Ըստ նախորդ տարի Յունիս ամսուն պետական պաշտօնաթերթի մէջ հրատարակուած Համայնքային Հաստատութիւններու Ընտրութեան Կանոնագրին, կ՚ակնկալուի թէ հիւանդանոց ունեցող փոքրամասնութիւնները մինչեւ 2023-ի տարեվերջը կատարեն հոգաբարձութեան ընտրութիւնը։ Ի դէմ այս որոշումին ցարդ հրատարակուած չէ ընտրութեան կանոնագիրը։
Յունիս ամսուն, երբ ձեւաւորուած էր կանոնագրի նախագիծը, պահանջուած էր, որ համայնքները շտապ քննութիւնով մը արձագանգեն նախագծի մասին հաւանական վերապահութիւններով։ Այդպէս ալ եղաւ եւ փոքրամասնութեան համայնքները շուտով փոխադարձեցին։ Վերջնական ձեւ ստացած կանոնագիրը ցարդ չէ հրատարակուած պաշտօնաթերթի մէջ։ Յուլիսէն այս կողմ փակ դռներու ետին բազում անպաշտօն տեղեկութիւններ կը շրջանցեն։
Ինչպէս ծանօթ է, խնդրոյ առարկայ հիւանդանոցները հայոց Սուրբ Փրկիչը, հայ կաթողիկէներու Սուրբ Յակոբը, յունաց Պալըքլըի եւ հրէից Պալաթի Օր Ահայիմ հիւանդանոցներն են։
Վերջին երեք ամիսներուն լսումներ կան, որոնց համաձայն ընտրութիւնները կրնան յետաձգուիլ 2024 թուականին։ Նոյնիսկ ոմանք այդ վարկածը կը հիմնաւորեն իրենց Անգարայի մէջ ունեցած շփումներուն։ Վերջին երկու շաբաթներու ընթցքին դարձեալ փակ դռներու ետին նոր լսումներ ալ կան։ Խնդրին մօտէն ծանօթ շրջանակներ, որոնց մէջ նաեւ կարգ մը հասատատութիւններու վարիչներ, կը նշեն թէ կանոնագիրը շուտով պիտի հրապարակուի։ Անոնք կը պնդեն թէ իշխանութիւնները այժմ լուծել կը ջանան կանոնագրի այն թելադրանքը, ըստ որու կը պահանջուէր վարչակազմէն ներս ունենալ բժիշկ, տնտեսագէտ եւ իրաւաբան։ Կանոնագիրը կը նախատեսէր եօթը անդամներով կազմ մը եւ անոնց կէսէն աւելի ալ պահեստի անդամներ։ Այս պահեստի անդամներու կարգին դարձեալ կը պահանջուէր վերեւ նշուած մասնագէտներու ներկայութիւնը։ Ըստ երեւոյթի նման պարտադրանքը որոշ դժուարութիւն կը յարուցէ ընտրութեան մասնակցող խումբերու համար։ Ներկայ պայմաններու մէջ, թէ հայ եւ թէ յոյն համայնքներէ ներս պատրաստութիւնները թափ ստացած են։
Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան համար մէկէ աւելի թեկնածուներու ցանկեր կը պատրաստուին։ Հոգաբարձութեան ներկայ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու նախապէս յայտնած էր, որ այլեւս յոգնած կը զգայ եւ չուզէր թեկնածու դառնալ։ «Բայց եթէ տեսնեմ թէ ինծի համար անընդունելի ցանկեր կը յայտնուին, պատրաստ ես մինչեւ վերջ պայքարելու» ըսած էր։ Այս պահուն յայտնի չէ թէ Պետրոս Շիրինօղլու ինչ դիրք պիտի բռնէ։ Որոշ կարծիքներու համաձայն ան կրնայ զօրակցիլ խմբակներէն մէկուն՞ իսկ ուրիշներ ալ կը պնդեն թէ ինք եւս թեկնածու կրնայ ըլլալ։ Ծանօթ է որ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան նախորդ ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան որոշ ժամանակէ ի վեր այս նիւթին շուրջ աշխատանքներ կը տանի։
Նոյնպէս հետաքրքրութեան արժանի է Գարակէօլեան որբանոցի խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմեզկիլի դիրքորոշումը։ Բացի այդ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի գործող հոգաբարձուներէն ոմանց ալ ցանկով մը ներկայանալու հաւանականութիւն կայ։ Այսպէս կարելի է նկատել թէ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի վարչութեան համար առնուազն երեք ցանկեր պատրաստութիւն կը տանին։
Նման պայքար մըն ալ կը տիրէ Պալըքլըի Յունաց Հիւանդանոցի վարչութեան համար։ Մէկ բան յստակ է թէ բոլորն ալ կը սպասեն ընտրութեան կանոնագրի հրապարակումին։
«Ակօս»ի ոսպնեակէն