Երախտիք անտեսուած գրողի մը համար

ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ

bastimar.kurtulus@gmail.com

Մէկ բան­­տէն միւ­­սը անընդհատ աք­­սորներ։ Կեան­­քը կար­­ծես ճօ­­ճանակ մը ըլ­­լար ու ճօ­­ճուէր մա­­հի սար­­սա­­­փէն դէ­­պի կեան­­քի յոյս եւ յոյ­­սէն դէ­­պի մահ։ Այս է Քա­­տիր Քո­­նու­­քի կեան­­քի որոշ մէկ հա­­տուա­­ծի անընդհատ կրկնու­­թիւնը։ Բայց ան յա­­ջողե­­ցաւ այդ կրկնու­­թիւնը ընդհա­­տել, երբ որ­­պէս մա­­հապատ­­ժի գոր­­ծադրու­­թիւնը սպա­­սող բան­­տարկեալ, յա­­ջողե­­ցաւ խոյս տալ բան­­տէն եւ ապա երկրէն։

Գեր­­մարդկա­­յին փախուստ մըն էր այդ, ուր փոք­­րիկ լաս­­տի մը վրայ ժա­­մեր շա­­րու­­նակ կը թիավա­­րէր։ Ժա­­մեր անց անդրա­­դար­­ձաւ թէ ոչ միայն մատ­­նե­­­րը, ամ­­բողջ ափը արիւ­­նա­­­թաթախ եղած էին։

Երբ յա­­ջողե­­ցաւ կառ­­չիլ կեան­­քին, գրի առաւ այս կեն­­սագրա­­կան վէ­­պը, որու խո­­րագիրն էր՝ «Զի­­նուո­­րը կը քնէ, թշնա­­մին կը փախ­­չի»։

Քո­­նու­­քի տո­­ղերը կար­­դա­­­լով ըն­­թերցո­­ղը պահ մը կը տա­­րուի խոր­­հե­­­լու թէ կար­­ծես բան­­տի սե­­նեակը տե­­ղադ­­րո­­­ւած տե­­սախ­­ցի­­­կի մը նկա­­րահա­­նումնե­­րը կը դի­­տէ։ Թե­­րեւս ալ կեան­­քի մղիչ ու­­ժը ծի­­ծաղն է։ Ծի­­ծաղ՝ որ կը սնու­­ցէ դի­­մադ­­րութեան կո­­րովը։

Ծի­­ծաղը այս դա­­ժան ապ­­րումներ նկա­­րագ­­րող գիր­­քի դիւ­­րաւ ըն­­թերցման ալ գաղտնիքն է կար­­ծես։ Ար­­դա­­­րեւ հե­­ղինա­­կը իր պար­­զունակ պատ­­մե­­­լաոճով կը նկա­­րագ­­րէ բան­­տե­­­րէ ներս տի­­րող դիւ­­րի­­­մացու­­թիւննե­­րը եւ հա­­կասու­­թիւննե­­րը։

Երի­­տասարդ ու­­սա­­­նող­­ներ բո­­ղոքի ցոյց կը կազ­­մա­­­կեր­­պեն բան­­տարկեալ­­նե­­­րուն զօ­­րակ­­ցե­­­լու հա­­մար։ Կը պա­­հան­­ջեն, որ անոնց ար­­տօ­­­նուի բան­­տին մէջ գիրք կար­­դալ։ Ցոյ­­ցի աւար­­տին բեր­­ման կ՚են­­թարկո­­ւին եւ ծան­­րօ­­­րէն կը ծե­­ծուին ոս­­տի­­­կանա­­տան մէջ։ Երբ ձեր­­բա­­­կալո­­ւելով բանտ կ՚ու­­ղարկո­­ւին հոն կը տես­­նեն թէ բան­­տարկեալ­­նե­­­րը դիւ­­րաւ կը հաս­­նին իրենց ցան­­կա­­­ցած գիր­­քե­­­րուն։ Յի­­շելով այդ պա­­հան­­ջին հա­­մար իրենց կե­­րած ծե­­ծը կ՚ափ­­սո­­­սան ըսե­­լով որ. «Այստեղ ամէն բան տո­­ւեր են ձեզ, մենք իզուր տան­­ջո­­­ւեցանք այս պա­­հանջնե­­րուն հա­­մար»։ Բան­­տարկեալ­­նե­­­րը կ՚առար­­կեն ըսե­­լով. «Ոչ թէ անոնք տո­­ւին, այլ դուք առիք այդ գիր­­քե­­­րը։ Եթէ այ­­սօր գրա­­դարան մը ու­­նինք, այդ ձեր մատ­­նո­­­ւած ծե­­ծին ձեռքբե­­րումն է»։

Բռնու­­թեան եւ անար­­դա­­­րու­­թեան դէմ բո­­ղոքի աղա­­ղակ մըն է «Զի­­նուո­­րը կը քնէ, թշնա­մին կը փախ­չի» անուն գիր­քը, որ կը յի­շեց­նէ Մա­սայի Իշի­քաւո­ւայի «Գե­տը մթին մէջ» անուն գիր­քը, որ դար­ձեալ փա­խուստի մը պատ­մութիւնն է։ Ես ակա­մայ կը խոր­հիմ թէ ի՞նչ է պատ­ճա­ռը, որ Իշի­քաւո­ւայի գոր­ծը ծա­նօթ է հա­մաշ­խարհա­յին տա­րած­քով, հա­պա ո՞վ լսած էր Քա­տիր Քո­նու­քը եւ անոր տաս­նեակ հա­տորա­նի գրա­կանու­թիւնը։ Ու­րեմն պարտք կը վի­ճակի մեր գրող­նե­րուն տէր կանգնիլ առանց նկա­տի ու­նե­նալու անոնց գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ