Քարթաբաշխումի ճամբան

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ21)

Այս օրե­րուն, բա­ցի Նոր տա­րուան եւ Սուրբ ծնունդին «թաշ­խա­լա»էն, սրտիս շատ մօ­տիկ երե­ւոյթ մը կար Հա­լէպի մէջ։ Բո­լոր ակումբնե­րը՝ սկաու­տա­կան, միու­թե­նական, կը մաս­նակցէին այդ երե­ւոյ­թին։ Ես ալ փոքր եղած ատենս մաս­նակցած եմ։ Այս հրա­շալի կազ­մա­կեր­պո­ւած երե­ւոյ­թը կը կո­չուէր «քար­թա­բաշ­խում»։ Կո­կիկ, սի­րուն զար­դա­րուած քարթ մը, որ ազ­գա­յին խորհրդա­նիշ­նե­րու կող­քին ան­պայման կ՚ընդգրկէր տո­ւեալ միու­թեան խորհրդա­նիշը եւ շնոր­հա­ւորա­կան խօս­քեր։ Ու բա­նակ մը երի­տասարդ-երի­տասար­դուհի­ներ, փո­ղոց­նե­րը ին­կած, տու­նէ տուն տո­ւեալ միու­թեան անու­նով կը շնոր­հա­ւորեն Նոր տա­րին եւ Սուրբ ծնունդը։ Հա­կառակ անոր որ վեր­ջին տա­րինե­րուն պա­տաս­խա­նատու դիրք ու­նե­ցած եմ այս երե­ւոյ­թին մէջ, բայց սրտիս միշտ ալ աւե­լի մօտ եղած է այն ժա­մանա­կը, երբ որ ես ան­ձամբ այդ քար­թե­րը կը բաժ­նէի, որ­պէս պզտիկ գայ­լիկ կամ քիչ մը մեծ սկաուտ։ Կը յի­շեմ՝ հա­ւաքը միշտ Սա­հակեան դպրո­ցը կ՚ըլ­լար։ Բո­լորն ալ ամէ­նագե­ղեցիկ ու ամէ­նաշ­քեղ հա­գուստնե­րով կե­ցած կը սպա­սէն, թե այս տա­րի որուն հետ պի­տի ել­լեն քար­թա­բաշ­խումի։ Ես ալ իմ կար­գիս փայ­լուն աչ­քե­րով կը յու­սա­յի, որ գե­ղեցիկ քոյր ար­ծո­ւիկ մը ին­ձի հետ ըլ­լայ նոյն խումբին մէջ։ Ու, փառք Աս­տուծոյ, միշտ մու­րա­զիս կը հաս­նէի. ես, գե­ղեցիկ քոյ­րը ու եր­կու պզտիկ գայ­լիկ։

Չեր­կա­րեմ. ար­դէն կազ­մա­կեր­պողնե­րու սե­նեակին մէջն ենք շատ կազ­մա­կեր­պո­ւած ու հրա­շալի քար­տէ­սի մը առ­ջեւ։ Պա­տաս­խա­նատու եղ­բայրը ճիշդ կար­ծես թէ պա­տերազ­մի դիր­քեր կը բա­ցատ­րէ. վստա­հելով իմ ճար­պի­կու­թեանս, ան մա­տը կը դնէ քար­տէ­սին վրայ ու ցոյց կու տայ մեր խումբին վստա­հուած տա­րած­քը։ «Հասկցա՞ր, եղ­բայր Սա­ղօ, տա­րած­քը։» «Այո, այո, ամէն ինչ յստակ է»։ Տրցակ մը քար­թեր, ստա­ցագի­րի տետր, գրիչ, ու ար­դէն «Սա­հակեան»ի դռան առ­ջեւն ենք՝ դէ­պի մեր տա­րած­քը։ Քա­լելով կը հաս­նինք առա­ջին շէն­քը։ Կը բարձրա­նանք առա­ջին յար­կը։ Ու կը սկսի աշ­խա­տան­քը. զան­գա­կին վրայ անու­նը կը կար­դամ, ծա­նօթ ըլ­լա­լու պա­րագա­յին՝ որ­պէսզի պատ­րաստո­ւիմ, ան­ծա­նօթ ըլ­լա­լու պա­րագա­յին, խումբիս եր­կու գայ­լիկնե­րը առա­ջին շարք կը բե­րեմ։ «Հայ­տէ՛, եղ­բայր, դու­ռը երբ որ բա­նան, կ՚ըսես. «ՀՄԸՄ-ի վար­չութիւ­նը եւ սկաու­տա­կան խոր­հուրդը կը շնոր­հա­ւորեն ձեր Նոր տա­րին եւ Սուրբ ծնունդը. չամչնաս, նոր­մալ ըսէ»։ Մին­չեւ խեղճ գայ­լի­կը մտա­ծէ, ար­դէն զան­գը զար­կած կ՚ըլ­լա­յի։ Տի­կին մը դուրս կու գայ, խեղճ գայ­լի­կը գոց ար­տա­սանու­թեան նման կ՚ըսէ ըսե­լիքը եւ քար­թը կը յանձնէ կնո­ջը։ Ան­շուշտ այստեղ պէտք է ըսեմ՝ եթե տո­ւեալ տու­նը «մե­րոն­ցից» է կամ «մե­րոնցնե­րու հա­մակիր» է, ժպի­տը չտես­նէ՜ք. ու­րա­խու­թե­նէն հա­զիւ քար­թը առած, ներս կ’եր­թայ, որ­պէսզի շո­քոլա­ներու ամա­նը բե­րէ ու մե­զի հրամցնէ։ Մար­դիկ կա­յին՝ նոյ­նիսկ տու­նը պատ­րաստած լի­քէօր կը բե­րէին եւ ան­շուշտ յի­սու­նէն աւե­լի սու­րիական դրամ։ Այստեղ ար­դէն ես կը մօ­տենա­յի, որ գու­մա­րը ստանձնեմ։ Իսկ գե­ղեցիկ քոյր ար­ծո­ւիկը նա­զով կը գրէ ստա­ցագի­րի տետ­րին մէջ անուն-մա­կանու­նը, գու­մա­րը եւ կը ստո­րագ­րէ։ Թուղթին առա­ջին օրի­նակը կը յանձնէ կնո­ջը, շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­լով, ու խումբով կ՚անցնինք յա­ջորդ տու­նը։ Չմոռ­նամ՝ շո­քոլա­ներուն առա­տու­թիւնը ան­նորմալ էր։ Մէկ մա­սը չորս կը բաժ­նո­ւէինք, իսկ երբ որ ար­դէն լուրջ կշտա­ցած կ՚ըլ­լա­յինք, մնա­ցած մա­սը կը հա­ւաքէինք տոպ­րա­կի մը մէջ ու կը յանձնէինք պա­տաս­խա­նատու խմբա­կին, ստա­ցագիր­նե­րուն հետ։ Այսպի­սով ար­շա­ւը կը շա­րու­նա­կուէր մին­չեւ մեր քո­վի քար­թե­րը վեր­ջա­նային։ Փո­ղոցէ փո­ղոց, շէն­քէ շէնք, յար­կէ յարկ նոյն նա­խադա­սու­թիւնը կրկնե­լով, մար­դոց Նոր տա­րին եւ Սուրբ ծնունդը կը շնոր­հա­ւորէինք մեր միու­թեան անու­նով։ Մէկ-մէկ նոյն այդ փո­ղոց­նե­րուն մէջ կը հան­դի­պէինք ու­րիշ միու­թիւննե­րու՝ նոյն գոր­ծին լծո­ւած երի­տասարդնե­րու։ «Դուք անոնցմէ՞ էք»։ «Այո, իսկ դուք միւսնե­րէ՞ն»։ «Կրնա՞նք ձեր քար­թը տես­նել։ Կրնա՞նք մէկ հատ առ­նել, մէկ հատ ալ մենք ձե­զի կու տանք»։ Ան­շուշտ այս փո­խանա­կու­մը ճշդա­պահու­թեան հա­մար պէտք է ստա­ցագի­րին մէջ ար­ձա­նագ­րել։ Ու այդ միւսնե­րուն քար­թը ստա­ցագիր­նե­րուն հետ յանձնել։ Ժա­մը ար­դէն երեքն է, վե­րադար­ձանք «Սա­հակեան», ստա­ցագիր­նե­րը յանձնե­ցի, գու­մա­րը յանձնե­ցի, շո­քոլա­ները յանձնե­ցի։ Ու հի­մա քիչ մը միւս խումբե­րուն հետ պէտք է զրու­ցեմ իրենց հա­ւաքած գու­մա­րին մա­սին, եղած պատ­մութիւննե­րուն, դէպ­քե­րուն մա­սին. ո՞վ դու­ռը չբա­ցաւ, ով ի՛նչ խմիչք հրամ­ցուց, ամէ­նահա­մով շո­քոլան, ամէ­նաշատ տրո­ւած գու­մա­րը…

Աս ալ ըսեմ ու եր­թամ։ Այս երե­ւոյ­թը չսի­րող­նե­րէն մէ­կը մա­մաս էր, շատ պարզ պատ­ճա­ռով. այդ օրո­ւան առա­քելու­թեան պատ­ճա­ռով, ըն­տա­նեկան ճա­շէն միշտ կ՚ու­շա­նայի։ Ոչ թէ միայն կ՚ու­շա­նայի, այլ ճա­շի նստե­լէն ետք, չէի ալ ու­տեր. այդ օրո­ւան կե­րածս շո­քոլա­ները ու լո­խումնե­րը ար­դէն բա­ւարար էին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ