Կան դժուար օրեր կամ պահեր, երբ կ՚անցնիմ ստեղնաշարի դիմաց շաբթուայ յօդուածը գրելու համար։ Այս շաբաթը, այս օրը եւ պահը այդպիսիներէն է։
Հեւքով կը հետեւինք անցուդարձներուն, կը փորձենք իրազեկ ըլլալ պատահածներէն։
Ինչ որ ալ ըլլան հաղորդակցութեան արդի դրութիւնները, մեր զրկանքը նոյնն է։ Զրկուած ենք ցաւի դարման ըլլալու որեւէ հնարքէն։ Ափսոսանքով կը դիտենք ճարահատ ժողովուրդի իր երկիրը լքելով խուճապահար փախուստի պատկերը։
Այստեղ մխիթարութեան պատճառ մը չէ Հայաստան երկրի առկայութիւնը, ինչպէս որ չէր հալէպահայոց համար։
Ազգս հայոց անգամ մը եւս կը փորձուի հայրենազրկութեան մղձաւանջով։ Մենք գիտենք թէ ինչ է հայրենազրկութիւն բառի նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի համար։Գացէք Թալինի շրջանը եւ այնտեղ լսեցէք նորաստեղծ այն երգերը, որոնք հիւսուած են Սասունն ու Մուշի, Տարօն երկրի անյագ կարօտով։ Դիտեցէք աշխարհացրիւ հայրենակցական միութիւնները, անհամար յուշամատեանները, ձօնուած կորուսեալ հայրենիքին եւ կարօտակէզ ահաքին գրականութիւնը։
Ահա այս բոլորը վառ վկայութիւններ են հայ անհատի իր հայրենի երկրի հանդէպ նուիրումին եւ պատկանելութեան մեծ կամքին։ Յայտնի է որ այս բոլորը բացարձակապէս նշանակութիւն չունի մերօրեայ սնամէջ բարքերուն առումով։
Անգամ մը եւս ականատես կ՚ըլլանք թէ համաշխարհային հասարակութիւնը ինչպիսի անփութութեամբ կը հետեւի 21-րդ դարի առաջին քառորդին, «քաղաքակիրթ» աշխարհի աչքերուն առջեւ կատարուած տոհմիկ զտման արհաւիրքին դիմաց։
Ատրպէյճանի իշխանութիւնը հասած է իր նպատակին եւ շուտով կը գործադրէ յաջորդ հանգրուանը, որն է տեղացի ժողովուրդով վերաբնակեցնել հայաթափ Արցախը։
Կ՚արժէ յիշել թէ այդ լքուած տուներու շինութեան պահուն ամէն մի աղիւս, ամէն մի դուռ ու պատուհան ի՞նչ յոյսերով էին տեղադրուած։ Հիմա այդ բոլորը կը լքուին ու նաեւ կը լքուի մշակութային ամբողջ ժառանգ մը։
Եաշար Քեմալ «հաւքի աւերուած բոյնը ուրիշին օգուտ չի բերեր» ըսած էր իր գործերէն մէկուն մէջ։ Ինչպէս 108 տարի առաջ, այսօր ալ կ՚աւերուի հայու իր ձեռքերով կառուցածը։ Կը քանդուի, կը սրբապղծուի անոր հաւատքի կեդրոնները։ Աւելին՝ ուրացումը կը տիրէ ամենուրէք։
Մենք իզուր տեղ կը պատմենք թէ Արցախը հայոց բնօրրանն է, որ միշտ պահեց իր ուրոյն դիմագիծը։ Հզօր պետութիւններ արշաւեցին ընդարձակ տարածքներ, բայց արցախահայութիւնը իր վերեւ չտեսաւ այդ տիրակալներու շուքը եւ գոյութիւնը շարունակեց իր բեկերու, մելիքներու՝ այլ խօսքով իշխաններու վարչութեան հնազանդելով։ Մնացեալը այդ իշխաններու խնդիրն էր, թէ ինչպէ՞ս լեզու պիտի գտնեն օսմանցու սուլթանին, պարսիկ շահին, Պախլաւու խանին կամ ռուսաց ցարին հետ։
Այդ առումով անառիկ էր Արցախը, որ իր ուրոյն գոյութիւնը պահեց Խորհրդային տարիներուն եւս։
Մենք ենք՝ ազգայնականութիւնով մոլորած թուրքը, հայը սերբիացին եւ դեռ բազում ժողովուրդը, որ չենք կրցած իւրացնել համատեղ կեցութեան արժանիքը։ Յիմարօրէն կարծած ենք թէ այլ համարուածը հեռացնելով պիտի տիրանանք մաքուր ժողովուրդի։ Չենք գիտակցած թէ եթէ զրկուինք, այդ «այլ» կոչուածէն, մենք բաւարար ենք մեր մէջ նոր այլեր գոյացնելու։ Այդ բոլորին մեղքը քաւելու համար ահա զոհասեղան դրուած է Արցախի յոգնատանջ ժողովուրդը։ Ով որ պիտի կարծէ թէ այս էր ու վերջ, ծանրօրէն պիտի սխալի։
«Կրկին փորձութիւնը յիմարութիւն է» կ՚ըսէր մայրս։ Տանջելով անմեղ մարդկանց, անգամ մը եւս կ՚ապացուցենք թէ մենք դիւրաւ չենք հրաժարիր այդ յիմարութենէն։