ՏՈՔԹ. ՆԱԶԼԸ ԴԱՓՆԻ ՍԵՀԵՐԵԸԼՏԸԶԸ
Աստղ մը եւս սահեցաւ երկնակամարէն։ Կեսարիոյ Կիկի գիւղի մէջ Սարգիս եւ Հայկուհի ամոլին Աստուծոյ ընծայած երրորդ պարգեւն էր Զատիկը։
Զատիկ վարպետը յուղարկաւորեցինք մեծ թախիծով։ Սկուհի, Գայրենի, Կիւլպէյազ, Աննա, Մարգար եւ Կազերի հետ եօթը քոյր եղբայրներէն մէկն էր Զատիկ վարպետը։
Իր ծննդավայրին ոչ դպրոց կար եւ ոչ ալ եկեղեցի։ Հողն էր զինք կրթողը, յղկողը։ Կիկիի հարազատ հողը։ Իր ծննդավայրէն պոկուելով Իսթանպուլ գաղթելու ստիպուեցաւ։ Այստեղ ընտելացաւ ինքնաշարժի ներկարարութեան արուեստին։ Ֆերիւգիւղի Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ ամուսնացաւ Զմրուխտի հետ եւ բախտաւորուեցաւ երկու որդիներով՝ Նորայր ու Ժանով։
Անոր կեանքը ձօնուած էր Աստուծոյ պարգեւը համարած ընտանիքին ապա ասպարէզին ու բնութեան։
1980-ական մութ օրերուն աւելի ապահով ու անվտանգ կեանքի մը յոյսով գաղթեց ԱՄՆ։ Մէկ կեանքի տեւողութեան երկու պանդխտութիւն։ Նախ Կիկիէն դէպի Պոլիս եւ ապա Միացեալ Նահանգներ։ Այդ գաղթերը ինչպէս բոլոր պանդխտներուն Զատիկ վարպետի համար ալ բաւական սուղ արժած էր։ Այդ օտար ափերու վրայ դատապարտուեցաւ անխօսութեան։ Դիւրին չէր օտար երկրին լեզուին տիրապետել։ Իրեն կենդանութիւն պարգեւողը աշխատանքի մարմաջն էր։ Դիւրաւ յարմարած էր նոր արուեստի մը։ Այս անգամ կը յղկէր փայտը։ Փայտի բոլոր տեսակները մինչեւ ձիթապտուղի կորիզը իրեն համար մշակման նախանիւթեր էին։ Այդ կուտերէն գեղեցիկ համրիչներ կը սարքէր։ Երբ լսեցի այդ համրիչներէն մէկուն Յունաստան ձիթենիի թանգարանին մէջ ցուցադրուիլը անգամ մը եւս տարուեցաւ անոր համեստութեան։ Այդ համրիչներուն կարելի է հանդիպիլ Զատիկին ընկերացած, բարեկամացած մարդկանց մօտ։
Չեմ գիտեր թէ առանց գրաճանաչ ըլլալու ջուրի նման անապակ, զուլալ ըլլալը ինչպէ՞ս իմացաք Զատիկ վարպետ։ Աշխատութիւնը երկրպագութեան վերածելը ո՞վ սորվեցուց։ Միթէ Աստուած միշտ կողքի՞դ էր։
Զատիկ վարպետը 15 Օգոստոս 2023-ին աւանդեց իր հոգին, իր ետին թողելով բացակայութեան պատճառած մեծ անդունդ մը։ Մեզի մնաց օրինակելի կեանքի մը յիշատակը։