Լրագրողութեան իմ մեկնակէտը, 71 տարի առաջ 9 Սեպտեմբեր...

ՏՈՂԱՆ ԷՕԶԿԻՒՏԵՆ

Հայրս իբ­­րեւ եր­­կա­­­թու­­ղիի աշ­­խա­­­տող, կա­­րող չէր իմ ուսման ծախ­­սե­­­րը դի­­մագ­­րա­­­ւելու։ Ստի­­պուած էի աշ­­խա­­­տելու։ Ու­­ղիղ 71 տա­­րի առաջ, 9 Սեպ­­տեմբեր 1952 թո­­ւակա­­նին աշ­­խա­­­տան­­քի լծո­­ւեցայ Թուրքիոյ մէջ «օֆ­­սեթ» դրու­­թեամբ տպագ­­րո­­­ւող առա­­ջին օրա­­թեր­­թի՝ «Եգէակա­­նի արեւ»ի (Ege Güneşi) անձնա­­կազ­­մին՝ իբ­­րեւ սթե­­նոկ­­րաֆ գրա­­շար։

1953-ի սկիզ­­բէն Զմիւռնիոյ իշ­­խող Տե­­մոք­­րաթ Կու­­սակցու­­թեան ընդդի­­մադիր «Սա­­պահ Փոս­­տա­­­սը» թեր­­թի մէջ մին­­չեւ 1962 գրա­­շարու­­թե­­­նէ թղթակ­­ցութեան, սիւ­­նա­­­կագիր կամ հրա­­տարա­­կու­­թեան տնօ­­րէնի նման զա­­նազան պար­­տա­­­կանու­­թիւններ ստանձնե­­ցի։ Նաեւ աշ­­խա­­­տակ­­ցե­­­ցայ Պոլ­­սոյ «Միլ­­լի­­­յէթ» եւ «Էօն­­ճիւ» թեր­­թե­­­րուն, իբ­­րեւ Եգէական շրջա­­նի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ։

Նոյն շրջա­­նին մամ­­լոյ աշ­­խա­­­տող­­նե­­­րու իրա­­ւունքնե­­րը պաշտպա­­նելու հա­­մար «Զմիւռնիոյ լրագ­­րողնե­­րու արհմիու­­թիւն» եւ «Թուրքիոյ լրագ­­րո­­­ղու­­թեան արհմիու­­թիւննե­­րու Ֆե­­տերա­­ցիա»ի, մամ­­լոյ ազա­­տու­­թիւնը պաշտպա­­նելու հա­­մար «Զմիւռնիոյ լրագ­­րողնե­­րու միու­­թեան», «Մամ­­լոյ պա­­տուոյ դի­­ւան»ի մէջ պաշ­­տօններ կա­­տարե­­ցի։ Իսկ քա­­ղաքա­­կան գետ­­նի վրայ պաշ­­տօ­­­նավա­­րեցի Թուրքիոյ Բա­­նուոր Կու­­սակցու­­թեան վար­­չութեան շար­­քե­­­րէն ներս։

1963 թո­­ւակա­­նէն սկսեալ, ըն­­դա­­­ռաջե­­լով կու­­սակցու­­թեան նա­­խագահ Մեհ­­մետ Ալի Այ­­պա­­­րի ցան­­կութեան, տե­­ղափո­­խուե­­ցայ Իս­­թանպուլ։ Այստեղ ստանձնե­­ցի Թուրքիոյ Բա­­նուոր Կու­­սակցու­­թեան գի­­տու­­թեան եւ ու­­սումնա­­սիրու­­թեան խոր­­հուրդի եւ կեր­­դո­­­նական խոր­­հուրդի մէջ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւն ստանձնել։ Աշ­­խա­­­տակ­­ցե­­­ցայ «Կե­­ճէ Փոս­­տա­­­սը» եւ «Աք­­շամ» թեր­­թե­­­րու խմբագ­­րա­­­պետի կո­­չու­­մով։

Ին­­ճի Թուղսա­­ւու­­լի հետ «Աք­­շամ» թեր­­թի շրջա­­նակ­­նե­­­րէն սկսող կեան­­քի ու պայ­­քա­­­րի միաս­­նութիւ­­նը յա­­րատեւ եղաւ մին­­չեւ օրս։ 1967-ին Եաշար Քե­­մալ եւ Ֆեթ­­հի Նալ­­ճըի մաս­­նակցու­­թեամբ հիմ­­նած, ապա յե­­ղափո­­խական երի­­տասարդ առաջ­­նորդնե­­րու մաս­­նակցու­­թեամբ կեան­­քի կո­­չած «Անդ» պար­­բե­­­րակա­­նը եւ «Անդ» հրա­­տարակ­­չութիւ­­նը շա­­րու­­նա­­­կեցինք մին­­չեւ 12 Մարտ 1971 թո­­ւակա­­նի զի­­նուո­­րական հա­­րուա­­ծը։

«Անդ» պար­­բե­­­րակա­­նը երբ ար­­գի­­­լուե­­ցաւ զի­­նուո­­րական իշ­­խա­­­նու­­թեան կող­­մէ, ին­­ծի եւ Ին­­ճիին դէմ յա­­րու­­ցո­­­ւեցաւ բա­­ւական ծանր բան­­տարկու­­թեան պա­­տիժ պա­­հան­­ջող դա­­տական գոր­­ծո­­­ղու­­թիւն մը։ Այդ պայ­­մաննե­­րու տակ 1971-ին ստի­­պուած եղանք ապօ­­րէն մի­­ջոց­­նե­­­րով երկրէն հե­­ռանա­­լու։

Մեր աւե­­լի քան 50 տա­­րինե­­րու հաս­­նող տա­­րագ­­րութեան շրջա­­նին «Տե­­մոք­­րա­­­թական դի­­մադ­­րութեան շար­­ժում», «Ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան հա­­մար միու­­թիւն», «Ին­­ֆօ Թիւրք» եւ «Արե­­ւի աշ­­խա­­­տանոց» անուն կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու հիմ­­նա­­­դիր­­ներ դար­­ձանք։

1974-էն այս կողմ հա­­մաշ­­խարհա­­յին հա­­սարա­­կու­­թիւնը Թուրքիոյ եւ գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու մա­­սին իրա­­զեկե­­լու հա­­մար զա­­նազան լե­­զու­­նե­­­րով տե­­ղեկա­­գիր­­ներ եւ գիր­­քեր հրա­­տարա­­կած «Ին­­ֆօ Թուրք» լրա­­տու գոր­­ծա­­­կալու­­թիւնը կը վա­­րենք։

HYPERLINK “https://www.info-turk.be/homepage.htm” \t “_blank” https://www.info-turk.be/homepage.htm

Ներ­­կա­­­յիս մեր ժա­­մանա­­կի մեծ մա­­սը կը վատ­­նենք յիս­­նա­­­մեակը բո­­լորած մեր տա­­րագ­­րութեան պար­­բե­­­րական եւ այլ հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րու ար­­խի­­­ւային դա­­սաւո­­րու­­մին։

Այս եւ տա­­րիքի բեր­­մամբ յայտնուած այլ դժո­­ւարու­­թիւննե­­րով հան­­դերձ մեր ըն­­թերցող­­նե­­­րուն եւ բա­­րեկամ­­նե­­­րուն կը խոս­­տա­­­նաք ան­­խա­­­փան շա­­րու­­նա­­­կել մեր պայ­­քա­­­րը։

Բա­­զում տա­­րինե­­րու, միաս­­նա­­­բար...

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ