Նախաձեռնութիւնը կոչուած է «Յիշողութեան թանգարան»

Անոնք եր­կա­րատեւ աշ­խա­տու­թիւն մը տա­րին Թուրքիոյ պատ­մութեան ամեն­մութ շրջան­նե­րէն մէ­կուն՝ 12 Սեպ­տեմբե­րի զի­նուո­րական յե­ղափո­խու­թեան պատ­ճա­ռած ահ­ռե­լի ժա­ռան­գը մո­ռացու­թե­նէ փրկե­լու հա­մար։ Կա­տարե­ցին բազ­մա­թիւ զրոյցներ այդ դա­ժան օրե­րու ակա­նատես­նե­րուն հետ։ Պրպտե­ցին բազ­մա­հազար էջե­րու ծա­ւալով փաս­տա­թուղթեր։ Այդ բո­լորի հե­տեւան­քով գո­յացաւ առ­ցանց թան­գա­րան մը։ Իսկ 12 Սեպ­տեմբեր 2023-ին, այ­սինքն այդ ահ­ռե­լի դա­ւադ­րութեան 43-ամեակին հան­րութեան ներ­կա­յացան ցու­ցա­հան­դէ­սով մը, որ կը բո­վան­դա­կէր բազ­մա­թիւ տես­նա­նիւ­թեր, այդ զի­նուո­րական յե­ղափո­խու­թեան վայ­րա­գու­թեան իբ­րեւ ապա­ցոյց։

Խուռնե­րամ բազ­մութիւն մը փու­թա­ցած էր Թոփ­հա­նէ, եր­բեմնի ծխա­խոտի շտե­մարա­նէն ցու­ցասրա­հի վե­րածո­ւած վայ­րը, որ կը կո­չուի «Թիւ­թիւն Տե­փոսու»։ Այս վայ­րը շատ տե­ղին ընտրու­թիւն մըն էր, քա­նի որ ան­ցեալին ալ այս բնոյ­թի բազ­մա­թիւ մի­ջոցա­ռումնե­րու վայր ըլ­լա­լով դրոշ­մո­ւած էր շա­տերու յի­շողու­թեան։

Ցու­ցա­հան­դէ­սը պա­տուած էին հան­րա­ծանօթ զա­նազան ան­ձեր, որոնց կար­գին կ՚ար­ժէ յի­շել Շա­բաթօ­րեայ Մայ­րե­րը։ Անոնք այդ զի­նուո­րական հա­րուա­ծի զո­հը դար­ձած բազ­մա­թիւ մարդկանց հա­րազատ­նե­րը որ­պէս, չէին կրնար ան­մասն մնալ նման կազ­մա­կեր­պութեան։ Ար­դէն իսկ հան­րութեան ծա­նօթ այդ մար­դիկ ինքնա­բերա­բար ու­շադրու­թեան կի­զակէ­տին էին եւ շա­տեր կը փոր­ձէին անոնց հետ նկա­րուիլ։ 12 Սեպ­տեմբե­րի զի­նուո­րական յե­ղափո­խու­թիւնը թէեւ շա­տերու հա­մար մութ ան­ցեալ մըն է, բայց անոր ազ­դե­ցու­թիւնը շա­րու­նա­կուե­ցաւ սե­րունդնե­րու տե­ւողու­թեամբ։ Այ­սօր Թուրքիոյ մէջ գոր­ծադրո­ւած սահ­մա­նադ­րութիւ­նը այդ շրջա­նի ար­դիւնք է եւ մին­չեւ օրս կը շա­րու­նա­կէ տան­ջել երկրի ազա­տատենչ հա­սարա­կու­թիւնը։

Այս առ­թիւ պար­տինք նշել թէ միայն մէկ օր առաջ, 11 Սեպ­տեմբե­րին նշո­ւած էր 1973 թո­ւակա­նին Հա­րաւա­յին Ամե­րիկա­յի եր­կիրնե­րէն Չի­լիի մէջ երկրի ընտրեալ նա­խագահ Սալ­վա­տոր Ալեն­տեն տա­պալե­լու հա­մար գոր­ծադրո­ւած զի­նու­րա­կան հա­րուա­ծը։ Եր­կուքն ալ ծրագ­րո­ւած էին Միացեալ Նա­հանգնե­րու պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թեան Փեն­թա­կոնի փակ դռնե­րու ետին իբ­րեւ պայ­քար հա­մաշ­խարհա­յին ժո­ղովա­վարու­թեան դէմ։ Եր­կու յե­ղափո­խու­թեան դե­րակա­տար­նե­րը նոյն դպրո­ցի մէջ դաս­տիարա­կուած ըլ­լա­լով կը գոր­ծէին բո­լորո­վին նման եղա­նակ­նե­րով։ Հոն եւս թի­րախ առ­նո­ւած էր երկրի ազա­տատենչ շրջա­նակ­նե­րը եւ ամե­նակո­պիտ վայ­րա­գու­թեամբ ճզմուած։ Ինչպէս կ՚ար­տա­յայ­տէին ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կեր­պիչնե­րը, նիւ­թը ան­ցած ու ան­ցեալի մէջ մնա­ցած պատ­մութեան մը մա­սին չէր, այլ եր­կիրնե­րը յա­րատե­ւօրէն ճնշման տակ պա­հելու մի­տու­մով ծրագ­րո­ւած չա­րագոր­ծութիւն մը։

Այսքա­նը իսկ բա­ւարար է, թէ այդ չա­րիքի հե­ղինակ­նե­րը ընդմիշտ յի­շուին նող­կանքով ու ատե­լու­թեամբ։ Թուրքիայէն մին­չեւ Չի­լի եւ աշ­խարհի այլ եր­կիրնե­րու մէջ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ