ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Ճամբու տեւողութեամբ կը զրուցենք Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ մեր ալ մասնակից դարձած Սուրբ Խաչի տաղաւարի պատարագի ներշնչումով։ Ուրմիա անշուշտ որ հայաշատ քաղաք մը եղած է անցեալին։ Այժմ մնացորդացը կը փորձէ պահել, այդ անցեալի յիշատակը միայն։
Մեր առջեւ գտնուող Սալմաստն ալ շատ տարբեր չէ այս առումով։ Անուանի վիպագիր Ռաֆֆիի ծննդավայրն է ան։ «Խաչագողի Յիշատակարան»ի մէջ կը նկարագրուի նաեւ յարակից գիւղը, որուն բնակիչներն են այդ հրաշալի վէպին մէջ յիշուած խաչագողները։
Այդ տրամադրութիւնով կը մտնենք քաղաքի մերձակայ գիւղի մէջ հետզհետէ ամայացած Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին։ Առաջին հերթին կը տպաւորուինք հրաշալի որմնանկարներով։ Մուտքի դռնէն նայելով աջ պատի վրայ նկարուած է Սուրբ Սարգիսն ու Սուրբ Գէորգը իրենց ամենածանօթ երեւոյթով։
Սուրբ Գէորգ ձիուն վրայ, նիզակը ձեռքին կը սպաննէ վիշապ աժդահակին, որ կը սողայ ձիու սմբակներուն տակ։ Կողքին նկարուած է Սուրբ Սարգիսը, դարձեալ ձիու վրայ իր ետին ունենալով բիւզանդացի այն երիտասարդուհին, որ պարզած էր բիւզանդացիներու սարքած դաւադրութիւնը։
Հանդիպակած պատի վրայ այս անգամ նկարուած է դրախտն ու դժոխքը։ Երկու գեղեցիկ որմնանկարներ, որոնք երկար տարիներ ջնջուած ըլլալով հազիւ վերջերս է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ջանքերով կրկին տեսանելի դարձան։ Իսկ տաճարը այժմ վերածուած է թանգարանի։ Պարսիկ տիկին մը, որ պաշտօնեան է Ժառանգութեան Նախարարութեան, տեղեկութիւններ կը փոխանցէ կատարուած աշխատանքի մասին։ Անգամ մը եւս կը վկայենք թէ երկրի մը կառավարութեան անուանումը չէ, գործելաոճն է իմաստալից։ Իսլամական Պետութիւնը իր կարելին ի գործ դրած է քրիստոնէական սրբանկարներու բացայայտման համար։
Նոյն գնահատականը պիտի ունենայինք աւելի ուշ այս անգամ այցելելով Թադէի Վանական համալիրը եւ Սուրբ Ստեփանոսի վանքը։ Այս պահուն դարձեալ կը յիշենք մեր սիրելի երէց եղբօր վկայութիւնները, որ նոյնպէս հաստատած էր մեր տեսածները եւ այժմու խորհուրդները։ Պարսկաստանի թրքաբնակ այս հատուածը այցելելով յաճախ տարուեցանք նման մտածումներու։ «Հայը խնդիր չունի մահմետականութեան հետ։ Խնդիրը պիտի յառաջանայ միայն ու միայն ատելութենէ»։
Վերջապէս դրախտն ու դժոխքի խորհուրդը համաչափ կերպով տեղ գտած են երկնային բոլոր կրօնքներու մէջ։ Եկեղեցին կամ մզկիթը այդ նոյն օրինակներով կ՚առաջարկեն՝ անհաւատներու պատժումը։ Բայց աւելի տպաւորիչ էր թանգարանի վերածուած Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ տեսնել Ռաֆֆիի կիսանդրին։ Այդ պահուն ալ յիշեցինք ուրիշ անուն մը, երբ Օրթագիւղի եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուեցաւ հայ գրականութեան մեծանուն երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի կիսանդրին «Մարմարա» թերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան հեգնանքով ափսոսած թէ ամբողջ կեանքի տեւողութեամբ եկեղեցւոյ յետադիմականութեան դէմ մելան սպառած Պարոնեան յետ մահու դարձեալ դատապարտուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին։ Չի կրցաւ նոյնիսկ քայլ մը հեռու երթալ։ Հոս ալ նոյն բանը կը կրկնուէր եւ Ռաֆֆի, որ միշտ քննադատած է հոգեւորականները ժողովուրդի ազատատենչ կամքը ճնշելու առումով, հիմա եւս մնացած էր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ։
Իւրաքանչիւր անկիւնադարձ գիւտ մը դարձած էր այս ճամբորդութեան ընթացքին, բայց եղած էր նաեւ նոյնքան յոգնեցուցիչ։ Օրուայ աւարտին բոլորս կը զգայինք այդ յոգնութիւնը եւ բնականաբար կը դժուարանայինք մեր կոպերու ծանրութիւնը զսպելու։
Անհամբերութիւնը հետզհետէ բարձրացած էր թէ Թաւրիզը ըմբոշխնելու եւ թէ այլեւս մեր գրպանի գումարները տեղականի հետ փոխելու համար։