ­­նը վա­­ւերա­­ցու­­մին։ Ան նկա­­տել տո­­ւաւ, որ այսպի­­սով Հա­­յաս­­տան պի­­տի դառ­­նայ Մի­­ջազ­­գա­­­յին քրէական դա­­տարա­­նի մաս­­նա­­­կից պե­­տու­­թիւն։ Ըստ նա­­խարա­­րին «ան­­պատժե­­լիու­­թեան դէմ պայ­­քա­­­րը խա­­ղաղու­­թեան եւ կա­­յու­­նութեան պայ­­մաննե­­րէն է»։

Քաթ­­րին Քո­­լոնա յայտնեց, որ Ֆրան­­սա իր հա­­մաձայ­­նութիւ­­նը տո­ւաւ Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ կնքե­­լու ապա­­գայ հա­­մաձայ­­նա­­­գիր մը, որ կա­­րելիու­­թիւն պի­­տի տայ ռազ­­մա­­­կան սար­­քա­­­ւորումներ տրա­­մադ­­րել Հա­­յաս­­տա­­­նին՝ իր պաշտպա­­նու­­թիւնը ապա­­հովե­­լու հա­­մար։

Ան դի­­տել տո­­ւաւ, որ այս բնա­­գաւա­­ռին մէջ եր­­կու կող­­մէ ալ շատ լուրջ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեամբ կը գոր­­ծեն, որ­­պէսզի ցնցումներ չյա­­ռաջա­­նան։ «Մենք կը գի­­տակ­­ցինք, որ Հա­­յաս­­տա­­­նի կող­­քին կայ այնպի­­սի դրա­­ցի եր­­կիր մը, որ անընդհատ թշնա­­մական գոր­­ծո­­­ղու­­թիւններ կը կա­­տարէ», յայտնեց Քո­­լոնա։

Քո­­լոնա նաեւ խօ­­սեցաւ Ար­­ցա­­­խի մա­­սին՝ դի­­տել տա­­լով, որ անոր բնա­­կիչ հա­­յերը ինքնա­­կամ չհե­­ռացան իրենց տու­­նե­­­րէն, այլ եղա­­ծը բռնի տե­­ղահա­­նու­­թիւն էր. Տե­­ղի ու­­նե­­­ցածը մի­­ջազ­­գա­­­յին իրա­­ւունքի կոպ­­տա­­­գոյն խախ­­տում, իս­­կա­­­կան ոճիր է։

Քո­­լոնան շեշ­­տեց, որ այս փաս­­տին յստակ գնա­­հատա­­կան տա­­լը կա­­րեւոր է, եւ աւել­­ցուց, որ այդ սու­­տը ոչ ոք կը մո­­լորեց­­նէ.

«Մար­­դա­­­սիրա­­կան այս սար­­սա­­­փելի աղէ­­տի լոյ­­սին տակ, Ֆրան­­սա 12.5 մի­­լիոն եու­­րո­­­յի օգ­­նութիւն յատ­­կա­­­ցուց Հա­­յաս­­տա­­­նին, որ պի­­տի տրա­­մադ­­րուի բռնի տե­­ղահա­­նուած­­նե­­­րուն հա­­մար ար­­ժա­­­նապա­­տիւ պայ­­մաննե­­րու ապա­­հով­­ման։ Ես կը խոս­­տա­­­նամ, որ այդ օգ­­նութիւ­­նը ըլ­­լայ շա­­րու­­նա­­­կական եւ դար­­ձեալ տրա­­մադ­­րո­­­ւի, եթէ պէտք ըլ­­լայ», ըսաւ Քո­­լոնա։

Ան նաեւ տե­­ղեկա­­ցուց, որ պաշ­­տօ­­­նական դի­­մում կա­­տարած է Եւ­­րո­­­պական Միու­­թեան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Ժո­­զեփ Պո­­րելին։ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ դի­­տոր­­դա­­­կան առա­­քելու­­թիւնը ընդլայ­­նե­­­լու, ինչպէս նաեւ առա­­քելու­­թեան յանձնա­­ռու­­թիւնը հզօ­­րաց­­նե­­­լու հա­­մար, որ­­պէսզի կա­­րենայ առա­­ւել օգ­­տա­­­կար ըլ­­լալ Հա­­յաս­­տա­­­նին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ