Շրջաբերականի ճանապարհը

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ 21)

Ամառ է, երկրորդ զբoսանք, ըն­­կերնե­­րով մե­­զի տրա­­մադ­­րո­­­ւած քսան վայրկեանը կը վա­­յելենք։ Յան­­կարծ ըն­­կեր մը կը յայտնուի դի­­մացս, լուրջ դէմ­­քով, ձեռ­­քը ինչ-որ դա­­սագիրք մը։ Ծանր ձայ­­նով կ’ըսէ. «Ըն­­կեր, կու գա՞ս մէկ հատ»։ Կը զգամ, որ լուրջ բան մը կայ, բայց նոյն ժպի­­տով ու թռվռա­­լով կը մօ­­տենամ: «Բա­­րեւ, ինչպէ՞ս ես»։ Շատ լուրջ ձայ­­նով կ’ըսէ. «Լաւ եմ», ու զգոյշ շար­­ժումով կի­­սատ կը բա­­նայ գիր­­քը՝ ցոյց տա­­լով մէ­­ջը տե­­ղաւո­­րուած թուղթը։ Փսփսա­­լու նման ձայ­­նով կ’ըսէ՝ «Ժա­­մը երե­­քին սրահ կ’ըլ­­լաս։ Վար­­չութիւ­­նը ժո­­ղովի հրա­­ւիրած է»։ Իրար կ’անցնիմ ու ինքնա­­բերա­­բար ետեւ-ետե­­ւի կը հարցնեմ. «Ե՞ս, այ­­սօ՞ր, ին­­չու՞»։ Ըն­­կե­­­րը կտրուկ կը պա­­տաս­­խա­­­նէ՝ «Կ’եր­­թաս, կը տես­­նես»։ Ու նոյն ժա­­մանակ շատ արագ գիր­­քը ին­­ծի կը մօ­­տեց­­նէ, որ թուղթը կար­­դամ ու ստո­­րագ­­րեմ։ Շատ արագ կը փոր­­ձեմ ինչ-որ բա­­ներ հասկնալ։ Աչքս կ’անցնեմ անուննե­­րու վրայ, որ ծանoթ մէ­­կը փնտռեմ, բայց ըն­­կե­­­րոջ շար­­ժումնե­­րը զիս կը խան­­գա­­­րեն։ Արագ մը կը ստո­­րագ­­րեմ անու­­նիս քով ու կը բարձրա­­նամ դա­­սարան։ Դեռ եր­­կու պահ կայ։

Եր­­կուքին քսան մնա­­ցած զան­­գը կը հնչէ։ Ոչ միու­­թե­­­նական շուրջի ըն­­կերնե­­րուս կը փոր­­ձեմ ձե­­ւով մը հասկցնել, որ կա­­րեւոր ժո­­ղով ու­­նիմ ժա­­մը երե­­քին, բայց նոյն ժա­­մանակ չ’ըլ­­լար բան մը ըսել. գաղտնի է։ Ըն­­դա­­­մէնը պէտք է ձե­­ւաց­­նեմ, որ շատ զբա­­ղած եմ եւ շատ լուրջ գործ ու­­նիմ քիչ վերջ։ Եր­­կուքին քսան կայ, զան­­գը հա­­զիւ հնչած, հա­­ւաքո­­ւած, պա­­յու­­սակս ու­­սիս, Ճե­­մարա­­նի դռան դի­­մացն եմ։ Ամէն կող­­մէն աշա­­կեր­­տութիւ­­նը փո­­ղոց­­նե­­­րը թա­­փած է։

Վստահ՝ անօ­­թի պի­­տի չեր­­թամ ժո­­ղովին։ Այս վայրկեանին Ժա­­նոյին քով շատ խճո­­ղում է, անհնար է արագ սան­­տո­­­ւիչ մը ապսպրել։ Ապու Յա­­րու­­թին տար­­բե­­­րակը աւե­­լի խել­­քի պար­­կե­­­լիք է։ Ինքնա­­բերա­­բար կը քա­­լեմ դէ­­պի աջ կողմ. Յա­­կոբին՝ Արե­­նայի խա­­նու­­թին կող­­քով, յե­­տոյ Զար­­մի­­­կը՝ Սե­­մի գրա­­տու­­նը։ Քա­­լած ատենս կը մտա­­ծեմ բա­­րեւել ու ըսել, որ շատ կա­­րեւոր ժո­­ղով ու­­նիմ, բայց այս ար­­ձա­­­կուե­­լու պա­­հուն ամէն մարդ իս­­կա­­­պէս շատ զբա­­ղած է։ Ապու Յա­­րու­­թին քով կը մտնամ ու նոյն այդ աճա­­պառե­­լու ու զբա­­ղածի հո­­գեբա­­նու­­թեամբ կ’ըսեմ. «Ապու Յա­­րութ, hաճիս, մէկ հատ իտա­­լական ու մէկ հատ պա­­նիր լո­­լիկով»։ Ու որ­­պէսզի ցոյց տամ իմ աճա­­պարանoք ըլ­­լալս, մէկ ան­­գա­­­մէն քո­­վը կ’անցնիմ՝ սառ­­նա­­­րանին ետեւ, դու­­ռը կը բա­­նամ ու ես ին­­ծի RC քո­­լայի շիշ մը կ’առ­­նեմ։ «ՕՖ» մը կը քա­­շեմ, որ­­պէսզի Ապու Յա­­րու­­թը ին­­ծի հարցնէ՝ «Ի՞նչ կայ»։ Վստահ՝ պի­­տի չը­­սեմ, որ ժո­­ղով ու­­նիմ, բայց մէկ է՝ Ապու Յա­­րու­­թը պի­­տի չհարցնէ։

«Տես­­նես ի՞նչ ժո­­ղով է։ Ով­­քե՞ր կան։ Մի քա­­նի ամ­­սո­­­ւայ ՍԵ­­Մական եմ, ար­­դեօք»...

...«Սա­­ղօ, պատ­­րաստ են»: Ձեռքս կ’եր­­կա­­­րեմ իտա­­լակա­­նի սան­­տո­­­ւիչին, քա­­նի մը վայրկեան յե­­տոյ՝ լո­­լիկով պա­­նիրի սան­­տո­­­ւիչը, երե­­սուն սու­­րիակա­­նը կը վճա­­րեմ ու կշտա­­ցած դուրս կու գամ Ապու Յա­­րու­­թին խա­­նու­­թէն։ «Օգ­­նութեան խաչ»ի փո­­ղոցը կ’ընտրեմ՝ քա­­լելով շա­­րու­­նա­­­կելու ճամ­­բան։ Աշա­­կեր­­տութեան հոս­­քը ան­­նորմալ է։ Ամէն կող­­մէ աշա­­կերտ կը վխտայ։ Մտքիս մէջ դեռ ժո­­ղովի հար­­ցումներն են։ Ու նոյն ժա­­մանակ ընտրու­­թիուննե­­րու մէջ եմ։ Դա­­լարին քո­­վէն էք­­լեր կա­­թօ պոն­­ճուսի՞ հետ, ոչ թէ Սե­­ւանին քո­­վէն պո­­շոքo*։ Գրպա­­նիս դրա­­մը պո­­շոքո­­յի կողմնա­­կից է, ու կար­­ծես այդպէս պի­­տի ըլ­­լայ։ Դա­­լարին քո­­վէն կ’անցնիմ ես զիս հա­­մոզե­­լով, որ ոչ թէ գրպա­­նիս կամ­­քին պատ­­ճա­­­ռով պի­­տի չու­­տեմ կա­­թո, այլ որով­­հետ. ժո­­ղով ու­­նիմ ու զբա­­ղած եմ, չեմ հասցներ։ Կ’անցնեմ դէ­­պի «Զո­­ւարթնոց»ի կող­­մը, խումբով տար­­բեր-տար­­բեր տղաք կե­­ցած են ու զբա­­ղած են «որ­­սով»։ Դժո­­ւարիս կու գայ այս պատ­­կե­­­րը, բայց հի­­մա զբա­­ղած եմ, ժո­­ղով ու­­նիմ՝ կա­­րեւոր ժո­­ղով։ «Զո­­ւարթնոց»ի թա­­ղը կ’անցնիմ, կը հաս­­նիմ «Սե­­ւան« խա­­նու­­թին մօտ, շատ արագ կ’ըսեմ` «Մէկ հատ պո­­շոք», հինգ սու­­րիակա­­նը կը վճա­­րեմ ու կը շա­­րու­­նա­­­կեմ ճամ­­բաս։ Դի­­մացս «Չի­­քըն քոր­­նըր» խա­­նութն է՝ ան­­կիւնի վրայ, քո­­վը՝ «Ալա­­մինիոմ Այ­­վա­­­զեան», քիչ մը առ­­ջեւ՝ քաղցրա­­ւենիք ծա­­խող կառք մը, ու ար­­դէն Սու­­լէյմա­­նիէի մայր պո­­ղոտան եմ։ Ժա­­մը երե­­քին քսան կայ, հան­­գիստ շունչ մը կը քա­­շեմ, որ ամէն ինչ նոր­­մալ է, ու քա­­նի մը վայրկեանէն կը հաս­­նիմ «Արամ Մա­­նու­­կեան» կեդ­­րոն, ուր տե­­ղի պի­­տի ու­­նե­­­նայ իմ առա­­ջին ստո­­րագ­­րած շրջա­­բերա­­կանով առա­­ջին ժո­­ղովը։ Յե­­տոյ կեան­­քիս մէջ ան­­թիւ պի­­տի ըլ­­լան այդ շրջա­­բերա­­կան­­նե­­­րը։ Ան­­գամ ես ինքս պի­­տի շրջա­­բերա­­կան­­ներ կազ­­մեմ ու մար­­դիկ գաղտնի-գաղտնի ժո­­ղով­­նե­­­րու հրա­­ւիրեմ։ Այդ ժա­­մանակ հրա­­շալի էր այդ գաղտնիու­­թեան ու ժո­­ղով ընե­­լու զգա­­ցու­­մը։ Մեծ բան մը ընե­­լու հո­­գեբա­­նու­­թիւնը։ Այ­­սօր, երբ այդ բո­­լորը կը յի­­շեմ, երա­­նի կու տամ այդ ման­­կա­­­կան ու պար­­զա­­­միտ հո­­գիի զգա­­ցու­­մին։

* պո­­շոքոն զուտ հա­­լէպա­­կան ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւն է՝ շո­­քոլա-պաղ­­պա­­­ղակ եր­­կու կլոր պիս­­քո­­­ւիթ­­նե­­­րու մէջ տե­­ղաւո­­րուած ու բո­­լորը շո­­քոլա­­յի մէջ թաթ­­խո­­­ւած։ Ընդհան­­րա­­­պէս փաթ­­թո­­­ւած կ’ըլ­­լայ ոս­­կե­­­գոյն կամ ար­­ծա­­­թագոյն ալի­­մինիում թուղթով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ