Երկար ճամբայ`Սահայէն մեր տուն

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ 21)

Սահա եմ՝ Ար­մէ­նին դի­մացը։ Նոր հա­սայ, քա­նի մը բան պէտք է գնեմ Ար­մէ­նին քո­վէն ու շար­ժիմ դէ­պի տուն։ Ընդհան­րա­պէս Կա­րոյին քո­վէն թաք­սի կ’առ­նէի ու կ’եր­թա­յի, բայց քա­նի որ կ’ու­զեմ կոր ձե­զի ծա­նօթաց­նել ճամ­բան, քա­լելով պի­տի եր­թամ։ Ի մի­ջի այ­լոց, միշտ զգա­ցած եմ, որ Սա­հայէն դէ­պի Էքի­զօլուխ եր­թա­լը շատ աւե­լի դժո­ւար է ու յոգ­նե­ցու­ցիչ, քան հա­կառա­կը։ Յա­մենայն դէպս, կե­ցէք՝ գնումս ընեմ Ար­մէ­նին քո­վէն ու քա­լենք։

– Ար­մէ՛ն, հա­ճի՛ս, մէկ հատ իտա­լական, մէկ հատ մա­լինկ, մէկ հատ սի­յահի հաց, մէկ տուփ «Սա­տա» լո­խում, մէկ հատ լա­միս պըս­քո­ւիթ՝ նո­րէն «Սա­տա», եր­կու հատ ալ ման­տա­րին «Վի­նիթօ»։

Տոպ­րակներս առի, ու ճամ­բան սկսաւ։ Նախ­քան քա­լելս ըսեմ, որ Ար­մէ­նին դի­մացի մայ­թը Քէ­սապի ամե­նասթրա­թեճիկ մայթն է։ Ամէն մարդ կը նա­խընտրէ հոն նստիլ։

Ու­րեմն Ար­մէ­նին քով ու­րիշ խա­նութ մը կար, կար­ծեմ անու­նը Զահ­թա­րեան էր։ Ին­ծի հա­մար միշտ զար­մա­նալի էր, որ Ար­մէ­նը շատ աւե­լի յա­ճախորդ ու­նի քան այդ կող­քի խա­նու­թը, hակա­ռակ որ խա­նութնե­րը կողք կողքի են։

Քիչ մը որ բարձրա­նանք, դպրո­ցի մուտքն է։ Դէ­պի ձախ որ դառ­նանք, ար­դէն կը սկսին շարք մը խա­նութներ. Կա­րոն՝ որ­պէս թաք­սի և ճամ­բորդու­թիւննե­րու գրա­սենեակ, կող­քը՝ նպա­րավա­ճառ մը։ Երե­ւի քո­վէն առ­նեմ վա­րունգ, լո­լիկ եւ քիչ մը պտուղ։ Յի­շածիս հա­մաձայն, կող­քը փուռ մը կայ՝ Նոր­մա­յենց փու­ռը, կող­քը՝ խա­նութ մը, որ քու­նա­ֆէ պըլ ճըպ­նէ կը ծա­խէր, յե­տոյ ալ՝ դե­ղարա­նը։ Քիչ մըն ալ քա­լենք ու կը դառ­նանք աջ, ու ար­դէն կը սկսի զզո­ւելի զա­ռիվե­րին սկիզ­բը։ Ձախ կողմս գե­րեզ­մա­նատունն է, կող­քը խա­նութ մը կար, որ քա­սեթ­ներ կը ծա­խէր ժա­մանա­կին։ Շունչ առ­նե­լով կը բարձրա­նամ։ Ձա­խիս նոր շէն­քեր են, ան­կիւնին վրայ սափ­րիչ մը կայ։ Աջիս՝ դէ­պի ներս քիչ մը, Ման­ճի­կեան­նե­րու տունն է։ Կը շա­րու­նա­կեմ, մին­չեւ հաս­նիմ «Օթել Ռաու­տան», յե­տոյ քա­նի մը նոր շէնք ու քա­քէն գուրպ մը՝ դէ­պի ձախ։ Ի մի­ջի այ­լոց, դէ­պի աջ գաղտնի ճամ­բայ մը կայ, որ կը հասցնէ եկե­ղեցի։ Հի­մա ժա­մանա­կը չէ։ Դժո­խային զա­ռիվե­րի երկրորդ մասն է՝ ար­դէն քրտինքնե­րու մէջ եմ։ Մին­չեւ որ ճամ­բան ետ շտկուի, լռեմ քիչ մը։

...Կար­ծես թէ շտկո­ւեցաւ։ Հի­մա տեղ մըն եմ, որ, տղա­քը կ’ըսէին դա­մաս­կոսցի­ներու ՍԵՄ-ի բա­նակա­վայ­րը կը տա­նի. չեմ գա­ցած հոն։ Քիչ մը առ­ջեւ Դեր­ձա­կեան­նե­րուն տունն է, յե­տոյ՝ մուստաու­սա­ֆը, յե­տոյ՝ քա­նի մը նոր շէնք։ Եր­կու դրա­ցի կայ այս շէն­քին մէջ, որ կը ճանչնամ՝ Խա­յէլեան­նե­րը և Գան­տի­լեան­նե­րը։ Քա­նի մը քայլ առ­ջեւ՝ հե­ռուէն կ’երե­ւայ կար­միր գոյ­նի Փօ­լատեան­նե­րուն տու­նը, իսկ ան­կիւնին վրայ՝ կա­թոլիկ­նե­րու ճամ­բա­րը։ Այդ ճամ­բով, որ շա­րու­նա­կենք, կը հաս­նինք ՀՄՄ-ի բա­նակա­վայ­րը։ Դէ՛հ, բայց գի­տէք՝ իմ ճամ­բաս դէ­պի տուն է։ Եկէք շա­րու­նա­կենք. քրտինքս կը հո­սի կոր ու ճամ­բուն դեռ մէկ եր­րորդը հա­զիւ կտրե­ցինք, չնա­յած հի­մա ճամ­բան ու­ղիղ է քիչ մը, աւե­լի դիւ­րին։ Ճամ­բա­րէն քա­նի մը քայլ առ­ջեւ՝ ձախ կող­մի վրայ, «Կազ­դուրման կա­յան»ն է։ Ընդհան­րա­պէս այստեղ ար­ծո­ւիկ­նե­րը կ’իջ­նէին, բայց ես քա­նի մը ան­գամ իջած եմ այնտեղ «Օգ­նութեան Խաչ»ին եւ «Պատսպա­րան»ին հետ։ Ասոնք երե­ւի զատ յօ­դուած մը կ’ու­զեն։ Շա­րու­նա­կեմ։ Հա­րիւր մեթր ան­դին՝ ան­կիւնը ճա­շարան մը կայ, որուն անու­նը չեմ յի­շեր, ու մէկ հատ ալ նպա­րավա­ճառ։ Դէ­պի աջ կը դառ­նամ, ու կը սկսին Քէ­սապի լեռ­նե­րուն եւ ձո­րերուն հրա­շալի տե­սարան­նե­րը։ Տե­սարա­նը մտքիս մէջ քիչ մը պղտոր է։ Բայց, օրի­նակ, շատ լաւ կը յի­շեմ Պա­լապա­նեան­նե­րուն տու­նը՝ ճամ­բու ձախ կող­մը։ Կը տես­նեմ մէ­կական բեր­դի նման մեծ-մեծ շէն­քեր՝ ճամ­բու աջ կող­մը։ Կը քա­լեմ քիչ մը զա­ռիվար, քիչ մը զա­ռիվեր, մին­չեւ յայտնո­ւի ամե­րիկեան հին մեծ օթոն. «Եու­մուրթա»յին օթոն է։

Կար­ծես թէ Էքի­զօլու­խին մօ­տեցայ. Փա­նոյեան­նե­րուն տունն է աջիս, քիչ մը առ­ջեւ ՝ Հալ­լա­ճեան­նե­րու­նը, դի­մաց­նին՝ Թու­թունճեան­նե­րու վիլ­լան, իսկ դի­մացը՝ հրա­շալի ակը։ Այ, հոս պէտք է կե­նալ։ Ար­դէն հերթ կայ. ամէն մէ­կը, ձեռ­քին կա­լոն մը կամ շիշ մը, ջուր պի­տի լեց­նէ, կամ պար­զա­պէս կ’ու­զեն խմել ու լո­ւացուիլ։ Կա­րեւո­րը՝ առանց հոս­կէ ջուր խմե­լու տուն պի­տի չեր­թամ։ Փոքր տա­րիքիս կը կար­ծէի, որ այս ակը սառ­նա­րանի մը կա­պուած է, որով­հե­տեւ չի կրնար ասանկ տաք եղա­նակի այսքան պաղ ջուր գայ։ Հերթս եկաւ, կը լո­ւացո­ւիմ կոր, ջուր կը խմեմ կոր հնա­րաւո­րին չափ ու կ’երե­ւակա­յեմ կոր ակին կա­պուած սառ­նա­րանը։ Կար­ծես թէ պէտք է շար­ժիմ, որով­հե­տեւ ետեւս հեր­թը եր­կա­րեցաւ։ Քա­նի մը քայլ առաջ՝ ակին կող­քը, «Չաղ­լա­սեան Օթել»ն է, դի­մացը՝ նպա­րավա­ճառ մը ու քիչ մը վեր՝ ճա­շարան մը։ Եր­կուքին ալ անու­նը չեմ յի­շեր։ «Չաղ­լա­սեան Օթել»ին կող­քը քաս­թըրմէ ՝ կտրուկ ճամ­բայ մը կայ, որ դէ­պի բա­նակա­վայր կը հա­նէ. բայց գի­տէք, եղա­ծով զա­ռիվեր է ու հեչ սիրտ չու­նիմ բարձրա­նալու։ Նոր­մալ ճամ­բաս կը շա­րու­նա­կեմ, մին­չեւ գայ շատ մեծ, դէ­պի աջ գուրպ մը։ Աս գուրպը մեծ պատ­մութիւն ու­նի ողոր­մած Ապու Ազի­զին հետ։ Ամէն ան­գամ, որ յաղ­թա­հարէր, «զամ­մուր հաուան» ամուր կը սեղ­մէր ու կար­ծես կ’ու­զէր գուրպին ճար­տա­րապե­տին ըսել. «Քաք­նեմ խել­քիդ, աս ինչ քա­քէն գուրպ էր»։

Եկէք շա­րու­նա­կեմ տու­նիս կող­մը։ Այստեղ քա­նի մը տուն կը յի­շեմ՝ Էք­մեքճեան­նե­րը, Տա­քէսեան­նե­րը, Բախ­տի­կեան­նե­րը, ու յե­տոյ կը սկսէր գե­ղեցիկ վիլ­լա­ներու շարք մը։ Յե­տոյ հասկցայ, որ ատոնք բո­լորն ալ զի­նուո­րական մար­դոց տու­ներ էին։ Այս շար­քին մէջ վեր­ջին տու­նը մեր տունն էր՝ գետ­նա­յարկ, պճլիկ պալ­քո­նով։ Ակոն եւ Մու­նան հան­գիստ նստած իրենց սուրճը կը խմեն ու հե­ռուէն կը նե­տեն. «ու­շա­ցար...»

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ