Յայտնի եղան «Օրօրա»ի դափնեկիրները

Սեպտեմ­բե­րի 19-ին Նիւ Եոր­­քի մէջ «Օրօ­­րա» մար­­դա­­­սիրա­­կան նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նը յայ­­տա­­­րարեց 2024 թ. «Օրօ­­րա»ի հե­­րոս­­նե­­­րու անուննե­­րը, «Քլին­­թոն» հա­­մաշ­­խարհա­­յին նա­­խաձեռ­­նութեան ամե­­նամեայ մի­­ջոցառ­­ման ըն­­թացքին։ Այս հե­­րոս­­նե­­­րէն մէ­­կը դար­­ձաւ «Օրօ­­րա» մրցա­­նակի դափ­­նե­­­կիրը։ Շնորհման արա­­րողու­­թիւնը տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նայ 2024 թ. Մա­­յիսին, Լոս Ան­­ճե­­­լես։ 2024 թ. «Օրօ­­րա» մրցա­­նակի դափ­­նե­­­կիրը կը ստա­­նայ 1.000.000 ԱՄՆ տո­­լար պար­­գեւ եւ նո­­ւիրա­­տուու­­թեան շղթան շա­­րու­­նա­­­կելու եզա­­կի հնա­­րաւո­­րու­­թիւն՝ աջակ­­ցե­­­լով կա­­րիքի մէջ գտնո­­ւող ան­­ձե­­­րու։

«Մենք ու­­րախ ենք յայ­­տա­­­րարել այն երեք բա­­ցառիկ ան­­հատնե­­րու անուննե­­րը, որոնց ընտրած ենք որ­­պէս 2024 թ. «Օրօ­­րա»ի հե­­րոս­­ներ։ Անոնք տար­­բեր են իրենց կեն­­սա­­­փոր­­ձով, բայց կը միաւո­­րուին մարդկու­­թեան ծա­­ռայե­­լու նո­­ւիրու­­մով։ Անոնցմէ իւ­­րա­­­քան­­չիւրը կը ցու­­ցա­­­բերէ ար­­տա­­­սովոր խի­­զախու­­թիւն եւ նո­­ւիրո­­ւածու­­թիւն՝ օգ­­նե­­­լով այ­­լոց վտան­­գա­­­ւոր իրա­­վիճակ­­նե­­­րուն՝ մէկ կողմ դնե­­լով սե­­փական ապա­­հովու­­թիւնը ու բա­­րեկե­­ցու­­թիւնը»,- ըսաւ «Օրօ­­րա» մրցա­­նակի Ընտրող յանձնա­­ժողո­­վի նա­­խագահ, Լոն­­տո­­­նի կայ­­սե­­­րական կա­­ճառի Կլո­­պալ առող­­ջա­­­պահա­­կան նո­­րարա­­րու­­թիւննե­­րու ինստի­­տու­­տի հա­­մանա­­խագահ Լորտ Արա Դար­­զին»։

2024 թո­­ւակա­­նի «Օրօ­­րա»ի հե­­րոս­­ներն են.

Ապ­­տուլհա­­տի ալ-Խաուա­­ճա (Պահ­­րէյն/Դա­­նիա)՝ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան, որ խի­­զախօ­­րէն պաշտպա­­նած է Պահ­­րէյնի ամե­­նախո­­ցելի հա­­մայնքնե­­րու իրա­­ւունքնե­­րը, յատ­­կա­­­պէս անոնց, որոնց իրա­­ւունքնե­­րը պար­­բե­­­րաբար խախ­­տո­­­ւած են։ Ան քա­­նի մը ան­­գամ ձեր­­բա­­­կալո­­ւած է, 2011 թ. Պահ­­րէյնի ապստամ­­բութեան ժա­­մանակ խա­­ղաղ ցոյ­­ցեր առաջ­­նորդե­­լու հա­­մար։ Որ­­պէս հե­­տեւանք՝ Ռազ­­մա­­­կան ատեանը անոր դա­­տապար­­տած է ցմահ բան­­տարկու­­թեան։

Տե­­նիս Մուկվե­­գէ (Գոն­­կո­­­յի Դե­­մոկ­­րա­­­տական Հան­­րա­­­պետու­­թիւն)՝ կի­­նեքո­­լոկ եւ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան, ով 1999 թո­­ւակա­­նէն սկսեալ բժշկա­­կան օգ­­նութիւն կը տրա­­մադ­­րէ պա­­տերազ­­մի ժա­­մանակ սե­­ռական եւ սե­­ռային ինքնու­­թեան բռնու­­թեան են­­թարկո­­ւած կի­­ներուն եւ կը պայ­­քա­­­րի սե­­ռային հա­­ւասա­­րու­­թեան հա­­մար ու բռնա­­բարու­­թիւնը որ­­պէս պա­­տերազ­­մի զէնք գոր­­ծա­­­ծելուն դէմ, Գոն­­կո­­­յի եւ ամ­­բողջ աշ­­խարհի մէջ։ Բժ. Մուկվե­­գէն ար­­ժա­­­նացած է բազ­­մա­­­թիւ մրցա­­նակ­­նե­­­րու, եւ 2018 թո­­ւակա­­նի Խա­­ղաղու­­թեան Նո­­պելեան մրցա­­նակին։

Նաս­­րին Սո­­թու­­դէ (Իրան)՝ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան, ով 2003 թո­ւակա­­նէն այս կողմ հան­­դէս կու գայ որ­­պէս փաս­­տա­­­բան՝ ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով իրան­­ցի ընդդի­­մադիր գոր­­ծիչնե­­րու, երի­­տասարդ բան­­տարկեալ­­նե­­­րու եւ կա­­նանց իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան­­նե­­­րու շա­­հերը, անոնց կար­­գին՝ այն կի­­ներու իրա­­ւունքնե­­րը, որոնք ձեր­­բա­­­կալո­­ւած են Իրան պար­­տա­­­դիր լա­­չակ կրե­­լու դէմ բո­­ղոքե­­լու հա­­մար։ Իր գոր­­ծունէու­­թեան պատ­­ճա­­­ռով Նաս­­րին Սո­­թու­­դէն բազ­­միցս բան­­տարկո­­ւած է եւ որ­­պէս պա­­տիժ են­­թարկո­­ւած է նաեւ մե­­կու­­սեալ բան­­տարկու­­թեան։

2024 թո­­ւակա­­նի «Օրօ­­րա» մար­­դա­­­սիրա­­կան մրցա­­նակի առա­­ջադ­­րումնե­­րու փու­­լին, ներ­­կա­­­յացո­­ւած էր 732 դի­­մում՝ նե­­րառեալ 675 հե­­րոսի թեկ­­նա­­­ծու։ Դի­­մումնե­­րը ստա­­ցուած են 75 երկրէ, անոնց կար­­գին՝ ԱՄՆ, Քե­­նիա, Հա­­յաս­­տան, Նի­­ճերիա, Գեր­­մա­­­նիա, Փա­­քիս­տան, Գա­նատա, Հնդկաս­տան, Մեծ Բրի­տանիա, Չե­խիա, Վրաս­տան եւ Իրան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ