Երեւանեան տպաւորութիւններ

ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ

bastimar.kurtulus@gmail.com

Հայաստա­նի ճամ­բորդու­թիւնս կը սկսի Իս­թանպու­լէն թռիչք առ­նող ինքնա­թիռով։ Ահա­գին ան­գամներ ճամ­բորդած եմ զա­նազան ուղղու­թիւննե­րով։ Ան­գիր կա­նոն մըն է, կամ հայ­րե­նիքէն կ՚ուղղուիս դէ­պի պանդխտու­թիւն կամ ալ ճիշդ հա­կառա­կը։ Առա­ջին ան­գամն է, որ կ՚ապ­րիմ նման փոր­ձա­ռու­թիւն, երբ տու­նէս մեկ­նե­լով կ՚եր­թամ դէ­պի ման­կութեան բնա­կարանս։ Ման­կա­կան յի­շողու­թիւննե­րու մէջ հօ­րենա­կան տան յի­շատա­կը ան­քակտե­լի կեր­պով դրոշ­մո­ւած է սպի­տակ ձե­ռագոր­ծով մը ծած­կո­ւած ռա­տիօ ըն­կա­լու­չին հետ։ Այդ ըն­կա­լու­չի մի­ջոցաւ հայ­րե­նիքի ձայ­նը տենկպեժ­նե­րու շունչով կը հաս­նէր մեր սե­նեակը։ Կա­խար­դա­կան էր այդ ձայ­նը, քա­նի որ լսե­լու պա­հուն կար­ծես ժա­մանա­կը կանգ կ՚առ­նէր։ Բա­ցար­ձակ լռու­թիւն մը կը տի­րէր սե­նեակին մէջ։ Արա­րատի լան­ջե­րէն կու գար այդ ձայ­նը եւ իր հետ կը բե­րէր լքո­ւած գիւ­ղե­րու, քա­ղաք­նե­րու կսկի­ծը։ Երբ կը լսէինք «Ռա­տիօ Երե­ւանը կը խօ­սի» ազ­դա­րարու­թիւնը յան­կարծ կը դադ­րէին բո­լոր զրոյցնե­րը։ Կար­ծես այդ պա­հուն կա­րօտի զգա­ցումն ալ դադ­րած կ՚ըլ­լար։

Ահա այդ ձայ­նին հե­տեւե­լու հա­մար ալ կը ճամ­բորդէի։ Գէթ մէկ ան­գամ քրտե­րէն հա­ղոր­դումնե­րու սփռո­ւած շէն­քը տես­նե­լու մար­մա­ջը պա­տած էր ինձ։ Կար եւս պատ­ճառ մը։ Հրա­ւէր ստա­ցած էի Հա­յաս­տա­նի կա­րեւոր հրա­տարակ­չութիւննե­րէն «Աք­թո­ւալ Արթ»ի սե­փակա­նատէր Մկրտիչ Մա­թէոսեանէ՝ որ կը պա­տարստո­ւէր իմ հե­ղինա­կած «Մնաս բա­րով ազա­տու­թիւն» անուն գիր­քի հրա­տարա­կու­թեան։ Երբ ինքնա­թիռը վայ­րէջք կա­տարեց Զո­ւարթնոց օդա­կայան, ես ման­կա­կան հե­տաքրքրու­թեամբ կը քննէի չորսբո­լորս։ Ձայ­նին ըն­կա­լուած տե­ղեն եկած եւ հա­սած էի սփռո­ւած վայ­րը։ Քրտե­րէնը, երգն ու գրա­կանու­թիւնը, թէ Թուրքիոյ եւ թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ ծաղ­կած կար­միր վարդ մըն էր կար­ծես, որուն աճե­լուն հա­մար անհրա­ժեշտ էր ազա­տու­թեան աղ­բիւրէն ծո­րող ջու­րը։ Այդ ջու­րը թու­փին հա­սաւ Հա­յաս­տա­նի հո­ղին վրայ։ Իսկ Թուրքիոյ մէջ լե­զու­նե­րու դէմ խտրա­կանու­թիւնը եւ այլ պատ­նէշներ ար­գելք եղան ազաատու­թեան աղ­բիւրէն ծո­րող ջու­րին։

Օդա­կայա­նէն թաք­սիով մը կը ճամ­բորդեմ դէ­պի հիւ­րա­նոց։ Ճամ­բան զիս կը դի­մաւո­րէ որ­մազդ մը՝ «Կանգնե­ցուր Ար­ցա­խի մարդկա­յին ճգնա­ժամը»։ Իս­կոյն կը նկա­րեմ, վա­րոր­դը հա­տու­կենդ կը տի­րապե­տէ անգլե­րէնի։ Կը հարցնէ թէ ուրկէ եկած եմ։ «Թուրքիա» պա­տաս­խա­նելով կը նկա­տեմ իր դէմ­քին յայտնո­ւած գո­հու­նա­կու­թիւնը։ Իսկ երբ կը լսէ թէ կար­սէ­ցի եմ, յան­կարծա­կիօրէն կը բազ­մա­նայ մեր հա­սարա­կած եզ­րե­րը։ Կը խօ­սինք Անիի աւե­րակ­նե­րու մա­սին։ Արաքս գե­տը սահ­ման մէն է Անիի մէջ եւ կար­ծես եր­կու ափե­րու մի­ջեւ տի­րող կա­րօտը կը փսփսայ իր հոս­քով։

Հիացու­մով կը դի­տեմ Երե­ւանի շէն­քե­րը։ Իս­կոյն կը նկա­տեմ թէ Արա­րատ բա­ռը միայն սար մը չէ այդ երկրին մէջ։

Հիւ­րա­նոցի ճար­տա­րապե­տական ոճը եւ ներ­քին յար­դա­րան­քը Կար­սի հիւ­րա­նոց­նե­րու նման է։ Երբ նրբանցքի վրայ կը յա­ռաջա­նամ, զար­մանքս ալ աւե­լի է։ Սե­նեակ­նե­րը նշո­ւած են տե­ղանուննե­րով՝ Պիթ­լիս, Ար­տա­հան, Մուշ եւ այլն։ Կար­ծես կա­խար­դա­կան ձեռք մը դպչեր է եւ այն ամէն ինչ դա­սաւո­րեր է, այնպէս որ ես օտա­րու­թեան մէջ չզգամ։ Շու­տով իմա­ցայ նաեւ որ իմ իջե­ւանած հիւ­րա­նոցի տէ­րը Կիւմրիի մէջ եւս հիւ­րա­նոց մը ու­նի, որուն անունն է «Վիլ­լա Կարս»։

***

Արթնցած եմ Հա­յաս­տա­նի պայ­ծառ առա­ւօտեան մը։ Կը հան­դի­պիմ բա­նաս­տեղծ բա­րեկա­միս Վար­դան Սմբա­տեանի հետ։ Ան բո­լոր­ղո­վին նո­ւիրո­ւած է գե­ղարուես­տի ու գրա­կանու­թեան։ Իր հետ խօ­սելով ալ աւե­լի կը հա­մոզո­ւիմ թէ ան­կեղծու­թիւնը ընդմիշտ տի­րող յատ­կութիւն մըն է այս երկրին մէջ։ Վար­դա­նը անգլե­րէն չի­մանար։ Ոչ ալ ես ռու­սե­րէն։ Ամ­բորջ շա­բաթ մը իրա­րու հետ էինք եւ ես այդ պա­հուն հա­մոզո­ւեցայ թէ իրա­րու հո­գեբա­նու­թիւնը իմա­ցող մարդկա­նց հա­ղոր­դակցու­թեան հա­մար բա­ռերը անհրա­ժեշտ չեն։ Ես զար­մանքով կը դի­տեմ խմբագ­րա­տան մէջ կա­տարո­ւած ան­թե­րի պա­տարստու­թիւնը։ Իմ գիր­քը թարգմա­նելու կո­չուած Անի Սա­րու­հա­նեանի մաս­նակցու­թիւնով շրջա­պատո­ւած եղանք մշա­կու­թա­յին բնոյ­թով ժո­ղովի մը տրա­մադ­րութեան մէջ։

Հա­յաս­տա­նի հա­սարա­կու­թիւնը կը գնա­հատէ արո­ւես­տը եւ արո­ւես­տա­գէտը։ Եր­կար կը զրու­ցենք թէ իմ գիր­քի հա­յերէն եւ թէ Վար­դա­նի բա­նաս­տե­ղու­թիւննե­րու թրքե­րէն թար­գամնու­թիւննե­րու խնդրին շուրջ։

Ժո­ղովի աւար­տին Մկրտի­չը ընթրիք կազ­մա­կեր­պած է։ Աս­տո­ւած իմ այս սե­ղանը, մա­տու­ցո­ւած ճա­շատե­սակ­նե­րը, ան­գամ մը եւս իմ մէջ կը գո­յաց­նէ հա­րազա­տու­թեան տպա­ւորու­թիւնը։ Պահ մը կը խոր­հիմ թէ կեն­ցա­ղի առու­մով սահ­մաններ գո­յու­թիւն չու­նին Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ մի­ջեւ։

Եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր ան­ձայն անշշուկ սպա­սած էր բա­րեկա­մու­թիւնը, եւ մենք հի­մա այդ սպա­սու­մը կը յա­գեց­նէինք։ Յա­գեցում՝ որ ստա­մոք­սէ աւե­լի հո­գինե­րու քաղցա­ծու­թիւնը կը գո­հաց­նէ։

(Շա­րու­նա­կելի)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ