Ինչպէս նախորդ թիւի մէջ ալ նշած էինք Հրանդ Տինքի անուան մրցանակները այս շաբաթ կայանալիք յատուկ միջոցառումով կը յանձնուի իր տէրերուն։
Հրանդ Տինք Հիմնարկի կազմակերպած այս յատուկ միջոցառումը հետզհետէ աւանդութիւն մը դարձած է եւ ամէն տարի Տինքի ծննդեան օրը, այսինքն 15 Սեպտեմբերին, թէ Թուրքիայէն եւ թէ աշխարհի զանազան անկիւններէն առաջարկուած յաւակնորդներէն մէկը կ՚արժանանայ այս մրցանակին։
Մրցանակատուուչութեան կարելի է հետեւիլ նաեւ առցանց դրութեամբ։