Ողջունելով Շահան Արծրունիի մեծ մարտահրաւէրը

Արուես­տա­գէ­տի ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծա­­­կան վաս­­տա­­­կը սահ­­մա­­­նուած չէ իր կեան­­քի տա­­րինե­­րով։ Անոր միտ­­քը կը տան­­ջուի նաեւ յա­­ջորդ սե­­րունդնե­­րու թո­­ղելիք աւան­­դով։ Թե­­րեւս այդ մտա­­հոգու­­թիւնը դրդած է անո­­ւանի դաշ­­նա­­­կահար Շա­­հան Արծրու­­նիի տես­­լա­­­կանը, որ որո­­շած է ապա­­գային թող­­նել հայ դաշ­­նա­­­մու­­րա­­­յին երաժշտու­­թեան ամե­­նածա­­ւալուն հա­­ւաքա­­ծոն, իր իսկ մեկ­­նա­­­բանու­­թեամբ։

Ծա­­ւալուն տես­­լա­­­կան մըն է այս, որ աւար­­տին պի­­տի ներ­­կա­­­յանայ 8 խտա­­ցեալ սկա­­ւառակ­­նե­­­րով։

Իր Պո­­լիս այ­­ցե­­­լու­­թեան օրե­­րուն ան կը զբա­­ղէր նաեւ ծրագ­­րի չոր­­րորդ խտա­­սալի­­կի վեր­­ջին պատ­­րաստու­­թիւննե­­րով։ «Ակօս»ի խմբագ­­րա­­­տան մէջ առի­­թը ու­­նե­­­ցանք այս աշ­­խա­­­տան­­քի շուրջ իր հետ զրու­­ցե­­­լու։

Արծրու­­նի ար­­դար հպար­­տութեամբ յայտնեց թէ ար­­դէն լոյս տե­­սած են նա­­խագ­­ծի առա­­ջին երեք սկա­­ւառակ­­նե­­­րը։ «Սկզբնա­­կէտը եղաւ մեծն Կո­­միտա­­սի դաշ­­նա­­­մու­­րա­­­յին գոր­­ծե­­­րը։ Անոր յա­­ջոր­­դեց Կո­­միտա­­սի ժա­­մանա­­կակից­­նե­­­րու գոր­­ծե­­­րը եւ ապա ան­­ջատ սկա­­ւառակ մը ըլ­­լա­­­լով ամե­­րիկա­­հայ եր­­գա­­­հան Ալան Յով­­հաննէ­­սի ան­­ձամբ ին­­ծի յանձնած ան­­տիպ ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րու կա­­տարումնե­­րը։ Չոր­­րորդ սկա­­ւառա­­կը պի­­տի նե­­րառէ հայ դա­­սական երաժշտու­­թեան ոլոր­­տի կին եր­­գա­­­հան­­նե­­­րու ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը»։

Առանց վա­­րանու­­մի կա­­րելի է ըսել, որ Շա­­հան Արծրու­­նիի այս ձեռ­­նարկը հա­­մապա­­տաս­­խան է հան­­րա­­­գիտա­­րանի մը տա­­րողու­­թեան։ Այս կ՚ըսենք նկա­­տի ու­­նե­­­նալով նա­­խորդ երեք հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րուն ներ­­կա­­­յաց­­ման եղա­­նակը։ «Քա­­լան» ըն­­կե­­­րու­­թեան կող­­մէ թո­­ղար­­կո­­­ւած այդ սկա­­ւառակ­­նե­­­րը օժ­­տո­­­ւած էին նաեւ հե­­ղինակ­­նե­­­րու կեն­­սագրու­­թիւննե­­րով եւ այլ ծա­­նօթագ­­րութիւննե­­րով։ Արծրու­­նի ափ­­սո­­­սան­­քով կը յայտնէ, թէ ըն­­կե­­­րու­­թեան հիմ­­նա­­­դիր Հա­­սան Սալ­­թը­­­քի մա­­հէն ետք, նկա­­տի ու­­նե­­­նալով ձայ­­նագրու­­թեան շու­­կա­­­յի այժմու պայ­­մաննե­­րը, պի­­տի հրա­­ժարի չոր­­րորդ սկա­­ւառա­­կը նա­­խորդնե­­րուն նման խնա­­մեալ ձե­­ւով հան­­րութեան մա­­տու­­ցե­­­լէ։ «Շու­­կա­­­յի պայ­­մաննե­­րը բո­­լորո­­վին տար­­բեր են հի­­մա։ Հա­­սարա­­կու­­թիւնը դադ­­րած է երաժշտու­­թեան հա­­մար գու­­մար ծախ­­սե­­­լու սո­­վորու­­թե­­­նէն։ Հա­­ւանա­­բար մենք ալ այս աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւնը ունկնդրո­­ղին պի­­տի փո­­խան­­ցենք սոց­­ցանցե­­րու, յատ­­կա­­­պէս «Եու­­թուպ»ի կամ աւե­­լի բարձր մա­­կար­­դա­­­կով «սփո­­թիֆայ»ի մի­­ջոց­­նե­­­րով»։

Տե­­ղին են Շա­­հան Արծրու­­նիի հաս­­տա­­­տումնե­­րը, բայց խոս­­տո­­­վանինք որ իր մէջ նա­­հանջ մը կը խորհրդան­­շէ։ Մի գու­­ցէ երի­­տասարդ սե­­րունդնե­­րու հա­­մար, որոնք թեր­­թե­­­րը կամ գիր­­քե­­­րը կը սի­­րեն կար­­դալ նոյ­­նիսկ ափի մը ծա­­ւալով բջջա­­յին հե­­ռախօս­­նե­­­րու էկ­­րաննե­­րէն, այդքան ալ մեծ նշա­­նակու­­թիւն չու­­նի այս ընդհա­­նուր պատ­­կե­­­րը։ Մա­­նաւանդ երբ գի­­տենք թէ առ­­ցանց հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րը եւս շատ եր­­կար տա­­րիներ կրնան պա­­հել իրենց վստա­­հուած տո­­ւեալ­­նե­­­րը։

Ժա­­մանա­­կը կը փո­­խուի եւ իր հետ կը փո­­խէ նաեւ բա­­զում սո­­վորու­­թիւններ։ Թե­­րեւս ապա­­գային ան­­տե­­­ղի բազ­­մութիւն եւ բեռ պի­­տի դառ­­նան գրա­­դարան­­նե­­­րը եւ եր­­գա­­­դարան­­նե­­­րը։ Ին­­չո՞ւ չէ նաեւ ֆիլ­­մա­­­դարան­­նե­­­րը։ Թան­­գա­­­րանա­­յին յի­­շողու­­թիւն պի­­տի դառ­­նայ «պիպ­­լիոթէք», «տիս­­քո­­­թէք» կամ «սի­­նամա­­թէք» բարդ բա­­ռերը։ Կ՚ար­­ժէ հարցնել, ար­­դեօք այս հո­­սան­­քին մէջ թան­­գա­­­րան­­նե­­­րը պի­­տի կա­­րենա՞ն պա­­հել իրենց գո­­յու­­թիւնը, թէ ոչ անոնք ալ աւե­­լի մատ­­չե­­­լի եւ հա­­սանե­­լի պի­­տի ըլ­­լան իրենց թո­­ւայ­­նա­­­ցած տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րով։

Հե­­տեւե­­լով Շա­­հան Արծրու­­նիի հայ դա­­սական երաժշտու­­թեան դաշ­­նա­­­մու­­րա­­­յին ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րուն հան­­դէպ տա­­ծած ու­­շադրու­­թեան, ակա­­մայ կը յի­­շեմ անուանի պա­­րիթոն Ռու­­հի Սո­­ւի ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը, որոնց իւ­­րա­­­քան­­չիւրը անու­­նով մը կամ խո­­րագի­­րով մը մշա­­կուած էին եւ դար­­ձեալ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէին հան­­րա­­­գիտա­­րանի բնոյ­­թով բո­­վան­­դա­­­կու­­թիւն մը ունկնդրի հա­­մար։

Սրտանց կ՚ող­­ջունենք մեր սի­­րելի բա­­րեկա­­մի որ­­դեգրած աշ­­խա­­­տան­­քը ան­­համբեր սպա­­սելով նախ չոր­­րորդ, եւ ապա յա­­ջորդ խո­­րագիր­­նե­­­րու լոյս աշ­­խարհ գա­­լու աւե­­տիսը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ