Ուսման Տարեմուտը մեր վարժարաններէ ներս

2023-2024 ուսման տա­րեշրջա­նը մեկ­նարկած է ինչպէս բո­վան­դակ երկրի, նոյնպէս քա­ղաքիս հայ վար­ժա­րան­նե­րէն ներս։ Հնա­զան­դե­լով Հա­յաս­տա­նեան սո­վորու­թեան 1 Սեպ­տեմբե­րը դպրո­ցական տա­րեմուտ հա­մարող Հրանդ Տինք վար­ժա­րանը առա­ջինն էր, որ իր դռնե­րը կը բա­նար ու­սա­նող­նե­րու դի­մաց։

Կեդ­րո­նակա­նը 4 Սեպ­տեմբե­րին, իսկ միւս Վար­ժա­րան­ներն ալ 11 Սեպ­տեմբե­րին դի­մաւո­րեցին ուսման նոր տա­րեշրջա­նը։

Այս առ­թիւ Թուրքիոյ Հա­յոց Սա­հակ Բ. Պատ­րիար­քը, իբ­րեւ վա­նահայր ներ­կայ գտնո­ւեցաւ Ս. Խաչ Դպրե­վան­քի վե­րամու­տի հան­դէ­սին։

Ներկայ էին խնա­մակա­լու­թեան նո­րըն­տիր ատե­նապետ Ազատ Էօզ­կիւր Տէ­միր­ճիի գլխա­ւորու­թեամբ նոր վար­չութեան, իսկ նախ­կին շրջա­նի ատե­նապետ Փրօֆ. Տքթ. Թո­րոս Ալ­ճա­նի գլխա­ւորու­թեամբ ալ նա­խորդ շրջա­նի վար­չութեան ան­դամնե­րը։

Խորհրդան­շա­կան էր առա­ջին դա­սապա­հը՝ որ դա­սաւան­դեց վար­ժա­րանի նախ­կին շրջա­նաւարտնե­րէն հան­րա­ծանօթ հրա­տարա­կիչ եւ մտա­ւորա­կան Նա­զար Պիւ­յիւմ։

Ուսման այս տարեշրջանին մեր կարգ մը վարժարաններէ ներս նշանակուած են նոր տնօրէններ։ Թարգմանչաց Վարժարանի մէջ Տիրուհի Պերին, Սահակեանի մէջ Ալին Եիւճել, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ Հայկ Սէր­քան Քը­յըճը եւ Էսաեանի մէջ Արլին Եէշիլթեփէ եւ Տենչա Չընար ուսման նոր տարեշրջանին պաշտօնակոչուած տնօրէններ եղան։

Ուշագրաւ է, որ տնօրէններու փոփոխութիւնը մասամբ զուգադիպեցան դպրոցներու վարչակազմերուն փոփոխութեան հետ։ Յայտնի է, որ մեր վարչայինները իրենց տեսլականին համապատասխան ակնկալութիւններու հիման վրայ կատարած են պաշտօնէութեան նման փոփոխութիւն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ