«Ճշմարտութեան, արդարութեան եւ յիշողութեան կենդրոնը» կը կազմակերպէ խորհրդաժողով մը, «Անժամանակ ոճիրներ՝ ժամանակավրէպ դատերու օրէնսդրութիւն եւ մարդու իրաւունքներ» անունով։
Խորհրդաժողովը տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբեր 22-ին, Անարատ Յղութիւն Շէնքին մէջ եւ որոշ նիստերը կը կատարուին առցանց դրութեամբ։
Խորհրդաժողովի ընթացքին իրաւունքներու պաշտպանները եւ գիտնականները պիտի քննարկեն մարդու իրաւունքներու ծանր խախտումները դիմակայելու դէմ իրաւական խոչընդոտներէն ամենէն խրթիններէն մէկուն՝ ժամանակավրէպ դատերու իրաւական, պատմական եւ ընկերային չափանիշերը։
«Ճշմարտութեան, արդարութեան եւ յիշողութեան կենդրոնը» վերջին տասնամեակին աշխատած է 1990-ականներուն կատարուած մարդու իրաւունքներու ծանր խախտումները փաստագրելու եւ անոնց այսօրուան դրսեւորումները հասկնալու ուղղութեամբ։ Անոնք հետեւած են 2009-էն 2014 թուականներու միջեւ տեղի ունեցած 12 դատավարութիւններու, որոնք կը վերաբերին՝ սպանութիւններու գործադրութիւններուն եւ բռնի անհետացումներուն։ Այս ոճիրները համակարգուած կերպով կատարուած են 1990-ականներուն, պետական պաշտօնեաներու ներգրաւումով։