ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Աշխարհի վրայ տարբեր տեսակի միլիոնաւոր ընտանիքներ, ունին իրենց սրբութիւնները։ Ինչպէս պարտէզ մը շէնացնելու համար ծաղիկները ամենէն հաճելի առարկաներ են, ընտանիքը շէնացնելու համար երախաները նոյնպէս հաճելի երփներանգներ են։
Ծաղիկներ եւ երախաներ՝ երկուքն ալ ունին իրենց ուրոյն գոյները։ Աճելու համար պէտք ունին արեւի, օդի, ջուրի եւ սէրի։ Անոնց թալարումը, աղուոր օրերէն կախում ունին։ Հետագային բարի մշակի մը հաճոյքը վայելելու, արեւշատ աղուոր օրեր մշակելու համար նուիրում պէտք է։ Սիրոյ բերքերը ծաղկազարդելու յոյսով…։
Յոյսով լեցուն եմ՝ երբ կը տեսնեմ սեղանիս վրայ մանուկներու ուրախութեան շարժառիթ դարձած գործի մը ներկայութիւնը։
Ահա այդպիսի գիրք մըն է, որ լոյս տեսած է «Արաս» հրատարակչատունէն եւ հեղինակն է՝ Թինա Քոբմա։
Տիկին Թինան, ինչպէս բալենիի մը նման կը ծաղկազարդուի այս օրերուն՝ նոյնպէս՝ պոլսահայ երախաները ծաղկազարդեց «Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը» մանկական գիրքով։ Գիրքը 3-7 տարեկան երախաներու համար բաւականին հաճելի կը դառնայ իր հոգեկան տրամադրութեամբ։ Ան կ՚առաջադրէ մանուկներուն ուշադրութիւնը սեւեռել կեանքի ամենէն աղուոր օրին։ «Եթէ ուզես այսօրուայ քու պարզ օր ալ կրնայ այդ շարքէն դառնալ» նման փիլիսոփայական մը պարզումն է Թինա Քոբմայի աշխատութիւնը։
Հրատարակութիւնը շնորհիւ Թինա Քոբմայի, ունի ճոխ նկարազարդում եւ կափարիչի վրայ զետեղուած է «Փիլիպարտէզ»ի ստորագրութիւն։
Մանկական գրականութիւնը յատուկ ուշադրութեան արժանի է նաեւ երախաներուն նոր բառերը սորվեցնելու յատկութիւնով։ Սեւ գրաշարուած տառերուն մէջ պահուըտած գունաւոր բառեր, կը նպատակադրէ, ընթերցող երախայի ուշադրութիւնը խտացնել այդ բառին վրայ։ Կրնանք օրինակ թուել «անուշ բոյր», «իսկապէս», «անկասկած» բառերը։
Ես ուրախութեամբ կ՚ողջունեմ Թինա Քոբման եւ «Արաս» հրատարակչատունը՝ որոնք պոլսահայ մանկական գրականութիւնը ճոխացուցին նման սրտամօտիկ գիրքով մը։