«Այս դպրոցը կրկին պիտի բանաք…»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Նիկոսիա, Կիպ­րոս։ Օգոս­տոս ամ­սուան Կի­րակի օրե­րէն մէկն էր։ Եղա­նակը՝ շատ տաք… Կիպ­րո­սի մէջ ամ­րան տօ­թէն փախ­չե­լու հա­մար անհրա­ժեշտ է կա՚մ ծով ուղղո­ւիլ, կա՚մ ալ՝ գիւ­ղա­կան շրջան­նե­րը, որ­պէսզի զո­վանաս։ Կիպ­րո­սի գիւ­ղե­րը նոյնքան գե­ղեցիկ են, որ­քան՝ ծո­վեզե­րեայ շրջան­նե­րը։ Եթէ այս եր­կու կա­րելիու­թիւննե­րէն մէ­կուն չըն­դա­ռաջես, երե­ւի այդ պա­րագա­յին պէտք է մտա­ծել այլ ել­քի մը մա­սին։ Ար­տան՝ կո­ղակիցս, եւ ես այդ Կի­րակի օրը ընտրե­ցինք սրճա­րան մը, ինչպէս վարժ ենք կո­չել՝ «Քո­ֆի շափ» մը, որ լա­ւապէս զո­վացո­ւած կ’ըլ­լայ։

Այսպի­սի սրճա­րան­նե­րը ներ­կայ օրե­րու մշա­կոյթ-կեն­ցա­ղի վե­րածո­ւած են։ Անոնք ամէն տեղ են, եւ անոնց կրնաս հան­դի­պիլ իւ­րա­քան­չիւր քայ­լա­փոխի։ Եթէ անի­կա սուրճի սի­րահար­նե­րու տեղն է, բայց նոյնքան նաեւ՝ հան­դի­պու­մի եւ հա­ւաքի վայր մը, ուր կրնաս բա­րեկամ­նե­րու հետ ժա­մեր ան­ցը­նել՝ առանց ձանձրա­նալու։ Եւ երե­ւի անոնք այլ տե­ղերէ ա՚լ աւե­լի մատ­չե­լի են նիւ­թա­կան իմաս­տով…

Նի­կոսիոյ այս սրճա­րանին մէկ ան­կիւնը նստած՝ Ար­տան եւ ես կը սպա­սէինք մեր սուրճի մա­տակա­րարու­մին։ Ար­տան հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս է, եւ ինչպէս ոեւէ ակա­դէմա­կան գոր­ծիչ՝ ինքն ալ ու­նի քննա­կան միտք եւ հար­ցում ուղղե­լու յա­տուկ կա­րողու­թիւն։ Այս բո­լորին վրայ կու գայ աւել­նա­լու խօ­սակ­ցութեան մի­ջոցով բա­րեկա­մու­թիւններ հաս­տա­տելու Ար­տա­յին յատ­կութիւ­նը։

Մեր մօտ նստած էին երեք տա­րեց­ներ, որոնք շատ հա­ճելի խօ­սակ­ցութեան բռնո­ւած էին։ Եւ չու­շա­ցան Ար­տա­յի քննա­կան միտքն ու պրպտումնե­րը։ «Այս երեք մար­դի­կը ին­չո՞ւ մի­նակ եկած են», հար­ցուց Ար­տան ին­ծի։ «Ո՞ւր են անոնց կո­ղակից­նե­րը, երբ այ­սօր Կի­րակի է»։

Կրցայ գու­շա­կել գա­լիքը, բայց շատ արագ ընդմի­ջեցի Ար­տա­յին հե­տաքրքրու­թիւննե­րը։ «Չըլ­լայ բան մը ըսես իրենց, ամօթ է…», եղաւ իմ կարճ եւ քիչ մըն ալ կտրուկ պա­տաս­խան-պա­տուէրս։

Երբ իմ տե­ղէս ելայ, որ­պէսզի կա­րենամ պատ­րաստո­ւած սուրճե­րը բե­րել մեր սե­ղանը, ար­դէն վե­րադար­ձին տե­սայ, որ «բա­նը բա­նէն» ան­ցած էր։ Ար­տան սկսած էր շատ հա­ճելի խօ­սակ­ցութիւն մը՝ այս երեք տա­րեց կիպ­րա­ցինե­րուն հետ։ Տե­սայ նաեւ, որ անոնք ալ սի­րով ըն­դա­ռաջած էին Ար­տա­յի հե­տաքրքիր, բայց նոյնքան բա­րեկա­մական հա­ղոր­դակցու­թեան։

Եւ պար­զո­ւեցաւ, թէ ին­չո՚ւ այս երեք տա­րեց բա­րեկամ­նե­րը մի­նակ եկած էին…

Մէ­կուն կո­ղակի­ցը մա­հացած էր, միւ­սի­նը հի­ւանդ էր, իսկ եր­րորդը՝ ճամ­բորդած։ Եւ Կի­րակի կէ­սօրէ ետք երեք տա­րեց բա­րեկամ­նե­րը եկած էին սուրճի մը շուրջ իրենց բա­րեկա­մու­թիւնը դար­ձեալ ջեր­մացնե­լու՝ կլի­մային ջեր­մութեան հետ հա­ճելի ժա­մանակ մը ան­ցը­նելու հա­մար։

Անդրէասը, ըստ երե­ւոյ­թին, երե­քին մէջ ամէ­նէն լե­զուա­նին եւ փոր­ձա­ռուն էր։ Երբ ան իմա­ցաւ, որ հայ ենք, ըսաւ. «2013 թո­ւակա­նին Եւ­րո­պական խոր­հուրդին կող­մէ ղրկո­ւեցայ Հա­յաս­տան՝ իբ­րեւ դի­տորդ ստու­գե­լու հա­մար նա­խագա­հական ընտրու­թիւննե­րու թա­փան­ցի­կու­թիւնը եւ ճշգրտու­թիւնը։ Շատ գե­ղեցիկ եր­կիր մը ու­նիք։ Առի­թը ու­նե­ցայ այ­ցե­լելու Ս. Էջ­միածին։ Շատ գե­ղեցիկ ու հո­գեպա­րար էր պա­տարա­գը եւ՝ մեր կիպ­րա­կան եկե­ղեցիի արա­րողու­թեան մօ­տիկ»։

«Օր­թո­տոքս-ուղղա­փառ եկե­ղեցի­ներ ենք, եւ այս իմաս­տով նմա­նու­թիւններ կան», ըսի Անդրէասին։

Չու­շա­ցաւ հայ-կիպ­րա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն մա­սին մեր խօ­սակ­ցութիւ­նը, եւ թէ ինչպէ՚ս եր­կու ժո­ղովուրդներ ենք՝ նոյ­նանման մար­տահրա­ւէր­ներ եւ ճգնա­ժամեր ու­նե­ցող։

Կիպ­րո­սը բա­րեկամ պե­տու­թիւն է Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղովուրդին։ Ասի­կա շատ ակ­նե­րեւ է։ Կիպ­րոս այն քիչ պե­տու­թիւննե­րէն է, որ միշտ ալ նե­ցուկ եղաւ մե­զի ներ­կայ ար­ցա­խեան հիմ­նա­հար­ցին մէջ։ Անդրէաս եւ իր բա­րեկամ­նե­րը քա­ջատե­ղեակ էին ար­ցա­խեան հիմ­նա­հար­ցին։ «Ար­ցա­խի ժո­ղովուրդը ար­ժա­նի է իր ար­դար իրա­ւունքին», ըսաւ Անդրէաս։

Եր­կու սե­ղան­նե­րու շուրջ նստած էինք եւ կը շա­րու­նա­կէինք մեր զրոյ­ցը։ Սե­ղան­նե­րուն դի­մաց կար մեծ ապա­կի մը, ուր կրնա­յիր տես­նել սրճա­րանին դուրսի կող­մե­րը։ Իսկ դուրսը՝ սրճա­րանին հան­դի­պակաց կող­մը, կ’երե­ւէր Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւնը։

«Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւնը շատ կա­րեւոր դպրոց մըն էր ոչ միայն հա­յերուն, այլ նաեւ Կիպ­րո­սի հա­մար», ըսաւ Անդրէաս։ «Չեմ կրնար հասկնալ, թէ իբ­րեւ հա­յեր՝ ինչպէ՚ս գո­ցեցիք այս դպրո­ցը»։

Անդրէասի եւ իր բա­րեկամ­նե­րուն հետ ու­նե­ցանք նաեւ հա­ճելի խօ­սակ­ցութիւն՝ կրթա­կան ոլոր­տին վե­րաբե­րեալ։ Երեքն ալ ու­սեալ եւ բա­նիմաց կիպ­րա­ցիներ էին, որոնք կեան­քին մէջ ձեռք ձգած են բա­ւական փոր­ձա­ռու­թիւն եւ փորձ։ Անդրէաս ին­ծի նա­յեցաւ եւ մա­տով ցոյց տո­ւաւ Մել­գո­նեան հաս­տա­տու­թիւնը ապա­կիէն ան­դին եւ ըսաւ.

«Այս դպրո­ցը կրկին պի­տի բա­նաք»։

Պա­տուէ՞ր, թէ՞ մար­տահրա­ւէր…

Հրա­ժեշտ առինք երեք կիպ­րա­ցի բա­րեկամ­նե­րէն, բայց նոյնքան՝ յա­գեցած ազ­գա­յին-կրթա­կան թէ տե­ղական խոր­քա­յին զրոյ­ցէ մը ետք։

Կա­րելի չէր չմտա­ծել այդ Կի­րակի օր ար­ծարծո­ւած բո­լոր միտ­քե­րուն մա­սին։ Բայց մա­նաւանդ՝ Անդրէասի պա­տուէ­րին մա­սին…

Շատ բան խօ­սուե­ցաւ եւ գրո­ւեցաւ Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան փակ­ման եւ անոր առա­քելու­թեան դադ­րեցման առնչու­թեամբ։ Քննար­կումներ, քննա­դատու­թիւններ, նե­ղուած ու բոր­բո­քած տրա­մադ­րութիւններ, կե­ցուածքներ ու տա­կաւին այլ բա­ներ։ Եթէ առա­քելու­թիւնը կա­սեցո­ւած է, բայց շէն­քե­րը տա­կաւին հոն են՝ Նի­կոսիոյ մուտքին։ Եւ կա­րելի չէ, որ չտես­նեմ այս շէն­քե­րը գէթ իւ­րա­քան­չիւր օր, երբ կը գտնո­ւիմ Կիպ­րոս, նկա­տի ու­նե­նալով, որ իմ տունս մօ­տիկ է դպրո­ցին։ Եւ փա­կուած շէն­քե­րը կը խօ­սին… Եթէ Անդրէասի մի­ջոցով, բայց նոյնքան նաեւ՝ իմ ներ­սի­դիս…

«Այս դպրո­ցը կրկին պէտք է բա­նաք»։

Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան փա­կուե­լէն ետք շատ բան փո­խուե­ցաւ մեր ազ­գա­յին եւ հա­մահայ­կա­կան ու հա­մաս­փիւռքեան կեան­քե­րուն մէջ՝ քիչ մը ամէն տեղ։ Դպրո­ցի առա­քելու­թիւնը կա­սեցո­ւած է, բայց՝ ոչ եր­բեք մեր ներ­հայկա­կան ու հա­մաս­փիւռքեան կեան­քե­րուն տար­բեր ոլորտնե­րը։ Մեր կեան­քե­րը՝ իրենց յոյ­զե­րով, յոյ­սե­րով եւ տագ­նապ-ընե­լիք­նե­րով, տա­կաւին շատ արագ կը փո­խուին, եւ նոր իրա­վիճակ­ներ կը ստեղ­ծո­ւին։ Եւ այս բո­լոր նոր իրա­վիճակ­նե­րուն մէջ կան նոր տե­սիլքներ ծան­րացնող պայ­մաննե­րը եւ պա­հանջնե­րը։

Հա­յաս­տան- Ար­ցախ մեր միաս­նա­կան հայ­րե­նիքը կ’ապ­րի մեծ տագ­նապներ։ Մի­ջին Արե­ւել­քի կոտ­տա­ցող վէր­քե­րը շատ են։ Սփիւռք(ներ)ը ու­նի(ն) ծան­րա­ցող եւ դժո­ւար օրա­կար­գեր։ Օրա­կար­գեր, որոնք մեծ են եւ կը պա­հան­ջեն ուժ ու կա­րողա­կանու­թիւն։

Արամ Ա. վե­հափառ հայ­րա­պետը, երկրորդ յա­ջոր­դա­կան տա­րին ըլ­լա­լով, կը հրա­ւիրէ մեզ բո­լորս՝ վե­րանա­յելու մեր սփիւռքեան իրա­կանու­թիւննե­րը եւ լից­քա­ւորե­լու զա­նոնք նոր տո­ւեալ­նե­րով՝ ի խնդիր հա­յապահ­պա­նու­մի եւ մեր կեան­քե­րուն բա­րելա­ւու­մին հա­մար։ Այս իմաս­տով իւ­րա­քան­չիւր սփիւռքա­հայ գա­ղութ ու­նի իր կա­րեւոր պար­տա­կանու­թիւնը՝ վե­րանո­րոգե­լու ու վե­րանա­յելու իր առա­քելու­թիւնը եւ ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րուն ու կա­ռոյցնե­րուն տա­լու նոր սլացք։ Բայց նաեւ կայ անհրա­ժեշ­տութիւ­նը մեր հա­մահայ­կա­կան կեան­քե­րը հա­մադ­րե­լու եւ բո­լորը զի­րար շաղ­կա­պելու՝ մէկ կող­մէ սփիւռքեան իրա­կանու­թիւննե­րու, բայց նոյնքան նաեւ՝ Հա­յաս­տան, Ար­ցախ եւ սփիւռք եռա­միաս­նութեան ընդմէ­ջէն։ Հոս պէտք է նա­յիլ-վե­րանա­յիլ մեր իւ­րա­քան­չիւր միաւոր-հաս­տա­տու­թեան եւ անոր ար­ժէ­քին, ինքնու­թեան, տե­ղին եւ դե­րին մէկ կող­մէ նոյն գա­ղու­թի կեան­քին հա­մար, բայց նաեւ՝ հա­մահայ­կա­կան իրա­կանու­թեան մէջ։ Ներ­կայ օրե­րու մեր կեան­քե­րը շատ աւե­լիով իրա­րու հետ կամրջո­ւած են, ուր պա­տեհու­թիւններ եւ կա­րելիու­թիւններ-կա­րողա­կանու­թիւններ կա­րելի է նոյնպէս ներ­մուծել աշ­խարհագ­րա­կան մէկ սահ­մա­նէ միւ­սը։

Եւ կիպ­րա­կան դի­տան­կիւնէն, կան ներ­կայ օրե­րու հար­ցումնե­րը։ Եւ այս՝ մէկ­նե­լով մէկ կող­մէ կիպ­րա­հայ իրա­կանու­թե­նէն, բայց նոյնքան նաեւ՝ հա­մահայ­կա­կան վի­ճակէն։

Ար­դեօք Կիպ­րո­սի Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւնը տա­կաւին իր տե­ղը-դիր­քը ու­նի՞ (եւ տա­կաւին կրնա՞յ ու­նե­նալ) մեր հա­մահայ­կա­կան ու հա­յապահ­պա­նու­մի նոր առա­քելու­թիւննե­րուն մէջ։ Երբ բո­լորս պար­տա­կանու­թիւնը ու­նինք վե­րատե­սու­թեան են­թարկե­լու մեր սփիւռքա­հայ կեան­քե­րը տար­բեր ոլորտնե­րու ընդմէ­ջէն կազ­մա­կեր­պե­լու ձե­ւերը։

Այս իմաս­տով, պի­տի կա­րենա՞նք գի­տական-առար­կա­յական ու քննա­կան մօ­տեցումնե­րով եւ ազ­գա­յին հա­մապար­փակ պրիս­մա­կէն մէկ­նե­լով՝ նա­յելու-վե­րանա­յելու…

Թէ ճի՞շդ էր կամ սխալ, որ Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւնը փա­կուե­ցաւ…

Եթէ ճիշդ էր, մին­չեւ օրս չտե­սանք տա­կաւին զայն փո­խարի­նող այլ նա­խաձեռ­նութիւն մը, որ պի­տի գար լեց­նե­լու մեր հայ­կա­կան կեան­քե­րու նոր պա­հանջնե­րը իրենց նոր տո­ւեալ­նե­րուն ընդմէ­ջէն։ Վեր­ջա­պէս, հա­յուն կեան­քը կը շա­րու­նա­կուի եւ ան չէ կե­ցած։ Եւ շա­րու­նա­կուող կեան­քը կա­րիքը ու­նի նոր տո­ւեալ­նե­րու՝ ապա­հովե­լու հա­մար ազ­գա­յին մեր կեան­քե­րուն շա­րու­նա­կակա­նու­թիւնը։ Եթէ պի­տի փա­կենք մէկ միաւոր, նոյնպէս պի­տի կա­րենանք նոր նա­խաձեռ­նութիւն մը մէջ­տեղ բե­րել-փո­խարի­նել, կամ՝ գտնել այլ մի­ջոց մը, որ պի­տի նպաս­տէ մեր կեան­քե­րու կազ­մա­ւորու­մին՝ նոր տո­ւեալ­նե­րու ընդմէ­ջէն։

Եթէ սխալ էր… Այս պի­տի նշա­նակէր, որ պար­տինք ըն­դունիլ մեր սխա­լը… Սխա­լը ըն­դունի­լը վե­հանձնու­թիւն է եւ ոչ եր­բեք՝ ամօթ։ Սխա­լը ըն­դունի­լը վե­հանձնու­թիւն է, քա­նի որ առի­թը կու տայ վե­րանա­յելու նոյ­նինքն սխա­լին, սրբագ­րե­լու զայն եւ նոր եռանդ ու լից­քա­ւորում տա­լու՝ մէկ­նե­լով մեր ազ­գա­յին կեան­քե­րուն պար­տադրած նոր իրա­վիճակ­նե­րէն։ Ի՚նչ խօսք, որ մեր ազ­գա­յին կեան­քին նոր իրա­վիճակ­նե­րը բազ­մա­զան են եւ բազ­մա­թիւ… Պի­տի կա­րենա՞նք այս վե­հանձնու­թիւնը ցու­ցա­բերել եւ ստեղ­ծել նոր կեան­քի գոր­ծընթաց մը, ուր Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան մի­ջոցով կիպ­րա­կան-կիպ­րա­հայ եւ հա­մահայ­կա­կան մեր կեան­քե­րուն կա­րելի ըլ­լայ տալ նոր դրո­ւածք՝ նոր առա­քելու­թեան մը ընդմէ­ջէն։

Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան առա­քելու­թիւնը կա­սեցո­ւած է, բայց շէն­քե­րը տա­կաւին կան­գուն են։ Այս շէն­քե­րը կը խօ­սին տա­կաւին։ Եւ Անդրէասը կը պա­տուի­րէ… «Այս դպրո­ցը կրկին պի­տի բա­նաք»։

Եւ «կրկին բա­նալու» մէջ կայ նոր տե­սիլ­քի իրա­գոր­ծումը։ Նոր տե­սիլ­քը՝ նոր իրա­վիճակ­նե­րու մէջ։ Եւ նոր իրա­վիճակ­նե­րը կեր­տե­լով է, որ հա­յուն պատ­մութիւ­նը պի­տի դնենք շա­րու­նա­կական գոր­ծընթա­ցի մէջ։

«Այս դպրո­ցը կրկին պի­տի բա­նաք»։

Անդրէասին պա­տուէ­րը։

Հա­յուն մար­տահրա­ւէրը։

Նի­կոսիա,

5 Սեպ­տեմբեր 2023

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ