Աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու Ս. Պատարագը կատարուեցաւ 10 Սեպտեմբեր 2023, Կիրակի առաւօտ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։
Նորին Ամենապատուութիւնը 8 Սեպտեմբեր 2023, Ուրբաթ, ժամը 08.40-ի թռիչքով, մեկնեցաւ Վան՝ Աղթամարի ուխտագնացութեան եւ Ս. Պատարագին նախագահելու համար։
Մեր Հոգեւոր Պետին կ’ընկերանային Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Յաջորդ օր նոյն ժամու թռիչքով Վան ժամանեցին Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։
Խումբին մաս կը կազմէին նաեւ սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ, ինչպէս նաեւ Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամներ։
Երկու ժամուան ուղեւորութենէ մը ետք, խումբը ժամը 11.10-ին հասաւ Վանի Ֆէրիտ Մէլէն օդակայանը, ուրկէ ուղղակի մեկնեցաւ Աղթամար Կղզի։
Պատրիարք Հայրը, ժամը 12.00-ին Նահանգապետարանի մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի Կուսակալ՝ Օզան Պալճըին։
Մտերիմ մթնոլորտի մէջ կայացած այս այցելութեան աւարտին Կուսակալը եւ Պատրիարքը յուշանուէրներ փոխանակեցին իրարու։
Իսկ Յովակիմ Հայր Սուրբը, նոյն ժամերուն, քահանայ հայրերու եւ դպիրներու հետ միասին, հասան Աղթամար Կղզի, ուր կատարեցին անհրաժեշտ քննութիւններն ու պատրաստութիւնները։ Փոխադրուեցան եկեղեցական գոյքերն ու զգեստները։ Քրտնաջան աշխատանքի աւարտին զարդարուեցաւ Ս. Սեղանը, ինչպէս նաեւ Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամներ փորձ կատարեցին, ի ներկայութեան տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներու։
Վերանորոգուած Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ օծման եւ յաջորդող անդրանիկ պատարագի շրջանին Վանի մէջ կը տիրէր բոլորովին տարբեր մթնոլորտ։ Քաղաքի գլխաւոր ներկայացուցիչը ժողովուրդի ձայներով ընտրուած քաղաքապետն էր, այլ ոչ թէ պետական նշանակեալ կուսակալը։
Եկեղեցւոյ վերաբացման ոգեւորութիւնը պատած էր բովանդակ քաղաքը։ Մեծ փողոցներու վրայ պարզուած էին բարի գալուստեան հայատառ պաստառներ։ Քաղաքի հասարակութիւնը նոյնպէս ոգեւորուած էր 95 տարի անց հայկական եկեղեցւոյ կոչնակի ձայնը լսելով։ Տեղական մամուլը նոյնիսկ հայերէն էջերով լոյս տեսաւ անդրանիկ պատարագի նախորդող քանի մը օրերու ընթացքին։ Այսօր կարելի չէ նման ոգեւորութեան մասին խօսիլ, քանի որ կառավարութեան վարած բեւեռացման քաղաքականութեան հետեւանքով քանի որ ընտրուած քաղաքապետները պաշտօնազրկուած են եւ անոնց տեղ նշանակուած է տեղապահներ։
Սակայն այս բոլորը արգելք չէին, որ քաղաքէս եւ արտասահմանէն ուխտաւորներու մեծ ու պզտիկ խումբեր մեծ ոգեւորութեամբ ճամբայ ելլեն դէպի Աղթամար՝ մասնակցելու համար Ս. Պատարագին։
Առաւօտեան ժամը 09.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը, հոգեւոր հայրերն ու սպասարկողներու խումբը եւս, Վանի Նահանգապետարանի տրամադրած նաւով ուղղուեցան դէպի Աղթամար Կղզի։
Առաւօտուն կատարուեցաւ Հայաստանէն ուխտաւորաբար ժամանած չափահաս երախայի մը մկրտութիւնը, որ կոչուեցաւ Երազիկ։
Ժամը 10.30-ին կազմուած թափորը Տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ Տաճար առաջնորդեց պատարագիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանը։
Իսկ Ս. Սեղանին կը սպասարկէին Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Բրշ. Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճեան, Բրկ. Հերման Կսրկ. Վէսքէ, Բրկ. Շահին Ճան Ուր. Դպ. Քալտըրըմ։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան Արմաշ Դպրաց Խումբին կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։
Ս. Պատարագին ներկայ եղան Վանի Կէվաշ Գաւառակի Գաւառապետ Պայրամ Եըլմազ, Կէվաշի քաղաքապետ Մուրատ Սէզէր, Վանի Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Տնօրէնի տեղակալ Ապտուրրահման Շահին եւ այլ պաշտօնական անձեր։
Յաւարտ Ս. Պատարագի քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, բնաբան ունենալով «Ինչո՞ւ կը փնտռէիք զիս. չէիք գիտեր թէ ես Հօրս տունը պէտք է ըլլամ» (Ղուկաս Բ.49)։ Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրեց Տիրոջ տան, անոր գեղեցկութեան եւ Տիրոջ տան մէջ ըլլալու կենսականութեան նիւթերը։
Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց պետական եւ տեղւոյն աւագանիին, որ բարի եղած են գործակցիլ Աթոռոյս, որպէսզի յաջողութեամբ ի կատար ածուի այլ եւս աւանդական դարձած սոյն ուխտագնացութիւնը։
Ուխտաւորներու հաւաքական խոստովանանքէ ետք, հաւատացեալներ Ս. Հաղորդութիւն ստացան։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Աղթամարայ երբեմնի Կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներու հոգւոցն։ Յիշատակուեցան Ս. Խաչ Հայրապետանիստ Տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի Թագաւորը, Տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը, Աղթամար գահակալող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ կաթողիկոսները եւ համայն միաբանները Աղթամարի Աթոռոյն, Վանի երբեմնի թեմի եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։
Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու թափորը առաջնորդուեցաւ բակ, ուր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու «Ամէն, ալէլուիա»ներով կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան, որու ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը, Հայոց հայրապետութիւնը, քրիստոնեայ թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները, երկիրն ու անդաստանները, տարւոյն պտղաբերութիւնը, վանքերն ու անապատները, քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց բնակիչները։
Ապա Նորին Ամենապատուութեան տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասան արարողութիւնները։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Հայրը, հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը Վանայ լճի ափին հաւաքուեցան սիրոյ սեղանի մը շուրջ։
Արարողութիւնը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ.
Այսպէսով իր աւարտին հասաւ ուխտագնացութիւնը եւ սկսաւ վերադարձի ճամբորդութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը նոյն իրիկուն վերադարձան Իսթանպուլ։