ԹԱՄԱՐ ԿԻՒՐՃԵԱՆ
Վերջերս, հեռաձայնային կապով տեղեկացայ անակնկալ եւ ողբերգական մահուան բօթը իմ սիրելի փրոֆեսորիս, գործընկերոջս եւ մենտորիս՝ փրոֆ., ճարտարապետութեան դոկտոր՝ Հերման Շլիմէին, որ Պերլինի Թեքնիքական համալսարանի Ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան պատմութեանց վարիչն էր։ Շլիմէ ղեկավարն էր Այնթապի Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մասին գրած աւարտաճարիս։ Ան էր զիս այս նիւթը ուսումնասիրելու մղողը եւ հայկական ճարտարապետութեան մէջ ասպարէզս կերտելու խրախուսողը։ Շլիմէի գործերը կը կեդրոնանան արդի Իտալիոյ վաղ ժամանակաշրջանի ճարտարապետութեան պատմութեան, Չինաստան-Եւրոպա ճարտարապետական յարաբերութեան, ճարտարապետութեան իմացական պատմութեան, շինարարութեան պատմութեան, եւ 20-րդ ու 21-րդ դարու ճարտարապետութեան պատմութեան վրայ։ Անկէ իմ սորված բանաւոր պատմութիւնը, քննական տեղակայնութեան տեսութեան եւ կիրառութեան մեթոտաբանութիւնը եւ պատմական ու արդի ճարտարապետութեան հայեցակարգերը ուղղութիւն տուին ինծի Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ պատմութեան նայուածքիս եւ մօտեցումիս մէջ։ Հիմա, այս պահուս, երբ մահուան ողբերգութիւնը կեանքին կը կապէ, կ՚ուզեմ խօսիլ զիս խորապէս ներշնչող փրոֆ. Հերման Շլիմէին եւ իր տեսլականին մասին։
Կեանքի սովորական գործ-տուն հեւքին մէջ, որուն ֆրանսացիք «մեթրօ պուլօ տօտօ» կ՚ըսեն, շատերս կը ստիպուինք մեր բարոյագիտական չափանիշներուն չհամընկնող որոշումներ առնել՝ առանց նկատելու համակարգին մէջ կորսուած ըլլալնիս։ Կը պայքարինք մեր համոզումներուն չհամապատասխանող կեանքի մը մէջ եւ քիչ կը հանդիպինք իրենց սկզբունքներուն ներդաշնակութեամբ ապրող մարդոց, որոնք նաեւ կարողութիւն ունին այլոց ներշնչելու եւ յոյս տալու՝ առանց պարտադրելով իրենցինը։ Անոնք ապացոյց են, որ մարտահրաւէրներով լեցուն այս կեանքին մէջ կարելի է ապրիլ բարոյականութեամբ եւ ողջամտօրէն՝ հետեւելով ներքին բարութեան եւ լաւագոյնը տալով իրենց գործին։ Փրոֆ. Շլիմէն այն քիչերէն էր ակադեմիային մէջ։ Անոր մտաւորական կարողութիւնը միշտ զարմացուցած էր մարդոց։ Ան բոլորը յարգող ու բոլորին հետ համահաւասար վարուող գիտնական մըն էր։ Լաւ ունկնդիր էր եւ տիրապետած էր հարցերը համաթեքստի մէջ դնելու՝ աւելի լաւ քան պատմողը ինքնին։ Իր հարցումներով զրուցակիցին կարողականութիւնը կը յայտնաբերէր եւ մտքի նոր դռներ կը բանար։
Մահուան դիմաց կեանքը արդարութիւն չի ճանչնար։ Մահը բնութեան օրէնքները մեր երեսին կը զարնէ սառնասրտութեամբ։ Հերմանին մահուան գոյժը առնելով անջատում մը ապրեցայ շրջապատէս։ Շուարեցայ, թէ լուրը ինչպէ՛ս փոխանցեմ գործընկերներուս։ Մտածեցի կեանքի կանոնը մահուան իրականութենէն օտարացման եւ սուգի իմաստին մասին՝ երբ կեանքը կը պարտադրէ մեզ տխրելու ճի՛շդ ժամանակին։ Հերմանի մահով ժամանակը դարձաւ տխրութեան լճացած դատարկութիւն՝ մանաւանդ մարդոց առօրեայ հեւքին դիմաց։ Արդէն օրուան հեւքի փոթորիկին մեզ առջեւ հրելը մաս չի՞ կազմեր կեանք կոչուած այս ողբերգութեան։
Բնաւ պիտի չմոռնամ այդ օրը, երբ նախքան Այա Սոֆիա տաճարի գմբեթին՝ 10-րդ դարու երկրաշարժէն ետք նորոգութեան մասին դասապահուն սկսիլը, Հերման մօտեցաւ ինծի ու հարցուց, թէ ինչպէ՛ս կը հնչենք գմբէթը վերանոգող ճարտարապետ Տրդատին անունը։ Կարեւոր էր իրեն համար ձայն տալ պատմութեան անուններուն, կարելի եղած չափով։ Հապա թէ ոչ ինչո՞ւ ան չինական եւ իսլամական ճարտարապետութեան պիտի նայի դասական պատմողականութենէն եւ մետոթաբանութենէն անդին ու պիտի տանի ոչ-դասական ճարտարապետութեան եւ բանաւոր պատմութեան։ Իր ճարտարապետութեան պատմութեան դասախօսութիւններուն մէջ ան շինութիւնները կը բացատրէր նախատիպերով, հարցումներ ուղղելով եւ ուսանողներէն սպասելով պատասխանները։ Կարծեմ երկար սպասուած լռութենէ ետք իրեն հետ խօսելու յանդգնութիւնը ունեցայ շնորհիւ իր մղիչ ուժ տուող քաջալերանքինու պայծառ հայեացքին։
Տխուր է, որ կեանքէն հեռացաւ ճարտարապետութեան դպրոցին իր տեսլականին այնքան մօտեցած ակադեմիկոս մը, որ ուսանողներուն եւ աշխատակիցներուն առջեւ տարածքներ բանալով տարբերուեցաւ բոլորէն՝ անկախ անոնց ծագումէն եւ եկած միջավայրներէն։ Տարբերուեցաւ այս բոլորը ընելուն մէջ իր արտայայտած անկեղծութեամբ եւ մարդոց գաղափարներուն նկատմամբ իր ցուցաբերած արժէքով։ Մնաս բարով, Հերման։ Քու հանդիպածներէդ շատերուն տուած ես լոյսդ։ Քեզմէ ժառանգեցինք մեր բարոյական չափանիշներուն մէջ մեր լաւագոյնը տալու շնորհքը՝ գիտութեան, հետաքրքրութեան, լայնախոհութեան, տեսլականի, հաւասարութեան եւ մարդասիրական արժէքներ ունենալու լոյսին տակ։ Հողը թեթեւ գայ վրադ։
Թարգմանութիւն՝ Արազ Գոճայեան