Ուրուական մարմիններ հողին կը վերամիանան

ԼԵՌՆԱ ՊԱՊԻԿԵԱՆ

Մայի­սեան օր մը, երբ ակա­­դեմա­­կան եր­­կար ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնս եւ աւար­­տա­­­ճառի գրու­­թիւնս աւար­­տած ըլ­­լա­­­լուս յա­­ջոր­­դող դա­­տար­­կութիւ­­նը կը վա­­յելէի, հե­­տաքրքրու­­թիւն ու­­նե­­­ցայ հա­­մացան­­ցի վրայ փնտռե­­լու ու­­սումնա­­սիրու­­թեանս առնչո­­ւած կարգ մը բա­­նալի բա­­ռերը, ինչպէս՝ հա­­յերէն, պար, այ­­բուբեն, մարմնա­­ցուած ուսմունք՝ յու­­սա­­­լով գտնել նոյն հե­­տաքրքրու­­թիւնը ու­­նե­­­ցող ակա­­դեմա­­կան­­ներ։

Ար­­դիւնքնե­­րուն մէջ Նի­­լիւ­­ֆեր Կրոս անու­­նը ան­­մի­­­ջապէս ու­­շադրու­­թիւնս գրա­­ւեց։ Նախ կար­­դա­­­ցի մարմնա­­ցուած ու­­սումնա­­սիրու­­թեան ընդմէ­­ջէն պատ­­մութիւ­­նը վերստին գրե­­լու մա­­սին անոր յօ­­դուա­­ծը (Carrying the Nest: Rewriting History through Embodied Research) եւ ապա Փա­­րիզէն ուղղա­­կի սփռու­­մով դի­­տեցի իր «Հա­­գուստը թա­­ղել» (Enterrer La Robe - Burying the Dress) վեր­­նա­­­գիրով ներ­­կա­­­յացու­­մը, որ պատ­­րաստած էր Փա­­րիզի պե­­տական արո­­ւես­­տա­­­նոցի մէջ իր դոկ­­տո­­­րակա­­նի աւար­­տա­­­ճառին հա­­մար։ Կրնաք ներ­­կա­­­յացու­­մը գտնել հա­­մացան­­ցի վրայ։

Շա­­տոնց դադ­­րած եմ Թուրքիոյ ան­­կախ պա­­րարո­­ւես­­տի ոլոր­­տին տա­­փակ ու մունջ մի­­ջավայ­­րին գոր­­ծե­­­րուն հե­­տեւիլ։ Մի­­ջավայ­­րը խոր­­քին մէջ 2010 թո­­ւակա­­նէն ի վեր սկսած է աս­­տի­­­ճանա­­բար ան­­յայտա­­նալ։ Եւ այս հա­­զուա­­դէպօ­­րէն ցու­­ցադրո­­ւող գոր­­ծե­­­րը յա­­ճախ հե­­ռու են քա­­ղաքա­­կանու­­թե­­­նէն, պա­­րարո­­ւես­­տի մէջ նո­­րու­­թիւններ բե­­րելէն եւ կամ կը ցու­­ցադրո­­ւին սուղ ծա­­խուած տոմ­­սա­­­կով, բազ­­մա­­­թիւ հո­­վանա­­ւոր­­ներ ու­­նե­­­ցող արուես­­տի փա­­ռատօն­­նե­­­րու մէջ՝ Արեւ­­մուտքին հա­­մար դա­­սական ոճի ներ­­կա­­­յացումնե­­րով։ Մինչ ազ­­նո­­­ւական արո­­ւես­­տը, որոշ ժա­­մանա­­կի մը հա­­մար եւ որոշ վի­­ճակ­­նե­­­րու մէջ, յա­­ճախ ճամ­­բայ կը բա­­նայ ոլոր­­տին մէջ հիմ­­նա­­­կան ազ­­դե­­­ցու­­թիւն ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րու հա­­ւանու­­թիւնը ստա­­ցած արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րուն առ­­ջեւ, ժա­­մանա­­կակից պա­­րարո­­ւես­­տը Թուրքիոյ հան­­րութեան հա­­սանե­­լի չի դառ­­նար, քա­­նի որ չու­­նի մատ­­չե­­­լի, կա­­յուն, բազ­­մա­­­զան եւ նե­­րառա­­կան քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն։ Այս խնդի­­րը ար­­դիւնքն է միատե­­սակ, խտրա­­կան եւ ժխտո­­ղական գոր­­ծադրու­­թեան, որ իշ­­խող դա­­սակար­­գի կող­­մէն կը կի­­րառո­­ւի ՝ ար­­տադրե­­լով ըն­­դունո­­ւած-տի­­րական վի­­ճակին իր մե­­նախօ­­սու­­թիւնը՝ տար­­բեր խա­­ւերու մէջ։

Վա­­ղուց բնա­­կանա­­ցուած այս մի­­ջավայ­­րին մէջ, որ ինքնաքննա­­դատե­­լու կա­­րողու­­թիւն չու­­նի, «Թա­­ղելով հա­­գուստը» դե­­տելս քիչ մը շունչ տո­­ւաւ ին­­ծի։ Գոր­­ծը կը պատ­­մէ առա­­ւելա­­բար քա­­ղաքի արե­­ւելեան կող­­մը ապ­­րող տար­­բեր ինքնու­­թեան եւ տա­­րիքի կի­­ներու 1915 թո­­ւակա­­նէն մին­­չեւ օրս են­­թարկուած բռնու­­թեան պատ­­մութիւննե­­րը՝ բազ­­մա­­­շերտ կեր­­պով, միաժա­­մանակ երե­­ւան հա­­նելով բռնու­­թեան այս շղթա­­յին նմա­­նու­­թիւննե­­րը։ Ներ­­կա­­­յաց­­ման ու­­ղեկցող թրքե­­րէն հա­­տուա­­ծը, որ ֆրան­­սե­­­րէն վեր­­նագրումնե­­րով կը ներ­­կա­­­յացո­­ւի, գրած են Նի­­լիւ­­ֆեր Կրոսն ու Նեճ­­պիր Էր­­քո­­­լը։

Ներ­­կա­­­յացու­­մին՝ տա­­րած­­քին ան­­կիւնը ցու­­ցադրո­­ւած ըլ­­լա­­­լը՝ քան հարթ պա­­տի մը վրայ կամ բե­­մին դի­­մաց, եւ արո­­ւես­­տա­­­գէտին այս ան­­կիւնէն կա­­տարո­­ղու­­թիւնը հան­­դի­­­սատե­­սը ան­­խուսա­­փելիօրէն կը հրա­­ւիրէ պա­­տու­­մին ան­­մի­­­ջակա­­նու­­թեան վրայ կեդ­­րո­­­նանա­­լու, կար­­ծես, թէ դի­­տողը կը հրա­­ւիրէ պատ­­մութեան նեղ­­ցող անցքե­­րուն մէջ, որոնք մու­­թի մէջ մնա­­ցած են։

Բե­­մին վրայ լուռ կին կը գտնո­­ւի՝ անա­­րատ կեր­­պա­­­րան­­քով. անոր ետե­­ւը՝ հո­­ղի կոյտ մը… Մինչ կի­­նը տար­­բեր առիթ­­նե­­­րով եւ ան­­կա­­­նոն ժա­­մանա­­կամի­­ջոց­­նե­­­րով կը զու­­գորդո­­ւի կոյ­­տին հետ, կը մտա­­ծեմ, որ ար­­դեօք ան ինքնիր գե­­րեզ­­մա՞նը կը փո­­րէ, կամ մա՞րդ կը փնտռէ, կամ կը բա­­նայ դա­­գաղը աք­­սո­­­րեալի, ար­­կա­­­ծեալի կամ գիւ­­ղին մէջ յար­­ձա­­­կու­­մի են­­թարկո­­ւած կնոջ մը։ Կրոս այս պատ­­մութիւննե­­րը սկսած է հա­­ւաքել Մար­­տի­­­նի պե­­տական հա­­մալ­­սա­­­րանի ու­­սա­­­նողու­­թեան ժա­­մանակ. մինչ Կրոս պատ­­մութիւննե­­րը կը հե­­տազօ­­տէ, կի­­ները ու­­րո­­­ւական­­ներ դառ­­նա­­­լով կ՚երե­­ւին անոր կեան­­քին մէջ՝ ան­­կախ ժա­­մանա­­կէն եւ վայ­­րէն, նոյ­­նիսկ, երբ ան իր բնա­­կած եր­­կի­­­րը կը փո­­խէ։ Այս սաստկու­­թեան մէջ գոր­­ծը սու­­գի, առ­­ճա­­­կատ­­ման եւ, վեր­­ջա­­­պէս, ապա­­քին­­ման արա­­րողու­­թիւն մը կը դառ­­նայ կի­­ներուն, որոնց գո­­յու­­թեան եւ ան­­հե­­­տաց­­ման մա­­սին ոչ ոք լուր ու­­նի… Դէմ­­քին քսած, մար­­մի­­­նը ծած­­կած հո­­ղը մաք­­րա­­­գոր­­ծութեան հա­­մա՞ր է, կամ՝ կնոջ հո­­գիին ու մար­­մի­­­նին վրայ սե­­րունդէ սե­­րունդ փո­­խան­­ցո­­­ւած վայ­­րա­­­գու­­թիւննե­­րուն հետ­­քեր են։ Վստահ չեմ ո՛ր մէ­­կը յստա­­կօրէն ար­­տա­­­ցոլա­­ցած էր, բայց դի­­տելը ասոնք լաւ զգա­­ցում յա­­ռաջա­­ցուց. կ՚ու­­զեմ ստէպ դար­­ձեալ այ­­ցե­­­լել այս իմաստնե­­րու ցան­­ցը։ Պատ­­մութեան մէջ նշո­­ւած իւ­­րա­­­քան­­չիւր կին խոր­­քին մէջ ծա­­նօթ էր՝ երբ պատ­­մութիւննե­­րը իրենք զի­­րենք կը բա­­ցայայտեն խօս­­քի եւ ձայ­­նի մի­­ջոցով, եր­­բեմն մար­­մի­­­նի ան­­ձայն շար­­ժումնե­­րով, ատանկ մէկ, որ կար­­ծես, թէ թե­­ւեր կ՚ու­­նե­­­նան՝ հա­­կառակ իրենց ծան­­րութեան. հանգստու­­թիւն է։

Դի­­տելով գոր­­ծը, կը թա­­փառիմ իմ մարմնա­­յին շար­­ժումա­­յին յի­­շողու­­թեանս մէջ… Կը յի­­շեմ Մա­­լաթիայէն բե­­րուած հո­­ղը, Հրանդ Տին­­քին ծննդա­­վայ­­րէն, վեր­­ջի­­­նիս յու­­ղարկա­­ւորու­­թեան ատեն։ Հո­­ղը մեր տունն է, մեր ինչքե­­րը, մեր ապա­­հովու­­թեան գօ­­տին, վայ­­րը, ուր նե­­տած ենք մեր ար­­մատնե­­րը, սնո­­ւած ու խնա­­մած ենք… Այ­­նո­­­ւամե­­նայ­­նիւ, ինչպէս այս գոր­­ծին մէջ կը տես­­նենք, ու­­նի նաեւ այլ օգ­­տա­­­գոր­­ծութիւններ։ Այսնպէս ինչպէս մեծ հայրս, երբ 1915 թո­­ւակա­­նին Թո­­քաթի Էր­­պաայի մէջ 5 տա­­րեկան էր, երէց­­նե­­­րու կող­­մէն աղ­­ջիկ ծպտո­­ւած էր, դէմ­­քը գրե­­թէ ամ­­բողջո­­վին հո­­ղով ծե­­փուած էր, ազա­­տելու հա­­մար զինք աք­­սո­­­րէ:

Նիւ­­լի­­­ֆերը բե­­մին վրայ թա­­փան­­ցիկ մար­­միններ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ՝ առանց այն բո­­լոր պատ­­մութիւննե­­րուն տակ ճզմուելու. ան հա­­յեր, քիւրտ, ասո­­րի, եզի­­տի, թուրք եւ հրեայ կի­­ներու տա­­րագ­­րութեան պատ­­մութիւննե­­րը կը միջ­­նորդէ, որ­­պէսզի անոնք տես­­նո­­­ւած ու լսո­­ւած ըլ­­լան՝ խոր իմա­­ցու­­թեամբ։ Առա­­ջին ան­­գամ անոր իս­­կա­­­կան ձայ­­նը կը լսենք, երբ կ՚եր­­գէ Վիր­­ժի­­­նիա Քե­­րով­­բեանին մեծ մօր՝ Ար­­շա­­­լոյ­­սին՝ տա­­րագ­­րութեան ըն­­թացքին յօ­­րինած ող­­բերգը։

Դժո­­ւար է նոյ­­նիսկ ներ­­կա­­­յաց­­ման աւար­­տին ծա­­փահա­­րելը։ Զգա­­ցումներս խառն են թէ՛ ան­­կեղծ, լաւ պատ­­րաստուած ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւ­­նը դի­­տելու հա­­ճոյ­­քով եւ թէ ցա­­ւերով լե­­ցուն պատ­­մութիւննե­­րուն ցնցու­­մին հա­­կասա­­կան ազ­­դե­­­ցու­­թիւնով։ Մինչ սիրտս կը ցնծայ՝ «բա­­ցառիկ, բա­­ցառիկ ներ­­կա­­­յացում…» գո­­ռալով, կը մաղ­­թեմ, որ իւ­­րա­­­քան­­չիւր ըն­­տա­­­նիքի ցա­­ւը գտնէ իր ձայ­­նը, բա­­ռերը, ար­­տա­­­յայ­­տութեան կեր­­պը՝ առանց վա­­ւերա­­ցու­­մի եւ հասկցո­­ւած ըլ­­լա­­­լու ջան­­քի. եւ կը յի­­շեմ Ճէյմզ Պոլ­­տո­­­ւինի խօս­­քը՝ «ամէն բան, որ դի­­մակա­­յուած է, չի կրնար փո­­խուիլ. բայց որե­­ւէ բան չի փո­­խուիր եթէ չի դի­­մագ­­րա­­­ւենք»։

Թարգմա­­նեց՝ Արազ Գոճայեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ