Այս յօդուածը լոյս տեսած է պատերազմը սկսելէն առաջ, 14 Սեպտեմբեր 2023-ին, Արթը Կերչեք կայքէջին վրայ։ Այստեղ կը ներկայացնենք թարգմանաբար։
ԱՐԻՍ ՆԱԼՃԸ
Հետզհետէ աւելի լսելի կը դառնայ Հայաստանի դրան առջեւ պատերազմի թակոցը։ Ատրպէյճան նոյն պահուն, թէ Հայաստանի եւ թէ Արցախի սահմաններուն զինուրական կուտակում կը կատարէ։ Այդ կուտակումի հետ միասին շրջանառութեան դրուած է նաեւ քարոզարշաւ մը։ Երեւոյթը կը յուշէ նախորդ փորձերը, ուր Ատրպէյճան նման ռազմավարութիւնով պատերազմ հրահրելէ ետք աշխարհին կ՚աղաղակէր Հայաստանի յարձակման մասին սուտերով։ Ըստ երեւոյթի ալիեւի իշխանութիւնը Ռուսաստանի զօրակցութիւնն ալ ապահովելով պիտի փորձէ մինչեւ տարեվերջ նոր պատերազմի մը։
Յիշենք թէ անցեալին Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսները սահմանագծի բախումներու ամենասրած շրջանները եղած են։
Ալիեւի իշխանութիւնը այս շաբաթ անգամ մը եւս փորձեց ռուսական Կարմիր Խաչի մարդասիրական բեռնակառքերու կողքին իր զօրքերն ալ ձեւացեալ բնապահպաններ ըլլալով Ստեփանակերտ ուղարկել։ Թէեւ այդ փորձը այս անգամ ձախողեցաւ, բայց ան չի նշանակեր որ յաջորդ դաւադրութիւնները կանխուած են։
Ալիեւ երկար ժամանակէ ի վեր զգուշութեամբ կը ծրագրէ այս օրերու ռազմավարութիւնը։ Ան գիտէ, որ միջազգային կառոյցներու հաւանական հակազդեցութիւնները կանխել կարելի է կաշառքի միջոցով։
Ան ինչպէս որ հաւատարիմ չէր մնացած իր նախորդ պայմանաւորուածութիւններուն, ենթարկուելու այժմ ալ մտադիր չէ Ռուսիոյ ճնշումով ստորագրած զինադադարի պայմաններուն։
Պարտինք տեսնել թէ Ռուսիա հետզհետէ կարիք ունի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի աջակցութեան։ Նաեւ նկատի ունենանք, որ Ատրպէյճան Ռուսաստանի մէջ աւելի ազդեցիկ լոպի ունի բաղդատմամբ Հայաստանի։ Եւրոպայի հետ կնքուած կազամատակարարման համագործութիւնները, Ռապիներու համաշխարհային համագումարի Պայքուի մէջ կայացումը, Փութինի հետ յաճախակի հեռախօսազրոյցները Ատրպէյճանի դիրքը ալ աւելի ուժեղացնող գործօններ են։
Յուսամ թէ կը սխալիմ, բայց եթէ Ալիեւ իր նախորդ գործելաոճը կրկնէ պատերազմը անխուսափելի կը դառնայ։ Հայաստանի Հիւսիս Արեւմտեան հատուածի վրայ կատարուած յարձակումին միաժամանակ պիտի յաջորդէ Արցախի ուղղուած յարձակումը։ Նման գործողութիւնը անգամ մը եւս բազում կեանքերու կորուստին պատճառ պիտի դառնայ։
Այստեղ թերեւս ալ հաւասարակշռող ազդակ մըն է Իրանի յայտարարութիւնը, ուր կ՚ըսուի թէ «Իրան պիտի միջամտէ, եթէ միջազգային սահմաններու ուղղեալ յարձակում մը կատարուի»։
Այս ընդհանուր պատկերին մէջ Փաշինեան Ռուսիոյ Հայաստանի պաշտպանութեան համար պահանջները դիմագրաւելու գործին մէջ թերացած ըլլալուն պատճառաւ հայեացքը ուղղած է դէպի արեւմուտք։ ԱՄՆ-ի հետ կատարուած զինավարժութիւնները այդ հակումի ապացոյցն է։ Միացեալ Նահանգներէն փոքրաթիւ զօրամասի մը ուսուցողական բնոյթով զօրավարժութիւն կատարելը չի նշանակեր թէ ԱՄՆ Հայաստանի կողքին է։
Վերջապէս անցեալի փորձերը պատկերացում մը կրնան տալ ԱՄՆ-ի օգնութենէն յոյսեր սնուցելու անիմաստութեան։ Անոր Ըրաքի, Աֆղանստանի, Սուրիոյ կամ Ուկրանիոյ ուղղեալ միջամտութիւնները ի՞նչ նպաստ բերած են այդ երկիրներուն։ Կ՚արժէ անգամ մը եւս մտածել այս մասին։
Այս դրութեան մէջ Հայաստան անելի մատնուած կ՚երեւի։ Յուսամ թէ կը սխալիմ։
Թէեւ արեւմտեան երկիրներ վերջերս թափ տուած են Հայաստանի մէջ իրենց դիտորդներու եւ դիւանագիտական աշխատանքներուն։ Բայց ամէն առիթով կը նշեն հետեւեալը. «Հաւանական բախումի մը պարագային տեղւոյն վրայ եւ շտապ տեղեկութիւն ապահովելու եւ պահին հակազդելու համար»։
Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան նախորդ շաբաթ տեսակցեցաւ Էրտողանի հետ։ Այդ տեսակցութիւնը Հայաստանի հասարակութենէ ներս տարբեր բնոյթով մեկնաբանութիւններու պատճառ դարձաւ։ «Եթէ Ռուսիա Հայաստանի կողքին չէ, Ատրպէյճանի հետ խնդիրները պէտք է լուծուին Թուրքիոյ միջոցաւ»։ Տեսութիւնը եզրակացնողները կը խորհին թէ Փաշինեան լուծումը կ՚ակնկալէ Էրտողանէն։
Հայաստանէն քանի մը լրագրողներ ինծի ալ այս ուղղութիւնով հարցումներոդ դիմած են։
Երանի թէ ճիշդ ըլլան այս կանխատեսումները, բայց ես չեմ կարծեր թէ Էրտողանի վարչակարգը եւ այս պահուն Թուրքիան կարենան օժանդակել Հարաւային Կովկասի մէջ որեւէ հաշտեցման ծրագրի։
Թուրքիա արդէն ամէն առթիւ կը յայտարարէ թէ պիտի զօրակցի Ատրպէյճանին։ Միւս կողմէ Ալիեւ եւ Էրտղանի միջեւ յաճախ նշուած աւագ եւ կրտսեր եղբայրի դերերը կարծես փոխուած ըլլան։
Ատրպէյճանցի խորհրդականներ եւ արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Աղտամի ճամբով առաջարկուած օգնութեան մերժումէն ետք Արցախահայութեան հասցէագրելով ըսին թէ «Կը մերժեն թուրքի հացը»։ Ատրպէյճանցիներ այս լսելով զարմացած կը հարցնէին «Ազերիները երբ սկսան իրենք զիրենք թուրք համարել»։
Այսինքն թրքութիւնը եւ որո՞ւն աւելի շատ թուրք ըլլալը կամ ո՞ր լեզուին աւելի թրքերէն ըլլալը բանավէճի նիւթ դարձած կ՚երեւի։
Բնական է, Թուրքիոյ մէջ վերաձեւաւորուած ազգայնականութեան մէջ այս հարցադրումն ալ ինքնաբերաբար կը յայտնուի։
Աւագ եւ կրտսեր եղբօր դերակատարութեան մէջ աւագի դերը կախեալ է փողի ուժէն։ Բոլորս գիտենք թէ վերջին երկու տարիներուն փողը Ատրպէյճանէն կու գայ։
2021-ի տուեալներով Ատրպէյճանի Թուրքիոյ ուղղեալ ներդրումը 19,8 միլիառ ԱՄՆ տոլար է։ Իսկ Թուրքիոյ ներդրումը 14 միլիառ տոլար։ Ատրպէյճանի ներդրումներու կարեւոր մէկ մասը ուղուած է Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն, այլ խօսքով Էրտողանի կառավարութեան անտեսած հատուածին։
Ալիեւի իշխանութիւնը Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն միջամտեց Սինան Օղանին միջոցաւ։ Այս վերջինին ամենաշատ ձայներ հաւաքած քաղաքն ալ Իգտիրն էր։ Ալիեւ անձամբ խոստովանեցաւ, որ Արցախի պատերազմը կը ծրագրէր իր երիտասարդութեան տարիներէն։ Հայաստան դժուար շրջան մը կը բոլորէ հաւանական պատերազմ մը երկրին կրնայ պարտադրել նոր հաւասարակշռութիւններ։ Ռուսաստան Թերեւս ալ Հայաստաը կը ստիպէ Պելառուսի նման դիրքի մը մատնուելու։ Հայաստան չի կրնար խուսափիլ իր աշխարահագրական դիրքի պարտադրանքներէն։ Երկրի խաղաղութիւնը ապահովելու համար ստիպուած է թէ Թուրքիոյ եւ թէ Ատրպէյճանի հետ համերաշխութիւն ապահովելու։
Ալիեւ մինչեւ այսօր կանգ չէ առած եւ ասկէ վերջ ալ չեմ յուսար թէ կանգ առնէ։ Արցախի ուղղեալ զինուորական յարձակումով մը գոյանալիք մարդկային կեանքի կորուստները Հարաւային Կովկասի քաղաքական առաջնորդներուն համար լոկ թուանշաններ են։
(Արթը Կերչեքէ թարգմանուած)