Շատ երկար ճամբայ Ղանտուրէն Սահա...

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ 21)

Ժամը վեցն է, նոր արթնցայ։ Պասս ժա­­մը վե­­ցու­­կէ­­­սին է։ Գի­­տեմ, որ չեմ ու­­շա­­­նար, քա­­նի՝ տու­­նէս մին­­չեւ Ղան­­տուրի գրա­­սենեակը ըն­­դա­­­մէնը հինգ վար­­կեան է։ Քսանն անց է ար­­դէն, եւ ես կե­­ցած եմ Մար Ճըր­­ճոս եկե­­ղեցիին ան­­կիւնը։ Դի­­մացս Ապու Ճոր­­ճին տասնչորս հո­­գինոց պասն է։ Ապու Ճոր­­ճը առ­­տո­­­ւընէ քրտնած է, ձեռ­­քը՝ ին­­չոր թուղթ, որ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ պա­­սի փլա­­նը։ Թաշ­­խա­­­լա. անուններ կան՝ սխալ են, մար­­դիկ կան՝ ու­­շա­­­ցեր են, մէ­­կը կայ՝ տե­­ղը նեղ է, կը բա­­նակ­­ցի կոր առ­­ջե­­­ւինին հետ, միւ­­սին ապ­­րանքը չի տե­­ղաւո­­րուիր կոր պա­­սին մէջ... Մէկ խօս­­քով, թաշ­­խա­­­լա, իրա­­րան­­ցում։ Եօթին քա­­ռորդ կայ. ըստ աւան­­դութեան, ու­­շա­­­ցած շար­­ժե­­­ցանք։ Բախ­­տէս, տեղս Ապու Ճոր­­ճին քովն է՝ առ­­ջե­­­ւը։ Միշտ, երբ որ ճամ­­բորդու­­թեանս օրն ու ժա­­մը յստակ էր, քա­­նի մը օր առաջ կը կտրէի այդ տե­­ղը՝ շո­­ֆերին քով։ Քա­­նի՝ իս­­կա­­­պէս այդ ճա­­նապար­­հին, ետե­­ւը ճզմո­­ւիլը ահ­­ռե­­­լի էր։ Եօթն է ար­­դէն ժա­­մը, արե­­ւը սկսաւ կա­­մաց կա­­մաց դուրս գալ ու մե­­զի ըն­­կե­­­րակ­­ցիլ։ Խռռո­­ցի երգչա­­խումբը սկսաւ. տար­­բեր ձայ­­ներ, տար­­բեր եղա­­նակ­­ներ։ Ապու Ճոր­­ճը ջղայ­­նութե­­նէն յան­­կարծ կ’ըսէ.

«Ձեռքդ նե­­տէ՛, հոն­­կէ քա­­սէդ մը տո՛ւր»։

«Ի՞նչ քա­­սէդ»։

«Ինչ ըլ­­լայ նէ՝ բան մը տո՛ւր»։

Յե­­տո հասկցայ, որ Ապու Ճոր­­ճը ըն­­դա­­­մէնը եր­­կու եր­­գի­­­չի քա­­սէդ­­ներ ու­­նի՝ ՃորՃ Ուաս­­սուֆ և Նա­­ճուա Գա­­րամ։ Ժա­­մերը ան­­ցան, ու կար­­ծես թէ ես ալ քնա­­ցայ, ու երա­­զիս մէջ մէկ բան է, որ կ’իշ­­խէ՝ Ղաս­­թա­­­լի նա­­խաճա­­շը։

Կար­­ծես թէ հա­­սանք. տար­­բե­­­րու­­թիւնը Հա­­լէպի օդին և այս տե­­ղի օդին ան­­նորմալ է. ամէն տեղ ջու­­րե­­­րը կը հո­­սին։ Ապու Ճոր­­ճը շա­­րեց պա­­սը։ Ի մի­­ջի այ­­լոց ին­­քը, ինչպէս մնա­­ցած բո­­լոր վա­­րորդնե­­րը, ու­­նի հա­­մաձայ­­նութիւն որե­­ւէ ճա­­շարա­­նի հետ։ Ըստ այս հա­­մաձայ­­նութեան, վա­­րոր­­դին կը տրո­­ւի նա­­խաճաշ կամ ճաշ եւ քլի­­նեք­­սի տուփ մը։ Այս վեր­­ջի­­­նը զիս միշտ զար­­մա­­­ցու­­ցած է։

«Ժո­­ղովուրդ, կէս ժա­­մէն աւե­­լի չու­­շա­­­նաք»։

Ու այդ ժո­­ղովուրդը կեան­­քին մէջ ճիշդ ժա­­մանա­­կին չե­­կաւ. ո՞վ կը դի­­մանայ Ղաս­­թա­­­լի նա­­խաճա­­շին։ Տասնչորդ հո­­գի ենք՝ տա­­րածո­­ւած տար­­բեր սե­­ղան­­նե­­­րու շուրջ։ Լո­­ւացո­­ւեցայ պաղ ջու­­րով։ Մա­­տու­­ցո­­­ղին դի­­մացն եմ հի­­մա ու պի­­տի ապսպրեմ։

«Պնակ մը հաւ­­կիթ, լեպ­­նէ, կա­­նաչե­­ղէն և ճըպ­­նէ մսա՛սա՛ա, ու հե­­տը մէկ հատ թէյ, հա­­ճիս»։

Տղան կար­­ծես ճիշդ գի­­տէ ի՛նչ պի­­տի ապսպրեմ. վա­­զելով կ’ու­­ղո­­­ւի դէ­­պի խո­­հանոց։ Նստած եմ սե­­ղանիս, ու հա­­յեացքս կա­­պոյտ, ու­­ռած շի­­շի մը վրայ է։ Պաք­­քի­­­նի շիշ մըն է, տա­­րօրի­­նակ ձե­­ւով ու­­ռած, մէ­­ջը՝ ջուր։ Ճիշդ գլխուս վրան է։ Կը պատ­­կե­­­րաց­­նեմ, որ եթէ գլխուս իյնա՝ ինչ պի­­տի ըլ­­լայ։ Յե­­տո հասկցայ, որ այս շի­­շերը ճան­­ճե­­­րը վախցնե­­լու հա­­մար են։ Կ’երե­­ւի՝ ասի­­կա ճըպ­­նէ մսա՛սա՛ի կող­­քին երկրորդ հրաշք բանն է Ղաս­­թա­­­լին մէջ։ Նա­­խաճաշս եկաւ։ Հրա­­շալի գոյ­­ներ ու հո­­տեր։ Ձեռքս ուղղա­­կի ար­­դէն դէ­­պի պա­­նիրը կ’ու­­ղո­­­ւի։ Առա­­ջին խա­­ծը կ’առ­­նեմ ու ցած ձայ­­նով կ’ըսեմ՝ «Մմմմմմմ»։ Աչքս Ապու Ճոր­­ճին վրան է, որով­­հե­­­տեւ իր ըսած կէս ժա­­մը կա­­խեալ է իր՝ նա­­խաճա­­շը վեր­­ջացնե­­լէն։ Շատ արագ կ’ու­­տէ կոր , յաու։ Ես ալ ստի­­պուած եմ իր արա­­գու­­թեան հետ թխմել։ Հի­­մա եթէ պա­­պային հետ ըլ­­լա­­­յինք կամ ըն­­կերնե­­րով, աւե­­լի կը վա­­յելէի այս ան­­մա­­­հական նա­­խաճա­­շը։

«Ժո­­ղովու՛րդ, ու­­շա­­­ցա՛նք, յալ­­լա՛, յալ­­լա՛», կ’ըսէ Ապու Ճոր­­ճը, մէկ ձեռ­­քով պա­­սին դու­­ռը բռնած, միւս ձեռ­­քով՝ քլի­­նեք­­սին տու­­փը։

Ես քո­­վը ար­­դէն նստած եմ։ Կը փոր­­ձեմ կոր երեք ան­­գամ լսած Նա­­ճուա Գա­­րամի քա­­սէդը փո­­խել։ Միւս ու միակ տար­­բե­­­րակը Ճորճ Ուաս­­սուֆն է։ Ապու Ճոր­­ճը ար­­դէն ջղայ­­նա­­­ցաւ, ձեռ­­քը քլաք­­սին վրան է։ Տասնչոր­­սէն եր­­կու հո­­գի բա­­ցակայ է։ Մէ­­կը կը լո­­ւացո­­ւի կոր, միւսն ալ՝ գի­­տէք ուր է։ Ան­­շուշտ այդքան նա­­խաճա­­շէն վերջ, պէտք է գիտ­­նաք ուր է։

«Պիիիիպ, Պիիիպ, յալ­­լա յալ­­լա», քա­­լեցինք։

ՃորՃ Ուաս­­սուֆը կ’եր­­գէ կոր։ Ապու Ճոր­­ճը կեդ­­րո­­­նացած է ճամ­­բուն վրայ։ Ըն­­դա­­­մէնը յի­­սուն վայրկեան, ու կը հաս­­նինք Քե­­սապ։ Ամէն մարդ աշ­­խոյժ է, քնա­­ցող չմնաց։ Ճամ­­բան շատ դժո­­ւար է. զա­­ռիվեր, զա­­ռիվար, դէ­­պի աջ, դէ­­պի ձախ։ Ու յան­­կարծ մէ­­կը կը պո­­ռայ. «Ապու Ճո՛րճ, կե­­ցի՛ր, պի­­տի փսխէ»։ Միտ­­քիս մէ­­ջէն կ’սեմ. «Ճի­­վերը կե­­րանք». Ապու Ճոր­­ճը բարձրա­­ձայն կ’ըսէր. «Քա­­քը կե­­րանք»։ Բայց մար­­դը չի կրնար չկե­­նալ։ Ի վեր­­ջոյ, դուրսը փսխե­­լը շատ աւե­­լի լաւ է, քան պա­­սին մէ­­ջը։ Կա­­րեւո­­րը՝ մար­­դը կե­­ցաւ, փսխո­­ղը իջաւ, փսխեց. ամէն մարդ կը փոր­­ձէ հա­­կառակ կող­­մը նա­­յիլ։ Այս թաշ­­խա­­­լային ժա­­մանա­­կը նո­­ւազա­­գոյ­­նը տաս վայրկեան է։ Ճամ­­բան կը շա­­րու­­նա­­­կուի, ու կը հաս­­նինք թրքա­­կան սահ­­ման։ Կը շա­­րու­­նա­­­կենք. աջ կող­­մը Բա­­րեգոր­­ծա­­­կանի բա­­նակա­­վայրն է, կը շա­­րու­­նա­­­կենք. Օթել եւ ճա­­շարան Ռա­­զու՛քը, ՔՋԱԿ-ը, մախ­­ֆա­­­րը, մզկի­­թը ու վեր­­ջա­­­պէս՝ Սա­­հան։ Կ’ու­­զէի ձե­­զի պատ­­մել Սա­­հայի մա­­սին, բայց այդ մէ­­կը` յա­­ջոր­­դին։

(Շա­րունակելի)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ