Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս յանձնուեցաւ Սեպտեմբեր 15-ին՝ Հրանդ Տինքի տարեդարձին օրը։ Այս տարի մրցանակը տրուեցաւ Թուրքիայէն «Աչըք ռատիօ» ձայնասփիւռի ալիքին եւ Թուրքիոյ դուրսէն՝ Գոլոմպիայէն, «Խոզէ Ալեւար Ռեսթրեփօ փաստաբաններու համախմբում»-ին։
Մրցանակին նպատակն է ըսել որ առանձին չեն այն կազմակերպութիւնները եւ խմբակները, որ յոյս կը ներշնչեն մարդկութեան, անոնք որ կ՚աշխատին աւելի ազատ եւ արդար աշխարհի մը համար, զերծ զատողութենէ եւ բռնութենէ, որ կը վտանգեն իրենց անձը իրենց գաղափարներուն համար, եւ կը գործածեն խաղաղութեան լեզուն։
«Արթեր»-ի մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին, որ կենդանի սփռուած էր համացանցի վրայ, Հիմնարկի անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հիմնարկի նախագահ Ռաքէլ Տինք, որ խօսքին մէջ ըսաւ՝ «Որպէս Հրանդ Տինք Հիմնարկ, բեւեռացնող եւ օտարացնող քաղաքականութեան դէմ, կը շարունակենք մեր պայքարը մեր դրացիներուն հետ խաղաղութեան մէջ ապրելու, յարգանքը եւ սէրը արմատացնելու, աւելի բարի, խաղաղասէր եւ արդար աշխարհի մը եւ երկրի մը համար»։
Այս տարի Թուրքիոյ դուրսէն մրցանակը ստացաւ «Խոզէ Ալեւար Ռեսթրեփօ փաստաբաններու համախմբում»-ը։ Համախմբումը հիմնուած է Գոլոմպիոյ մէջ, արհեստավարժ փաստաբաններու կողմէ, մարդկային իրաւանց դատերու խախտումներուն դէմ պայքարելու համար։
Իսկ Թուրքիոյ ներսէն մրցանակը ստացաւ «Աչըք Ռատիօ» ձայնասփիւռի ալիքը։ Մրցանակը Ռաքէլ Տինքէն ստացաւ ձայնասփիւռի խմբագրապետ Էօմէր Մատրա։ Մատրա իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ քանդումին, պատերազմներուն եւ երթալէն ուռճացող ապաստանեալներու խնդիրին։ Շեշտեց, որ ժողովրդավարութեան ամէն տեղ հարուածներ ստանալով, մղձաւանջի վերածուած աշխարհի մը մէջ, իրենց ձայնասփիւռը կը շարունակէ գործել առանց իր ճամբէն շեղելու։
Հանդիսութեան ընթացքին, Թուրքիոյ մէջ եւ աշխարհի չորս ծագերուն իրենց ըրածներով մարդկութեան համար «լոյս» եղած, վտանգի ենթարկուելով իրենց շրջապատը ներշնչած անձեր եւ խմբաւորումները յիշուեցան՝ Ֆրանսայէն Վրաստան, Հնդկաստանէն Իսրայէլ, Կիպրոսէն մինչեւ Պրազիլ, մարդկային իրաւունքները եւ արդարութիւնը պաշտպանող, սեռային խտրականութեան, տնտեսական անարդարութեան եւ աղքատութեան դէմ պայքարող, կենսոլորտային իրաւունքները սատարող անձեր եւ նախաձեռնութիւններ։
Այս տարուան դատակազմն էր՝ Ռաքէլ Տինք, Սէրրա Եըլմազ, Նիլկիւն Թօքէր, Նունէ Սարգիսեան, Թուրկութ Թարհանլը, Իշթար Լախանի, Շահրազատ Աքպար, Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու հիմնարկը եւ Շահիտուլ Ալամ։