Հետզհետէ կայացաւ կանխատեսումները եւ Ատրպէյճանի բանակը 19 Սեպտեմբերին ներխուժեց Արցախ։ Օրեր անց ատրպէյճանի իշխանութիւնները յայտնեցին թէ այդ ընթացքին զոհուած է 192 զինուորներ։ Արդէն մօտաւորապէս համապատասխան թիւով մարդկային կորուստի մասին յայտարարած էր Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը։
Նախորդ երկու շաբաթներու ընթացքին Հայաստան եւ Արցախի հանրապետութեան իշխանութիւնները ահազանգ կը հնչեցնէին նման վարկածի մը մասին, քանի որ ակներեւ էր հակառակորդի զինուժի պատրաստութիւնները։ Այս պահի դրութեամբ պէտք է բարեբախտութիւն համարել թէ զաւթիչ զօրքերը մուտք չեն գործած Ստեփանակերտ։ Սակայն պարզ է թէ անոնց վերջնական նպատակը պիտի ըլլայ մայրաքաղաքի գրաւումը եւ պետական շէնքերու վրայ իրենց դրօշի ծածանումը։
Երեւոյթը բաւարար էր, որ արցախահայութիւնը լքէ իր հայրենի հողը, որովհետեւ 30 տարուայ անընդհատ հնչող ատելութեան պատգամներէ ետք անկարելի կը թուի հակադրուած հասարակութիւններու համատեղ գոյութիւնը։
Իլհամ Ալիեւի մտադրութիւնն էր հայերէ մաքրուած երկրի մը տեսլականը։ Բայց քանի որ տոհմիկ զտումները անընդունելի են համաշխարհային հասարակութեան համար, ան ակամայ կը խօսի արցախահայութեան քաղաքացիական իրաւունքներ ճանչնալու մասին։ Այդ խոստումները նշանակութիւն չունին արցախահայութեան համար, հետեւաբար արագօրէն կը շարունակուի Արցախի հայաթափ ըլլալու տխուր պատահարը։
Այս պահուն անիմաստ է ի՞նչ եղաւ, ինչպէ՞ս եղաւ կամ ինչո՞ւ եղաւի նման հարցադրումները։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որքան ալ յայտարարած ըլլար, թէ երկիրը պատրաստ է 40 հազար արցախահայ ընտանիքներ ընդունելու, տիրող գործընթացը մեծ դժուարութիւններ կը խոստանայ երկրի վարչութեան։
Հազիւ առկայ իրավիճակը բնականոն հունի մէջ դնելէ ետք է, որ պիտի կրնանք խօսիլ վերեւ նշուած ի՞նչ, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ հարցումներու պատախաններուն մասին։
***
27 Սեպտեմբեր ժամը 15:00-ի դրութիւնով Հակարիի կամուրջը հատած եւ Հայաստան տեղափոխուած են 50 000-է աւելի արցախցի բռնի տեղահանուած։ Այդ մասին հումանիտար կեդրոնը հաղորդեց վարչապետի մամուլի քարտուղար Նազելի Պաղտասարեանը։
Պետութիւնը շուրջ 5.700-ի կեցութիւնը ապահոված է. «Մնացած քաղաքացիները հրաժարած են ու միանգամէն ուղեւորուած իրենց կեցութեան վայրեր»,- ըսաւ Պաղտասարեան։