Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան ամենաաշխուժ պատգամաւորներէն, Տիյարպեքիրի երեսփոխան Սեզկին Թանրըքուլուի դէմ ուղղուած մեղադրանքի հիման վրայ մեկնարկած է դատական հարցաքննութիւն։
Թանրըքուլու ծանօթ է մարդու իրաունքներու ոտնակոխման դէպքերու դէմ իր գերզգայուն վարքով։ Ան միշտ զօրակցութիւն ցուցաբերած է բոլոր այն մարդկանց, որոնք արդարութեան չեն արժանացած։ Այդ ծիրէն ներս Շաբաթօրեայ Մայրերու համարեա բոլոր նստացոյցերուն զօրակցած Թանրըքուլու ի վերջոյ կ՚արժանանայ իր այդ գերզգայնութեան գնահատման։ Արդարեւ ան կը մեղադրուի ամենաանընդունելի յանցագործութեամբ, որն է՝ ժողվուրդի խաւերու մէջ թշնամութիւն սերմանել։
Սեզկին Թանրըքուլուի դէս բողոք ներկայացնողները նաեւ կը պնդեն թէ ան անարգած է երկրի զինեալ ուժերը, յիշեցնելով որ այս վերջինները բազում անգամներ միջամտած են երկրի ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ ոտնակոխած մարդու իրաւունքները։
Այս մեղադրանքը զարմանալի չէ Թուրքիոյ քաղաքական դաշտի գերզգայնութիւններուն ծանօթ եղողներուն համար։
Այստեղ չեն հանդուրժեր իրողութիւնները բարձրաձայնելու։ Փաստացի իրողութիւն է Թանրըքուլուի խօսքերը, բայց անոնց արտայայտուիլը թշնամութիւն կը համարուի երկրի ընդհանուր շահերու նկատմամբ։ Այդ պահուն այլեւս նշանակութիւն չեն ունենար ճշմարտութիւնը եւ խնդիրը կը ներկայացուի, որպէս պետական կառոյցներու դէմ նախատինք։