ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Մէկէ աւելի գործօններ կան, որոնք պատճառ հանդիսացան 20 հոգիէ բաղկացող խումբով մը, այցելել Պարսկաստան։ Որքան ալ կը նշենք Պարսկաստանը, իրականութեան մէջ այս ուղեւորութիւնը պարսիկներու երկրէն աւելի, ուղղուած է Իրանի Ատրպատականի շրջանը։
Տարիներ առաջ «Ակօս»ի հայերէն էջերու վաստակաւոր խմբագիր Սարգիս Սերովբեանն էր, որ առաջին անգամ այցելած էր այդ շրջանը եւ վերադարձին մեծ ոգեւորութեամբ փոխանցած իր ապրումները։
Կը խուսափիմ «բախտը վիճակեցաւ» ըսելէ, որովհետեւ 16-21 Սեպտեմբեր թուականներու միջեւ կայացող ուղեւորութիւնը պատահականութիւն մը չէր, այլ մտածուած, ծրագրուած՝ շրջագայութիւն՝ շուրջ 20 հոգիանոց անձնակազմով։ Զբօսաշրջային առումով այնքան ալ սովորական վայր մը չէ Պարսկաստան։ Արդարեւ մեր այս նպատակադրումը շատերու համար անհաւատալի թուեցաւ։ Պիտի այցելէինք, այնպիսի երկիր մը, որ շրջափակման ենթարկուած է, իբրեւ թէ քաղաքակիրթ աշխարհի կողմէ։ Այս իբրեւ թէ բառը եւս դիտումնաւոր է, քանի որ մենք կը ճամբորդուինք դէպի մշակութային մեծ աւանդ ունեցող վայր մը եւ այդ ընելու պահուն ալ պարտինք խոստովանիլ, թէ մենք ալ տեղեակ չէինք մեզ սպասող բազմաթիւ անակնկալէն։
Այս ճամբորդութեան դրդապատճառներէն աւելի կարեւորագոյնն էր, վիպագիր Ռաֆֆիի հրաշալի վէպերը։
Երկար տարիներու ընդհատումէ մը ետք ցանկացած էի կրկին կարդալ այդ հրաշալի գրականութիւնը, որուն դէպքերը շատ անգամ ալ կ՚անցնէին մեր այցելած վայրերու մէջ։ Երբ ձեւ ստացաւ նման ճամբորդութեան մը վարկածը, դիմեցի մեր ընտանեկան բարեկամ տիար Մանուէլ Մանուկեանի, որ ինք եւս նման շրջագայութիւններ կը կազմակերպէր դէպի զբօսաշրջային վայրեր։ Առաջին հերթին իր համար ալ հետաքրքրական էր այս ծրագիրը եւ ան իսկոյն համակարգիչի միջոցաւ ձեռնարկեց Թաւրիզի հիւրանոցներու որոնման կարեւոր գործին։ Շուտով յայտնաբերեց հիւրանոց մը, որ ըստ երեւոյթի կարող էր մեր ակնկալութիւնները գոհացնելու։
Ապա վրայ հասաւ ուղեւորութիւնը ճշդելու դարձեալ կարեւոր գործը։ Այլեւս եկած էր պահը, որ կապ հաստատէինք Գուգարաց Թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Գրիգոր Արք. Չիֆթճեանի հետ, որ մեծ հետաքրքրութեամբ դիմաւորեց մեր դէպի Պարսկաստան այցելելու ցանկութիւնը։ Սրբազանն ալ իր կարգին հարցումներ ունէր մտքին մէջ, թէ ո՞ր հովը փչեց ու պոլսահայեր ցանկութիւն ունեցան այս ընդհանրապէս անտեսուած վայրը այցելելու։ Ճիշդը ըսենք խոստովանելով թէ մենք ալ կատարեալ կերպով չէինք գիտակցեր մեզ սպասող անակնկալներուն։ Միայն ու միայն մեր մտքերուն մէջ կը շրջէին Ռաֆֆիի տողերը եւ Սարգիս Սերովբեանի պատմածները։
Այսպէս շաբաթ առաւօտուայ շատ կանուխ ժամերուն մէկտեղուեցանք Քուրթուլուշաբնակ հայերուն ծանօթ ժամադրավայրը՝ «Աքպանք»ի անկիւնը։
Առաւօտուայ 07.00-ի թռիչքով ուղղուեցանք Սապիհա Կէօքչեն (Սեպիլ Խաթունճեան) օդակայանէն դէպի Վասպուրական կամ այժմու Վանը։ Մեզ սպասող հանրակառքերով շարժուեցանք դէպի Արտամետ եւ Վանայ Լճի ափին նախաճաշով մը թօթափեցինք անքունութիւնով գումարած յոգնութիւնը։
Ըստ նախապէս պայմանաւորուածութեամբ այստեղ մեզի միացաւ այլեւս Վանի բնակիչ դարձած հայաստանցի բարեկամուհի Գայիանէ Գէորգեան։ Յետոյ նոյն հանրաշարժներով ուղղուեցանք այս անգամ դէպի Թաւրիզ։ Մէկ ժամուայ ճամբորդութիւնով արդէն հասած էինք «Գաբըգէօյ/Ռազի» սահմանադուռը։ Սահմանային ստուգումներէ ետք մեր երթը շարունակեցինք եւ շուրջ 3,5 ժամ վերջ հասանք հիւրանոց, որու անունն էր «Կէօսթերիշ» Իբրեւ առաջին տպաւորութիւն բոլորս համաձայնեցանք թէ այդ հիւրանոցը իր փարթամ տեսքով կատարեալ կերպով կ՚արդարացնէ իրեն վերագրուած անուանումը։ Հիւրանոցի մուտքին մեզ դիմաւորելու եկած էր առաջնորդարանի անձնակազմէն պարոն Վարդան Ենովքեանց իր հետ ունենալով 12 ամեայ շնորհալի դուստրը Սքարլեթը։ Անոնք շուտով սիրելին դարձան մեր 20 հոգիանոց խումբին եւ ընդմիշտ վայելեցինք անոնց ներկայութեամբ արդած ուրախութիւնը։ Ընթրիքէն ետք բոլորին վրայ կը տիրէր ճամբորդութեան յոգնութիւնը յաղթահարելու մարմաջ։ Յաջորդ օր ստիպուած էինք առոյգ ըլլալ, քանի որ մեզ կը սպասէր ծանրաբեռնուած նոր ուղեւորութիւն մը։
Վերադարձէն քանի մը օր ետք, երբ կը գրենք այս տողերը, մեծ երանութիւն կը համարենք այն պատահարը, որ Ուրմիա քաղաքի հայեր լսելով մեր գալստեան մասին, փափաք յայտնած էին, որ Սուրբ Խաչի տաղաւարի պատարագին ներկայ գտնուինք իրենց եկեղեցին։ Անշուշտ որ ոգեւորութեամբ ընդունած էինք, այդ հրաւէրը եւ յաջորդ օր Թաւրիզէն ճամբայ ելանք դէպի Ուրմիա։ այս քաղաքը մեզի կը յուշէ շատ ազնիւ բարեկամի մը յիշատակը, որն էր անուանի երգիչ Յովհաննէս Պատալեան։ Ահա այս անգամ ուղղուած ենք անոր ծննդավայրը եւ մեր շրթներուն է դարձեալ ազնիւ մի այլ բարեկամի՝ Խաչատուր Աւետիսեանի ուրմեցիներու պարի մեղեդին։
Ուրմիա, որ կ՚ըսուի իսկոյն կը մտաբերենք այդ անունով յիշուած լիճը, որ Սեւանի, Վանայ Ծովի հետ միասին կը կազմեն Հայաստանի երեք աւազանները։ Ափսոսանքով կ՚ըսենք թէ այդ պատկառելի լիճը ցամաքած էր իր ետին թողելով աղի դաշտ մը։
Սակայն Սուրբ Սարգիս Եկեղեցի մուտք գործելով մեր տրամադրութիւնները կրկին բարձրացան։ Շրջափակէն կը լսուէր Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները։ Սանդուխներով բարձրացանք դէպի եկեղեցի եւ ըմբոշխնեցինք հայ հոգեւոր երաժշտութեան մեզի այնքան ծանօթ մեղեդիները, որոնք կը կատարէին երկու դպրուհիներ։
Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ծանօթացանք նաեւ ուրմիացի ուսուցչուհիներուն հետ, որոնք նախապէս հանդիպած չըլլալով հանդերձ, իբրեւ «Ակօս»ի հայերէն էջերու ընթերցողներ՝ ծանօթ էին մեզի եւ այդ ծանօթութեան հիման վրայ ունեցանք հաճելի զրոյցներ։ Տպաւորուեցանք տեսնելով Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած Ռաֆֆիի կիսանդրին։ Ան որ յաճախ մեղադրած էր հոգեւորականները, այս վերջինները կը յարգէին զինք։ Մեծ գոհունակութիւն էր Ուրմիա այցելութիւնը, որու վառ տպաւորութեամբ բռնեցինք Սալմաստի ճանապարհը, որ դարձեալ կը պարտադրէր ժամուայ ճամբորդութիւն մը։
Հինգօրեայ այս ուղեւորութեան տպաւորութիւնները տակաւ կը շարունակուին մեր յաջորդ թիւերուն մէջ։