ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Շաբաթ մը առաջ «Զարմանալի» ածականի պատմութեամբ վերսկսեր էի բառերու ստուգաբանական պատմուածքներուս։ Նոյն յօդուածիս մէջ ձեզ, յարգելի ընթերցող, վստահեցուցեր էի, թէ այս շաբաթ կը յայտնուիմ մէկ այլ բառով։ Սակայն, մէկը ուրախ միւսը անսպասելի եւ վշտագին երկու պատահար պատճառ եղան, որ այսօր թերթի մէջ ներկայանամ բոլորովին այլ նիւթերով։
Անցեալ շաբաթ, հօրս յոգնատանջ մարմինը երկար (հասկցէք՝ յաւիտենական) հանգիստի համար արտօնութիւն ուզեց։ Արտագինով պարզ, սակայն խորքին մէջ ճոխ եւ սփոփիչ ձեւով յուղարկաւորեցինք Կեսարիոյ Կիկի հայաբնակ գիւղի զաւակ Ուստա Զատիկը, որ գործի հրապարակի մէջ յայտնի էր Սատըգ (հաւատարիմ) Ուստա անուանումով։ Ընտանիքին եւ յատկապէս մօրս համար մեծ մխիթարութիւն էր, թէ եռօրեայ խաղաղ քունի մէջ եւ բազմաթիւ բարեկամ, համագիւղացի, գործակից, դրացի եւ այլ այցելուներու ներկայութեան տակ եղաւ իր հրաժեշտը։ Կիկի գիւղի մէջ մշակ, Պոլսոյ մէջ ինքնաշարժի ներկարար, իսկ Լոս Անճելըս քաղաքի մէջ փայտագործ Զատիկը, (որուն ձիթապտուղի կուտերէ շինած վարդարաններէն մէկը այսօր Յունաստանի Սպարտա քաղաքի Ձիթապտուղի եւ Ձիւթաիւղի Թանգարանի մէջ կը ցուցադրուի), դպրոց չէր յաճախած, բայց ունեցեր էր մեծ ուսուցիչ մը՝ հողը։ Թրքախօս եւ անգրաճանաչ այս մարդը, նաեւ իր սերունդը, ինչպէ՞ս մնացեր էին հայ, հայապահպան եւ հայաոգի։ Չկայ տրամաբանական բացատրութիւն, երբ գիւղը զուրկ է եղած դպրոցէ եւ եկեղեցիէ՝ կիկիցի բոլոր աղջիկները, ներառեալ այժմ այրիացած մայրս, եօթը տարեկանէն սկսեալ գորգ հիւսած են, գիւղի բոլոր տղամարդիկը հողը մշակած են, կնունքները եւ պսակները եղած են տարին մէկ անգամ՝ երբ շրջիկ քահանայի ճամբան անցեր է խուլ Կիկիէ։ Հայրս, 1980-ական թուականներուն Պոլսոյ Գարակէօզեան գիշերօթիկ դպրոցը յաճախող եղբօրս եւ ինծի կ’ըսէր (թարգմանաբար) «Մենք հայութիւնը չգիտցանք, դուք սորուեցէք»։ Շնորհակալութիւն իր խրատին համար։
Այդ ծիւրական շաբաթը, սակայն յիշատակելի էր ուրախ երեւոյթով մը։ Իմ ղեկավարած Հայկական Ճեմարանի մէջ կար վերամուտի խանդավառ մթնոլորտ։ Ուստի, փոխանակ սգալու, (հայրս պիտի չարտօնէր, որ սուգի մէջ մնանք եւ ծուլանանք մեր գործերու մէջ), եւ օրինակ առնելով հայրենիքի Առաջին Զանգ հանդիսութիւնները, մեր դպրոցէն ներս ընդունեցինք եւ հաստատեցինք այդ աւանդութիւնը։ Փորքիկ, սակայն իմաստալից այդ միջոցառումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի դպրոցներու մէջ հնչած առաջին զանգի հետ 12 ժամ տարբերութեամբ։ Դպրոցիս կրտսեր աշակերտը եռանդով հնչեցուց այդ պղինձէ ձեռնազանգակը, ծափահարութիւնները երջանկութիւն եւ ծիծաղ բերին բոլորիս, միաբերան երգեցինք Մեր Հայրենիքը, ապա ձեռքերը միացնելով աղօթեցինք Հայր Մերը, ու բոլորս մաղթեցինք, որ բարի դպրոցական տարի մը ունենայ Հայկական Ճեմարանը, ինչպէս նաեւ սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր դպրոցները։
Այժմ Հայաստանի աշակերտական ճանաչողական ճանապարհորդութեան շարժանկարի ընտանեկան ցուցադրութեան կը պատրաստուինք։ Բարեխղճութեամբ մտածեցինք, թէ պտոյտի նիւթական զոհողութիւնը ընդունած ընտանիքներուն իրաւունքն է ճաշակով զարդարուած սեղաններու շուրջ նստիլ ու մեծ պաստառի վրայ դիտել իրենց զաւակներու հայրենիք ճանչնալը, կամ՝ «մարդ դառնալը»։ (Այդ ճամբորդութիւնը թերթիս մէջ նկարագրեր էի եռամաս յօդուածաշարով մը)։ Իսկ աւելի հաճելին՝ օր մը առաջ Հայաստանէն աւետեցին, թէ մեր աշակերտներու հանգանակած գումարով երեւանեան աւագ դպրոցի (լիսէ) մը պարտէզին մէջ կառուցուող պուլպուլակի շինարարական աշխատանքը կը մօտենայ իր աւարտին։ Այդ պուլպուլակը 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ զոհուած վեց աշակերտի նուիրուած Յուշաղբիւր է։ Այդ տղաները կամաւորապէս եւ աներկբայ գացեր են ճակատ։ Չեն վերադարձած։ Գիտենք, թէ ամէն անգամ երբ աշակերտ մը կամ անցորդ մը այդ աղբիւրէն ջուր խմէ, պիտի զովանայ այդ վեց հերոսներու հոգիները։
Բարի վերամուտ բոլոր հայ աշակերտներուն։ Խաղաղ մնացէք մինջեւ յաջորդ հանդիպում։