19Սեպտեմբեր, Երեքշաբթի օրուան առտուան ժամերուն Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ ահազանգ լսուեցաւ եւ Ատրպէյճանը սկսաւ ռմբակոծել քաղաքը։ Նոյն պահերուն, Ատրպէյճանը յայտարարեց, թէ սկսած է «ահաբեկչութեան դէմ պայքար» եւ կ՚ուզէ «երկրին մէջ սահմանադրական օրէնսդրութիւնը հաստատել»։
Մինչ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց որ գործողութիւնները սկսած են «հայկական զինեալ ուժերու զինաթափումի նպատակով» եւ տեղեակ պահած են ռուսական եւ թրքական կողմերուն, Ռուսիա յայտարարեց, որ գործողութեան սկիզբէն միայն քանի մը վայրկեան առաջ տեղեկութիւն տրուած է իրենց։ Անդին, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Նիկոլ Փաշինեան իր ուղերձին մէջ ըսաւ, թէ կը զարմանայ ինչպէս Ատրպէյճան կրնայ Ռուսիոյ լուր տուած ըլլալ եւ Ռուսիա Հայաստանին տեղեակ պահած չըլլայ։
Պաքուն պնդեց, որ իր զէնքերը թիրախ կ՚առնեն միայն ռազմական նշանակէտերը, սակայն այլ եղան Արցախէն հասած լուրերը։ Երկու օրուան պատերազմական գործողութիւններէն ետք, կայ 32 մեռեալ, 200 խաղաղ քաղաքացիներ վիրաւորուած են, 7000 հոգի տեղահանուած է եւ հազարներով արցախահայ բնակչութիւնը կը մնայ պատսպարուած ապաստարաններու մէջ։
Նոր սկսած գործողութիւնները քիչերուն համար անակնկալ եղան։ Ինը ամսուան Բերձորի միջանցքին շրջափակումը, վերջին շաբաթներու սահմանային գիծերու վրայ զինուորական կուտակումները եւ դիւանագիտական եռուզեռը կանխատեսել տուած էին, որ յոռեգոյնը պիտի պատահի շուտով։
Եւրոպական, ամերիկեան, ռուսական եւ շատ մը այլ դռներէն Ատրպէյճանին կոչեր եղան ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ բանակցութիւններու սեղան վերադառնալու։ Յատկանշական էր Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ յայտարարութիւնը, որ կ՚ըսէր՝ «հակառակ խօստումներուն, Ատրպէյճան դիմեց զինեալ գործողութեան»։ Միացեալ նահանգներու կողմէ ըսուեցաւ՝ «կոչ կ՚ընենք գործողութիւնը անմիջապէս դադրեցնելու եւ Բերձորի միջանցքը անյապաղ բանալու»։
Զինադադար
Սեպտեմբեր 20-ի դրութեամբ, Արցախի իշխանութիւնները ընդունեցին Ռուս խաղապահներու առաջարկած միջնորդութիւնը, որոշում առնելով ապակազմաւորել Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը։
Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի եւ նախկին նախագահներու հետ, եւ յայտնեց որոշումը։ Յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուի՝ «Ստեղծուած իրադրութիւնում անբաւարար են միջազգային հանրութեան՝ պատերազմի դադարեցման եւ իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղութեամբ գործողութիւնները, ուստի Արցախի իշխանություններն ընդունել են Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան զորակազմի հրամանատարութեան առաջարկութիւնը»։
Արցախի իշխանութիւնները նաեւ ընդունած են քննարկել Ատրպէյճանի կողմէ դրուած պահանջները եւ այս խնդիրներու քննարկման համար պատրաստակամութիւն յայտնած են հանդիպելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ, Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս գտնուող Եւլախ քաղաքին մէջ։
Զինադադարի յայտարարութենէն ժամեր առաջ, Արցախի պաշտպանութեան բանակը ըսած էր. «Նախագահը կը շեշտէ, որ բնակչութեան ֆիզիքական ապահովութեան հրամայականը կը ստիպէ համապատասխան քայլեր ձեռնարկել»։