Ատրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրները հաստատեցին, որ Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Արային Յարութիւնեան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան ձերբակալուեցան եւ տեղափոխուեցան Պաքու։
Արցախի պետական նախարար Արթուր Յարութիւնեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ ինք, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արարատ Մելքումեան, ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեան եւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը ատրպէյճանական անցակէտով 3 Հոկտեմբերին հասան Հայաստան։ Նախկին նախագահներուն եւ Ազգային ժողովի նախագահին ձերբակալութիւններուն վերաբերեալ որեւէ մեկնաբանութիւն չկատարեց. ան միայն ըսաւ, որ երբ իրենք ճամբայ ելան, անոնք տակաւին Ստեփանակերտ կը գտնուէին։