Հաշուեյարդար 12 Սեպտեմբերի հետ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

12Սեպ­տեմբեր 1980 թո­ւակա­նը Թուրքիոյ մէջ խորհրդա­րանա­կան եւ ժո­ղովուրդա­վարա­կան վար­չա­կար­գի կոպ­տօ­րէն ընդհատ­ման կա­րեւոր նշա­նակու­թիւնը կը կրէ։

Թրքա­կան բա­նակի երկրին բազ­մա­կու­սակցա­կան եւ ընտրու­թիւննե­րով իշ­խա­նու­թեան եկած կա­ռավա­րու­թիւննե­րուն դէմ ոչ առա­ջին, եւ ոչ ալ վեր­ջին մի­ջամ­տութիւնն էր այս։ Առա­ւօտո­ւայ կա­նուխ ժա­մերուն պե­տական լրա­տուա­միջոց­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին զի­նեալ ու­ժե­րու հրա­մանա­տարա­կան հա­մակար­գով կա­տարած յե­ղափո­խու­թիւնը։

Աւե­լի քան երեք տա­րի տե­ւող, այդ բռնա­տիրա­կան վար­չա­կար­գի ըն­թացքին լու­ծարկո­ւեցան բո­լոր քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւննե­րը եւ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը։ Այդ շրջա­նին պատ­րաստո­ւած սահ­մա­նադ­րութիւ­նը, որոշ փո­փոխու­թիւններ կրե­լով հան­դերձ կը գոր­ծէ մին­չեւ օրս։

Այդ բա­ցառիկ շրջա­նը նիւթ առ­նող գրա­կանու­թեան վրայ կու գայ աւել­նա­լու նոր վէպ մը՝ «Մնաս Բա­րով Ազա­տու­թիւն»։ Վէ­պի հե­ղինակն է Քուրթու­լուշ Պաշ­թը­մար, որու Երե­ւանեան տպա­ւորու­թիւննե­րը ար­դէն իսկ լոյս տե­սան եւ կը շա­րու­նա­կուի «Ակօս»ի էջե­րուն վրայ։

Հե­ղինա­կը իր այս վէ­պին մէջ ըն­թերցող­նե­րու կը ներ­կա­յաց­նէ 12 Սեպ­տեմբե­րի զի­նու­րա­կան իշ­խա­նու­թեան յա­տուկ ճնշումնե­րը քրտե­րէն լե­զուի, մշա­կոյ­թի եւ առ­հա­սարակ ինքնու­թեան վրայ։ «Մնաս Բա­րով Ազա­տու­թիւն» վէ­պը թէեւ թրքե­րէնով գրուած էր, բայց անոր թարգմա­նու­թիւննե­րը շատ աւե­լի կա­նուխ հրա­տարա­կուե­ցան Հոլ­լանտա, Վի­յեթ­նամ, Իրան, Պրա­զիլ, Լե­հաս­տան, ԱՄՆ, Ղա­զախստան եւ արա­բական կարգ մը եր­կիրնե­րու մէջ։

Թարգմա­նու­թեան ըն­թացքի մէջ է նաեւ հա­յերէ­նը եւ այսպէս շու­տով Հա­յաս­տանն ալ կը միանայ Քուրթու­լուշ Պաշթրմա­րի վէ­պին հրա­տարա­կուած եր­կիրնե­րու ցան­կին։

Եւ ահա այս բո­լորէն ետք է, որ «ՏՕԶ։ հրա­տարակ­չա­տու­նը ստաձ­նած է գիր­քին թրքե­րէն հրա­պարակումը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ